Jump to content

Հայկական Հարց

Հայկական հարցը, Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութենէն Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման, հայ ժողովուրդի ինքնորոշման եւ սեփական պետականութեան վերականգնման, հայ ժողովուրդի համախմբման եւ այդ նպատակներուն հասնելու համար հայ ժողովուրդին մղած ազգային-ազատագրական պայքարի անուանումը դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ։ Ասպարէզ եկած է իբրեւ Արեւելեան հարցի բաղկացուցիչ մաս 1877-78-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք:

Եզրոյթի ի յայտ գալը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պերլինի վեհաժողով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայկական վիլայէթները
Պերլինի վեհաժողովը

Հայկական հարցը Արեւելեան հարցին կʼառնչուի Օսմանեան կայսրութեան հետ Ռուսական կայսրութեան փոխ- յարաբերութիւններու միջոցով: Արեւելեան եւ Հայկական հարցերը ԺԹ. դարուն ընթացքին եւ Ի. դարու առաջին տասնամեակներուն կը գտնուէին միջազգային քաղաքականութեան կիզակէտին վրայ։ 1877-78-ի ռուս-թրքական պատերազմը ոտքի կը հանէ հայ ժողովուրդը, որ մեծ յոյսեր կապած էր ռուսական զէնքի յաղթանակին հետ, եւ որ տրամաբանականօրէն կը համընկնէր թրքական լուծէն հայ ժողովուրդի ազատագրութեան կենսական շահերուն: Պատերազմը աւարտեցաւ Ռուսիոյ յաղթանակով: 19 Փետրուար 1878-ին Սան-Սթեֆանօ բնակավայրին մէջ կը կնքուի հաշտութեան նախնական պայմանագիր, որուն 16-րդ յօդուածով Օսմանեան կայսրութիւնը կը պարտաւորուէր բարեփոխումներ կատարելու հայաբնակ վայրերուն մէջ։ 16-րդ յօդուածի առաւելութիւնը այն էր, որ Ռուսիա կը ներկայանար իբրեւ հայ ժողովուրդին պաշտօնական հովանաւոր, իսկ Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասին միացումը Ռուսիոյ հայերուն ազգային համախմբութեան, տնտեսական եւ մշակութային զարգացման հնարաւորութիւն կու տար: Սակայն պայմանագիրը կը կնքուի միջազգային լարուած պայմաններու մէջ, եւ Ռուսիոյ կը հակադրուի անգլօ-աւստրիական ուժեղ դաշինքը: Մեծն Բրիտանիա չէր ուզեր Ռուսերուն յառաջխաղացքը, մանաւանդ անոնց միջերկրական «տաք ջուրեր» հասնիլը: 4 Յունիս 1878-ին, գաղտնօրէն կը ստորագրուի Կիպրոսի դաշնագիրը Մեծն Բրիտանիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, եւ Կիպրոսը կը յանձնուի Մեծն Բրիտանիոյ: Փոխարէնը, Մեծ Բրիտանիան եւ Աւստրօ-Հունգարիան նախաձեռնեցին հրաւիրել միջազգային նոր համաժողով մը, որուն նպատակն էր խոչընդոտել Ռուսիոյ օգտուելու իր յաղթանակի պտուղներէն: Պերլինի Վեհաժողովը (1878) հրաւիրելու նախօրեակին Մկրտիչ Խրիմեանի (Խրիմեան Հայրիկ) գլխաւորութեամբ Եւրոպա ուղարկուեցաւ հայ ազգային պատուիրակութիւնը՝ եւրոպական պետութիւններու կառավարութիւններու աջակցութիւնը հայցելու վեհաժողովի ի օգուտ հայերու որոշումներ ընդունելուն:

