Jump to content

Կատակերգութիւն

12:37, 15 Փետրուար 2024ի տարբերակ, Maral Dikbikian (քննարկել | Ներդրումներ)ի կողմէ
(տարբ.) ←Նախորդ տարբերակ | Վերջին տարբերակ (տարբ.) | Յաջորդ տարբերակ→ (տարբ.)
Կատակերգութեան հին յունական մուսա Տալիան` կատակերկագան դիմակը ձեռքին

Կատակերգութիւնը որպէս գրական սեռ

Գրական սեռի երկերը տեսակներու կը բաժնուին՝ ըստ իրենց հիմնական նիւթին, բայց մանաւանդ արտայայտած տրամադրութիւններու «գոյնին»։ Այդ տեսակները երեք են.

  • Ողբերգութիւն
  • Կատակերգութիւն
  • Տրամա

20–րդ դարու նորութիւններէն, այս տեսակներուն վրայ, կրնանք աւելցուած նկատել շարժանկարի բեմագրութիւնը կամ սենարիօն։

Ա. Ողբերգութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատերգական այս տեսակը կը ցուցահանէ կեանքի պատկերներ՝ իրականութեան տխուր երեսներու խտացած ներկայացումով եւ անխուսափելի ողբերգական վերջաւորութեամբ (մինչ՝ այլ տեսակներ ողբերգական դրուագներ կը ներկայացնեն պարագայաբար միայն)։

Ողբերգութիւնը հին դարերու դիցաբանական ժամանակներէն ժառանգ հասած է հելլէն դասական գրականութեան։ Այդ դասական շրջանին (Ք.ա. 5–4–րդ դարեր) անիկա ստացած է իր առաջին գրական կայուն ձեւը։

Դիցաբանական խորքի վրայ, գլխաւոր գործող անձը՝ ողբերգական հերոսը, մարդկային արտասովոր տիպար էր առհասարակ։ Ան կ'ապրէր ճակատագրական բախում մը, կը գործէր ճակատագրական սխալը, որ իր կործանումը կը բերէր։ Հետեւելով անհատական իր ճակատագրին, հանդիսատեսին մէջ ան կը ստեղծէր "կարեկցութիւն մը, որ "գեղագիտական յուզումին ու բարոյական իտէալին միացած՝ կ՛ունենար զգալի դաստիարակիչ ազդեցութիւն։

Հակառակ իրենց այս մասնայատկութիւններուն, հնադարու հելլէն մեծ ողբերգակներու գործերը յաջողեցան ընել մարդկային–բարոյական ընդհանրական հարցադրումներ, որոնք իբր ժառանգութիւն փոխանցուեցան ու մնացին անփոփոխ յետագայ դարերուն եւ հազարամեակներուն, տեսակի հոլովոյթին ու ձեւաւորումներուն մէջ։

Ողբերգութիւնը երկրորդ ծնունդ մը ունեցաւ «Նոր» ժամանակներուն, եւրոպական Վերածնունդի մթնոլորտին մէջ։ 16–րդ դարուն՝ Անգլիան (Ու.Շէյքսփիր), իսկ աւելի ետք՝ Ֆրանսան (Փ. Քորնէյ, ժ. Ռասին),Գերմանիան (Շիլլէր, Կէօթէ), Ռուսիա (Պուշկին) եւ այլն, նոր ձեւեր տուին անոր։

Հայ նոր գրականութիւնը, որուն առաջին քայլերուն՝ ողբերգութիւնը իբր տեսակ մօտեցած էր սպառման փուլին, չէ արտադրած ուշագրաւ ողբերգական գործեր։

Բ. Կատակերգութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կատակերգութիւնը ամէնածաւալունն է երգիծական շեշտ կրող տեսակներէն։ Ինչպէս այլ սեռերու երգիծական տեսակներուն համար, անոր սկզբունքն է կեանքը դրսեւորել իր հեգնելի, ծաղրելի կողմերուն, թերիներուն տեսանկիւնէն։ Դասական կատակերգութեան ծագումը, ինչպէս ողբերգութեանը, կը տեղադրուի հելլէնական հնադարուն (Արիստոֆանէս), փայլուն վերածաղկումով մը լատին գրականութեան ծաղկման դարերուն (Հռոմ

Հնադարու դասական այս կատակերգութիւնները ունէին թեմաթիք լայն ընդգրկում, մարդկային տիպարներու, բայց մանաւանդ հանրային կեանքի թերիներու մատնանշումով, երբեմն հանճարեղ երգիծական շեշտով։