Jump to content

Կաղապար:Օրվա հոդված/Դեկտեմբերի 16, 2016 թ.

Վիքիպեդիայից՝ ազատ հանրագիտարանից
< Նախագիծ:Օրվա հոդված
Միքայէլ Չամչեան
Միքայէլ Չամչեան

Միքայէլ Չամչեան (4 Դեկտեմբեր, 1738, Կոստանդնուպոլիս - 30 Նոյեմբեր, 1823), հայ ականաւոր պատմաբան, քերականագէտ, լեզուաբան, աստուածաբան եւ մանկավարժ։ Ը. դարաշրջանի կղերական աւատական ներկայացուցիչ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ապա՝ Ս. Ղազար կղզիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Տիրապետած է յունարէնին, լատիներէնին, իտալերէնին, ֆրանսերէնին, գերմաներէնին, եբրայերէնին, ասորերէնին, սանսկրիտին, պարսկերէնին եւ թրքերէնին։ 1762-էն սկսեալ անդամկցած էՎենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան։ 1769-ին վարդապետ ձեռնադրուած է եւ նշանակուած՝ Պասրայի եւ Պաղտատի հայ կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ։ 1776-1789 թուականներուն վարած է Ս. Ղազարի, 1789-1791 թուականներուն՝ Տրանսիլվանիոյ Եղիսաբէթուպոլիս քաղաքի հայկական վարժարաններու վերատեսուչի, 1795-1823 թուականներուն՝ Կոստանդնուպոլսոյ Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւորի պաշտօնները, եղած է միաբանութեան վարչական մարմինի խորհրդական։ 1779-ին հրատարակած է «Քերականութիւն Հայկազեան լեզուի» գործը, որ 1801-1859 թուականներուն վերահրատարակուած է... Ավելին