Չստանալով իրական երաշխիքներ՝ հայ ազգային պատուիրակութիւնը, այնուամենայնիւ մեկնեցաւ Պերլին, սակայն անոր չթոյլատրուեցաւ նոյնիսկ մասնակցիլ վեհաժողովի նիստերուն: Պերլինի վեհաժողովին, Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրի վերանայման հետեւանքով, արեւմտա-եւրոպական դիւանագիտութեան յաջողուի Ռուսիան զրկել հայկական գործերը տնօրինելու մենաշնորհէն: Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի պայմանագիրերու համապատասխանաբար 16-րդ եւ 61-րդ յօդուածներով կը սկզբնաւորուի Հայկական հարցի դիւանագիտական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարա-քաղաքական կեանքին մէջ եւրոպական դիւանագիտութեան օգնութեամբ թրքական լուծը թօթափելու, հայերու անկախութիւնը եւ ինքնավարութիւնը ձեռք բերելու մտայնութիւնը եւ գործելակերպը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ անկէ ետք:

Կոտորածներու առաջին փուլը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սպաննուած հայերը Համիտեան կոտորածներու ընթացքին Էրզրում քաղաքին մէջ:

Հայկական հարցի ստեղծման եւ հայ ազատագրական պայքարի վերելքի շրջանին ԺԹ. դարու վերջին քառորդ) աւելի խստացան սուլթանական կառավարութեան ճնշումները եւ հալածանքները, սկսան հայերու զանգուածային ջարդեր (Համիտեան կոտորածներ), որոնց զոհ գնաց աւելի քան 300 հազար հայ: Եւրոպական տէրութիւնները, որոնց համար Հայկական հարցը սոսկ միջոց մըն էր միջամտելու Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործերուն, կը փորձեն ճնշում գործադրել անոր վրայ՝ նոր զիջումներ եւ շահոյթներ կորզելու համար: Սակայն հայկական ջարդերը մեծ արձագանգ կը գտնեն Եւրոպայի մէջ, եւրոպացի մարդասէր հասարակայնութիւնը կը պահանջէր բաւարարել հայերուն պահանջքները բարենորոգումներ կատարելով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ 11 Մայիս 1895-ին Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ՝ Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանները կը մշակեն եւ թրքական կառավարութեան կը ներկայացնեն հայկական նահանգներուն մէջ (Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Տիարպեքիրի, Սվազի, Խարբերդի վիլայէթները) բարենորոգումներ անցընելու ծրագիր մը: Սուլթանական կառավարութիւնը երկար ձգձգումներէն ետք կ'ընդունի մայիսեան բարենորոգումներու ծրագիրը, բայց այս անգամ եւս, օգտուելով մեծ տէրութիւններուն միջեւ եղած հակասութիւններէն, չիրագործեր զայն: Դեռ աւելին, կատաղի յարձակում կը սկսի հայերու դէմ՝ կազմակերպելով նոր զանգուածային ջարդեր Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերուն մէջ:

Երիտթուրքական յեղաշրջում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայ զոհերուն դիակները Ատանայի կոտորածի ժամանակ

1908-ին, երիտթրքական յեղաշրջումով Հայկական հարցը կը թեւակոխէ զարգացման նոր փուլ: Հայ հասարա-քաղաքական որոշ գործիչներ Հայկական հարցին լուծումը կը կապեն թուրք պետականութեան բարենորոգման հետ: Սակայն հայերուն վիճակը չի բարելաւուիր, իսկ Ապրիլ 1909-ին երիտթուրքերը կ'իրագործեն Ատանայի կոտորածը, որուն զոհ կ'երթայ աւելի քան 30 հազար հայ:

1912-14-ին, երբ պալքանեան ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարի հետեւանքով նոր հարուած մը հասցուեցաւ թուրք բռնատիրութեանը, Հայկական հարցը վերստին դարձաւ մեծ տէրութիւններու եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ բանակցութիւնների առարկայ: Արեւմտեան Հայաստանին մէջ բարենորոգումներ անցընելու հարցին շուրջ սկսաւ բարդ պայքար մը, որը շարունակուեցաւ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) սկիզբը:

Առաջին համաշխարհային պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ներկայիս թյուրքալեզու տարածքներու քարտեզ

Պատերազմի մէջ մտնելով Գերմանիոյ կողմը՝ Օսմանեան կայսրութեան կառավարող շրջանները յոյս ունէին իրականացնել Կովկասիէն Ռուսիան հեռացնելու, Մերձաւոր Արեւելքի, Կովկասի, Ռուսիոյ, Միջին Ասիոյ մուսուլմանները միաւորելով «մեծ Թուրան» ստեղծելու վաղեմի գաղափարը: Այդ նպատակին հասնելու ճանապարհին խոչընդոտ կը հանդիսանար ոչ միայն Ռուսիան, այլեւ հայ ժողովուրդը: Երիտթրքական կառավարութիւնը կը գտնուէր, որ ամէնէի առաջ պէտք է ոչնչացնել Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութեանը, որուն ռուսական կողմնորոշումը հանրայայտ էր:

Հայերու բռնի տեղահանումը դէպի Մեզիրէի բանտը թուրք զինուորներու կողմէն. Խարբերդ, Արեւմտեան Հայաստան, Օսմանեան կայսրութիւն, Ապրիլ, 1915:

Երիտթուրքերը, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միւս մասերուն ապրող հայերը ոչնչացնելու եւ այդ ձեւով Հայկական հարցը լուծելու նպատակով եւ օգտուելով պատերազմի ընձեռած հնարաւորութենէն, մերձ ճակատային շրջաններէն հայերը տեղահանելու անուան տակ կազմակերպեցին եւ իրականացուցին աւելի քան 1, 5 միլիոն հայերու տեղահանութիւնը եւ կոտորածը (Հայոց Ցեղասպանութիւն): Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան զրկուեցան բնիկ՝ հայ բնակչութենէն:

Արեւմտեան Հայաստանի գրաւումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռուսերու կողմէն գրաւուած տարածքները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ

Կովկասեան ճակատին յաջող գործողութիւններու շնորհիւ ռուսական զօրքերը հայկական կամաւորական ջոկատներուն հետ մինչեւ 1916 կը գրաւեն Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասը: Գրաւուած տարածքներուն վրայ, Յունիսին 1916-ին, Ռուսական կայսրութիւնը կը ստեղծէ «Պատերազմի իրաւունքով Թուրքիայէն գրաւած մարզերուն զինուորական ժեներալ-նահանգապետութիւն մը»: Եթէ պատերազմի նախօրէին եւ սկզբնական շրջանին ցարիզմը կը ներկայանար իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեաներու, յատկապէս՝ հայերու պաշտպան, կամաւորական ջոկատներ կը ստեղծէր, ապա այժմ կը ձգտէր Հայկական հարցը հանել ռուսական դիւանագիտութեան գործունէութեան ոլորտէն եւ զերոյի հաւասարցնել հայերու քաղաքական նշանակութիւնը: Պատերազմի իրաւունքով գրաւուած հայկական նահանգները պէտք էր վերածուէին Ռուսիոյ սովորական ծայրամասային նահանգներու՝ գործնականին մէջ զրկուած բնիկ՝ հայ բնակչութենէն:

Ցարական իշխանութեան անկումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսիոյ մէջ 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք ստեղծուած Ժամանակաւոր կառավարութիւնը 25 Ապրիլ 1917-ի որոշումով իր իրաւասութեան տակ կ'առնէ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած մասերուն կառավարումը: Տեղահանուած եւ աքսորուած հայերուն թոյլ կը տրուի վերադառնալ հայրենի տուները: Մայիս 1917-ին ռուս-թրքական ճակատին վրայ կը ստեղծուի ոչ պաշտօնական զինադադարի իրադրութիւն: Ճակատին գտնուող ռուս զինուորները համակած էր ճակատը լքելու եւ տուն վերադառնալու ձգտումը: Այդ տրամադրութիւնները առաւել զգալի կը դառնան 1917-ին հոկտեմբերեան յեղաշրջումէն ետք: Կովկասեան ճակատը կը մերկանար, եւ բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծուէին թրքական արշաւանքին համար:

Մայիսեան հերոսամարտեր եւ Հայաստանի անկախացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ անցած խորհրդային կառավարութիւնը 29 Դեկտեմբեր 1917-ին կ'ընդունի Դեկրետ «Թրքահայաստանի մասին» փաստաթուղթը, որ կը ճանչնար հայ ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը եւ շատոնց կորսնցուցած պետականութեան վերականգնումը: Խորհրդային կառավարութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէր, որ կը պաշտպանէ «Արեւմտեան Հայաստանի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ մինչեւ լիակատար անկախութիւն»: Սակայն դեկրետը չ'իրագործուիր. կնքելով Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն հետ անջատ հաշտութեան պայմանագիր մը, Խորհրդային Ռուսիոյ կառավարութիւնը փաստօրէն կը հրաժարի այդ դեկրետէն: Խախտելով 18 Դեկտեմբեր 1917-ին Երզնկայի մէջ կնքուած ռուս-թրքական զինադադարը՝ Փետրուար 1918-ին թրքական զօրքերը յարձակումի կ'անցնին ամբողջ ճակատով եւ դարձեալ կը նուաճեն Արեւմտեան Հայաստանը: Իր նպատակներուն ծառայեցնելով Պրեստի հաշտութեան (1918) ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ ճնշում բանեցնել Անդրկովկասի վրայ՝ պահանջելով անոր անջատումը Ռուսիայէն՝ հետագայ հարցեր ունենալով Անդրկովկասը բաժնել մասերու եւ հոն հաստատել իր գերիշխանութիւնը: 1918-ին վերսկսելով յարձակումը, Մայիսի կիսուն թրքական զօրքերը կը գրաւեն Ալեքսանդրապոլը՝ ստեղծելով Երեւանը գրաւելու իրական վտանգ մը: Հայ ժողովուրդը կը յայտնուի օրհասական վիճակի մէջ։ Սակայն Սարդարապատի ճակատամարտին, Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտին հայկական զօրքերը եւ աշխարհազօրը կը կեցնեն թշնամին եւ կը վերացնեն հայ ժողովուրդին ֆիզիքական բնաջնջման վտանգը: Միաժամանակ կը վերսկսին բանակցութիւնները Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասեան սէյմի միջեւ։ 26 Մայիս 1918-ին կը հռչակուի Վրաստանի Հանրապետութեան, 27-ին՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան (Անդրկովկասի արեւելքը), 28 Մայիսին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը: Իր ստեղծման պահուն, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կը կազմէր 9 հզ.քմ2-էն քիչ մը աւելի, բնակչութիւնը 326 հազար: Թուրքիոյ, բացի բուն Արեւմտեան Հայաստանէն, կ'անցնին նաեւ Կարսը, Արտահանը, Սուրմալուն, Շարուրը, Նախիջեւանի գաւառը, Ալեքսանդրապոլի եւ Էջմիածինի գաւառներուն զգալի մասը: Պատերազմին Թուրքիոյ պարտութենէն եւ Մուտրոսի զինադադարին (1918) կնքումէն ետք թրքական զօրքերը կը հեռանան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Կարսի մարզի տարածքէն, կը վերականգնի 1914-ի սահմանը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կը կազմէ 56 հզ.քմ2:

Սեւրի պայմանագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

     Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանները1919-20-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ արեւմտեան տէրութիւններու աջակցությամբ Հայկական հարցը լուծելու համար, մէկ միասնական, անկախ պետութեան մէջ միաւորելու համար Հայաստանի արեւելեան եւ արեւմտեան մասերը: Հայկական հարցը կը քննարկուի Փարիզի հաշտութեան վեհաժողովին (1919-20), ուր որոշում կը կայացուի ԱՄՆ-ին տրամադրել Հայաստանի մանդատը: Այդ որոշումը կը հաստատէ Ազգերու լիկան: Սակայն ԱՄՆ-ի Սենատը մերժեց նախագահ Վուտրօ Ուիլսոնի առաջարկը Հայաստանի մանդատը վերցնելու վերաբերեալ: 1920օգոստոսի 10-ին Անտանտը հաշտութիւն կը կնքէ պարտուած Թուրքիոյ հետ (Սեւրի հաշտութեան պայմանագիր), համաձայն որուն, Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութիւնը կը ճանչնար Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն: ԱՄՆ-ի նախագահին կը յանձնարարուէր որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը՝ Հայաստանի համար ելքով դէպի Սեւ ծով:

Հայաստան՝ մինակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ անցած ազգայնամոլ կառավարութիւնը՝ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորութեամբ, չընդունեց Սեւրի պայմանագիրը: Խորհրդային կառավարութիւնը, ձգտելով Թուրքիոյ մէջ սկսած ազգայնամոլ շարժումը ուղղել Անտանտի դէմ, փորձեց իր միջնորդութեամբ կայունացնել վիճակը տարածաշրջանին մէջ։ Սակայն խորհրդա-հայկական եւ խորհրդա-թրքական բանակցութիւնները բազմիցս ընդհատուեցան եւ ձգձգուեցան: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ժամանակ կը շահէր մինչեւ Սեւրի հաշտութեան կնքումը, իսկ թրքական կողմը չէր ուզեր հրաժարիլ արեւմտահայկական հողերէն: 1920-ի ամրանը Խորհրդային Ռուսիան Թուրքիոյ տրամադրեց ռազմական եւ դրամական զգալի օգնութիւն, որը ան օգտագործեց արեւմուտքի մէջ՝ Յունաստանի, արեւելքը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: 1920-ի սեպտեմբերին թրքական բանակը անցաւ յարձակումի: Անքարայի կառավարութիւնը, նորանոր հողեր զաւթելով, հայ ժողովուրդի արեւելեան հատուածը կոտորելով, կը ձգտէր զրկել հայերը սեփական պետութիւն վերստեղծելու հնարաւորութենէն: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կʼենթադրէր, որ Մեծ Բրիտանիան, Ֆրանսան, ԱՄՆ-ը եւ Իտալիան, իրականացնելով Սեւրի հաշտութեան պայմանները, անմիջապէս հանդէս կու գան յօգուտ հայերու եւ հակահարուած կու տան Թուրքիոյ: Հայկական կառավարութիւնը դիմեց Ազգերու լիկաի՝ խնդրելով միջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ՝ համաձայն Սեւրի պայմանագիրին: Սակայն դիմումները արդիւնք չտուին: Թրքական զօրքերը շարունակեցին յարձակումը: Թուրքիոյ անհաշտ եւ ռազմատենչ դիրքորոշումը Հայաստանի նկատմամբ պայմանաւորուած էր ստեղծուած միջազգային բարենպաստ իրադրութեամբ, որմէ յաջողութեամբ օգտուեցաւ քեմալական կառավարութիւնը, ինչպէս եւ Անտանտի ու Խորհրդային Ռուսիոյ միջեւ ռազմական առճակատումով:

Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագրերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յեղափոխական քարոզչութեամբ բարոյալքուած, դրացիներու ոտնձգութիւններու դէմ անընդհատ պատերազմելու հետեւանքով տկարացած հայկական բանակը կը պարտուի: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 2 Դեկտեմբեր 1920-ին կը ստորագրէ Ալեքսանտրապոլի պայմանագիրը, որմով հանրապետութեան կը մնային միայն Երեւանի եւ Սեւանի շրջակայ տարածքները, հայկական կառավարութիւնը կը հրաժարէր Սեւրի պայմանագիրէն, Թուրքիան իր հսկողութիւնը կը սահմանէր հաղորդակցութեան ճանապարհներու վրայ եւ այլն: Նոյն օրը, Խորհրդային Ռուսիոյ ճնշումով, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը հրաժարի իշխանութենէն: 16 Մարտ 1921-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կը կնքուի բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մասին պայմանագիր, որ կեղծ էր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Այդ պայմանագիրին համաձայն որոշուած էր Խորհրդային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը: Թուրքիոյ կʼանցնէին ոչ միայն ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը՝ Կարսի մարզին հետ, այլեւ՝ Սուրմալուի գաւառը: Պայմանագիրին մէջ կը մտնէ յատուկ յօդուած մը, որուն համաձայն Նախիջեւանի մարզին մէջ կը կազմուէր «ինքնավար տարածք մը՝ Ատրպէյճանի հովանաւորութեան ներքոյ, պայմանով, որ Ատրպէյճան սոյն հովանաւորութիւնը չզիջէր երրորդ պետութեան մը»: Մոսկուայի պայմանագիրը խորապէս կը հակասէր հայ ժողովուրդին շահերուն: 13 Հոկտեմբեր 1921-ին Կարսի Ռուսիոյ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան մասնակցությամբ կը կնքուի պայմանագիր՝ մէկ կողմէն Խորհրդային Հայաստանի, Խորհրդային Վրաստանի, Խորհրդային Ատրպէյճանի, միւս կողմէն՝ Թուրքիոյ միջեւ, որ աննշան տարբերութեամբ կը կրկնէր Մոսկուայի պայմանագիրը եւ ձեռնտու էր բոլորին, բացի Խորհրդային Հայաստանէն:

Լոզանի վեհաժողով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլիոյ, Ֆրանսաի, ԱՄՆ-ի կառավարութիւնները կը փորձէին Հայկական հարցը ծառայեցնել իրենց ծրագրերուն եւ երբէք լրջօրեն չմտահոգուեցան հայ ժողովուրդին ճակատագիրով: Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1920 ամիսներուն Լոնտոնի վեհաժողովին, իսկ Յունուար 1921-ին, Փարիզի մէջ Անտանտի գլխաւոր նիստին Ֆրանսան հանդէս եկաւ Սեւրի պայմանագիրը վերանայելու պահանջքով: Մինչեւ Լոզանի վեհաժողովը (1922-23) Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան եւ Իտալիան նահանջած էին Սեւրի հաշտութեան դրոյթները պաշտպանելու եւ Հայկական հարցը լուծելու դիրքերէն: 1921-ի Լոնտոնի վեհաժողովի որոշումներուն մէջ «Հայկական անկախ պետութիւն» արտայայտութիւնը փոխարինուեցաւ Թուրքիոյ տարածքի «Հայկական ազգային օճախ» ստեղծելու մասին վերացական ձեւակերպումով մը, ինչը Լոզանի վեհաժողովին ջնջուեցաւ այդ նոյն դիւանագէտներուն ձեռքով: Ազգերու լիկան նոյնպէս անկարող եղաւ կերպով մը թեթեւցնելու ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ տեղահանուած ժողովուրդին վիճակը:

Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական հարցի անկապտելի մասը կը կազմէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: 1918-20-ին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մուսաւաթական կառավարութիւնը բազմիցս փորձեց զաւթել Լեռնային Ղարաբաղը, Նախիջեւանը եւ Զանգեզուրը: Սակայն Հայաստանի այդ շրջաններու բնակչութիւնը զէնքով պաշտպանեց իր հողը եւ իրաւունքները այդ ոտնձգութիւններէն: 1921յուլիսի 5-ին ՌԿ (բ) կ Կովկասեան բիւրոյի նիստին որոշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղը տալ Ատրպէյճանին: Այդ ոչ սահմանադրական, կուսակցական, այսինքն՝ անիրաւական որոշումով բուն հայկական հողերը՝ հայ բնակչութեան հետ միասին, արհեստականօրէն զատուեցան Հայաստանէն, իսկ 1923-ի սահմանազատումի հետեւանքով մարզը զրկուեցաւ Խորհրդային Հայաստանին հետ ընդհանուր սահման ունենալէ եւ անջատուեցաւ «ատրպէյճանական» տարածքի բարակ շերտով մը:

Յետ պատերազմեան շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փոթստամի վեհաժողովին. ձախէն աջ՝ Մեծ Բրիտանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի առաջնորդները:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի (1939-1945) աւարտին նկատելիօրէն զօրացաւ սփիւռքահայերու շարժումը՝ Թուրքիոյ անցած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը Խորհրդային Հայաստանին միացնելու համար: Սփիւռքահայ կազմակերպութիւնները եւ գործիչները այդ պահանջով դիմեցին յաղթող տէրութիւններու ղեկավարներուն, ՄԱԿՍան Ֆրանցիսքօի վեհաժողովին (1945-ի ապրիլ), երեք դաշնակից տէրութիւններու ղեկավարներու Պերլինի վեհաժողովին (Օգոստոս 1945-ին), արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի Լոնտոնի նստաշրջանին (Սեպտեմբեր 1945), երեք տէրութիւններու արտաքին գործերու նախարարներու Մոսկուայի խորհրդակցութեան (Դեկտեմբեր 1945), ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի Լոնտոնի առաջին նստաշրջանին (Յունուար 1946) եւ այլն: 29 Նոյեմբեր 1945-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ. կը դիմէ ԽՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի, Մեծն Բրիտանիոյ ղեկավարներուն՝ պահանջելով Խորհրդային Հայաստանին միացնել Արեւմտեան Հայաստանը: Մարտ 1945-ին խորհրդային կառավարութիւնը,մեկնելով երկրորդ աշխարհամարտէն ետքստեղծուած միջազգային նոր իրադրութենէն, կը յայտարարէ 1925-ի խորհրդա-թրքական պայմանագիրը չեղեալ յայտարարելու իր մտադրութեան մասին: Յունիս 1945-ին Մոսկուայի մէջ տեղի կ'ունենան խորհրդա-թրքական բանակցութիւններ՝ ԽՍՀՄ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու շուրջ, որ պայմանաւորուած էր խորհրդային կառավարութեան կողմէն իբրեւ ժամանակի ոգիին չհամապատասխանող եւ արմատական բարելաւումի կարիք ունեցող 1925-ի պայմանագիրը չեղեալ յայտարարելու հետ: Թրքական կողմը առաջարկեց կնքել դաշնակցային պայմանագիր: Ատոր խորհրդային կողմը պատասխանեց, որ դէմ չէ որոշակի պայմաններով այդպիսի պայմանագիր մը կնքելուն, մասնաւորապէս, եթէ Թուրքիան վերադարձնէ 1921-ին Խորհրդային Հայաստանէն խլուած Կարսը եւ Արտահանը: Սակայն դաշնակցային պայմանագիրը Թուրքիոյ հետ չկնքուեցաւ: Երեք դաշնակից տէրութիւններու (ԽՍՀՄ, ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա) ղեկավարներու 1945-ի Պերլինի (Փոթստամի) վեհաժողովին, ի թիւս այլ հարցերու, լսուեցաւ նաեւ Հայկական հարցը:

30 Մայիս 1953-ին խորհրդային կառավարութիւնը, անտեսելով հայ ժողովուրդին ակնկալիքները եւ ձգտումները, Թուրքիոյ կառավարութեան կը յայտարարէ, որ

Յանուն բարի դրացիական յարաբերութիւններու պահպանումին եւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդումին Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւնները հնարաւոր գտան հրաժարիլ Թուրքիոյ նկատմամբ ունեցած իրենց տարածքային պահանջներէն...:

Այդպիսով, խորհրդային կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ Խորհրդային Միութիւնը տարածքային ոչ մէկ պահանջք ունի Թուրքիայէ: ԽՍՀՄ-ի նմանօրինակ հակահայկական դիրքը հաստատուած է նաեւ յետագային՝ միջազգային շարք մը փաստաթուղթերու մէջ:

1960-ական թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական հարցը լուծելու, համաշխարհային համագործակցութեան կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու համար սփիւռքահայերու պայքարը առաւել գործուն դարձաւ 1960-ական թուականներու կէսէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակի նախօրէին: 1965-ին Մեծ Եղեռնի տարելիցը առաջին անգամ պաշտոնապէս նշուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Վերսկսաւ Հայկական հարցը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրի ուսումնասիրութիւնը:

1960-80-ական թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հայերու տարածուածութիւնը հայ ժողովուրդի հայրենիք Հայկական լեռնաշխարհի մէջ:

1960-80-ական թուականներուն նկատելիօրէն ուժեղացաւ համաշխարհային հասարակայնութեան հետաքրքրութիւնը Հայկական հարցին նկատմամբ, եւ զայն քննարկուեցաւ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, գիտական եւ հասարակական համաժողովներու ընթացքին, վեհաժողովներու ժամանակ եւ գիտաժողովներու ընթացքին: 1960-ական թուականներու վերջէն Հայկական հարցը դարձաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ խտրականութեան կանխումի ենթայանձնաժողովի քննարկումի առարկայ: Հայկական հարցին յատուկ նուիրուեցաւ Փարիզի ժողովուրդներու մշտական ատեանի նիստը Ապրիլ 1984-ին, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համագումարը (ԱՄՆ, Մայիս 1989-ին) եւ այլն, որոնց որոշումներուն մէջ կը նշուի հայ ժողովուրդին նկատմամբ Թուրքիոյ իրագործած ցեղասպանութեան վնասներու փոխհատուցման անհրաժեշտութիւնը, սփիւռքահայերու իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքի ապահովումը: Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման եւ դատապարտման հարցին 1970-80-ական թուականներուն գործուն աջակցութիւն ցոյց տուին շարք մը երկիրներ (Յունաստան, Ֆրանսա, Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ այլն): ԱՄՆ-ի Սենաթին մէջ եւ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ բազմիցս քննարկուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւեր, որոնք, սակայն, Թուրքիոյ ճնշումով կը մերժուին: Թուրքիա կը վարէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը չճանչնալու եւ մերժելու քաղաքականութիւն: 1983-էն Հայկական հարցը կը քննարկուի Եւրոխորհրդարանին մէջ։ 18 Յունիս 1987-ին Եւրոխորհրդարանը կ'ընդունի բանաձեւ մը «Հայկական հարցի քաղաքական լուծման մասին»: 22 Նոյեմբեր 1988-ի նոյեմբերին ՀԽՍՀ ԳԽ կ'ընդունի, Օրէնք մը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերու 1915 թուականի ցեղասպանութեան դատապարտումի մասին» փաստաթուղթը:

Հայերու տարածուածութիւնը աշխարհի մէջ

Ժամանակակից պայմաններու մէջ Հայկական հարցը կʼընկալուի որպէս ամբողջ աշխարհի հայութեան ձգտումը՝ վերականգնելու պատմական արդարութիւնը, ստեղծելու իրական պայմաններ հայ ազգի համախմբումի, սփիւռքահայերու ազգային ինքնութեան պահպանումի, Պատմական Հայաստանի միաւորման համար:

Պերլինի վեհաժողովէն յետոյ, ուր հայ ժողովուրդին յոյսերը չʼարդարացան, Գարեգին Սրուանձտեանը ըսած է.

Հայաստանի մէջ է բուն հայկական խնդիրը, եւ Պերլինի մէջ կʼորոնենք զայն:


«Քանի դեռ Հայկական հարցը չէ լուծուած, անիկա շարունակ, ինչպէս դամոկլեան սուր, կը ճօճուի Թուրքիոյ գլխավերեւը, մինչեւ վերջնականապէս ասիական Թուրքիոյ համար կը դառնայ նոյնը, ինչ Յունական կամ Պուլկարական հարցը եղած է եւրոպական Թուրքիոյ համար»:

Եոհաննէս Լեփսիուս,գերմանացի հոգեւորական եւ հասարակական գործիչ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։