Աքրոփոլիս (Աթէնք)
Բնակավայր | |
---|---|
Աքրոփոլիս | |
հին յուն․՝ Ακρόπολη Αθηνών | |
Աքրոփոլիսը մայրամուտին | |
Երկիր | Յունաստան |
Առաջին յիշատակում | Ք․ա․ 3-րդ հազարամեակ |
Տարածութիւն | 300 մ․ երկ/թիւն եւ լայն՝150 մ․ քմ² |
ԲԾՄ | ծովուն մակերեսէն 156 մ․, իսկ Աթէնք քաղաքէն՝ 70 մ |
Պարգեւներ | Եունեսքօի Համաշխարհային Ժառանգութիւն |
Անուանուած է | հնագիտական վայր - կ՛ընգրկէ Փարթենոնաս, Վռայռոնիօ, Էրէխթիօ, Աթինա Ափդերու Նիքիս, գլխաւոր տաճարները․ յուշարձանները |
Աքրոփոլիսը կրային ժայռոտ բլուր մըն է, ծովուն մակերեսէն 156 մ․բարձրութեամբ եւ Աթէնք քաղաքին մակարդակէն՝ 70 մ․։ Անոր մակարդակը տրապէզաձեւ (սեղանաձեւ) է ․ 300 մ․ երկարութեամբ եւ 150 մ․լայնութեամբ։ Բլուրը անհասանելի է բացի արեւմտեան կողմէն, ուր կը գտնուի հսկայ ամրոց-մուտքը, Փրոփիլէա Προπύλαια – Propylaea։ Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան (Եունեսքօ) է:
Անուան ստուգաբանութիւնը
Անունը առաջ եկած է յունարէն ἄκρον (աքրոն - akron, ամենաբարձր մաս, վերջածայր) եւ πόλις (փոլիս - polis, քաղաք)։
Այլ անուանում
Հնագոյն տարիներուն ծանօթ էր իբրեւ Քեքրոփիա․ առաջացած առասպելական օձ-մարդէն․ Քեքրոփս, Աթէնքի ենթադրական թագաւորը։
Առասպելը
Ըստ յունական դիցաբանութեան, Աքրոփոլիսը կապուած է Աթէնք մայրաքաղաքին անուանակոչումին հետ․ Քաղաքին հովանաւորութեան համար Աթինա աստուածուհիին կը մրցի Փոսիտոնա աստուծոյ հետ ու յաղթական դուրս կու գայ։ Առասպելը կ՛ըսէ թէ Աթէնքի թագաւոր Քեքրոփան՝ կէս մարդ - կէս օձ, կ'որոշէ թէ երկուքէն ո՛վ որ ամենաթանկագին նուէրը տայ քաղաքին, զինք քաղաքին Պաշտպանը պիտի նշանակէ։ Երկու մրցակիցները, Աքրոփոլիսին ժայռը կը բարձրանան։ Փոսիտոնան եռաժանիով մը յատակը կը զարնէ եւ երեւան կ'ելլէ զուլալ ջուրերով առուակ մը որ կը կոչեն «Էրեխթիիտա ծով»։ Աթինան, նիզակով յատակը կը զարնէ եւ կ'երեւի փոքր ձիթենի մը։ Թագաւորը կը զմայլի աստուածուհիին նուէրով` սնունդ, ձէթ եւ փայտ․ ձիթենին կը պահէ եւ Աթինան կը կարգէ քաղաքին պաշտպանը։ Փոսիտոնա, նեղացած, կը մեկնի անիծելով քաղաքը, որ երբեք բաւարար ջուր չունենայ։ Այդ օրէն Աթէնքի ջուրի տագնապը կը սկսի։[1] [2] [3]
Պատմութիւն
Բնակավայր եւ ամրոց
Հնագիտական պեղումները կը ցուցնեն թէ Աքրոփոլիսին բլուրը բնակուած է Ք․ա․ 3-րդ հազարամեակէն։ Բլուրը ինքնին բնական ամրոց է եւ բնակավայրի նախապայմանները կ՛ ընծայէ․ գետինը լայն եւ տափարակ է, իսկ լանջերուն ջուրի աղբիւրներ կան։ Թուքիտիտին կը գրէ թէ՝ «ἡ Ἀκρόπολις ἡ νῦν οὖσα πόλις ῆν» Թիսէայէն առաջ քաղաքը կը կազմէին Աքրոփոլիսը եւ անոր ժայռին տակ դէպի հարաւ գտնուող բնակավայրը։
Տեղական իշխանին ապարանքը կը գնտուէր այն վայրին, ուր դարեր ետք պիտի կառուցուի Էրէխթիոն Ερέχθειο - Erechtheion։ Ժամանակի ընթացքին Աքրոփոլիսին բնակավայրին իշխանը Ատտիկէին յունական ցեղերը խաղաղութեամբ կը միացնէ Ք․ա․ 2-րդ հազարամեակին երկրորդ կէսին, ի բացառեալ Էլեւսինան Ελευσίνα Elefsina։ Աւադութիւնը կ՛ըսէ թէ այդ իշխանը Թիսէան եղած է։ Թշնամիներէ յարձակումներուն վտանգին տակ, ան Աքրոփոլիսին շրջաբոլորը կը պարսպատէ․ պատը ունի 760 մ․ երկարութիւն, մինչեւ 10 մ․ բարձրութիւն եւ 3,5 մ․-6 մ․ հաստութիւն։ Հետագային այս պատը Քիքլոփիա Թիխի Κυκλώπεια Τείχη - Cyclopean masonry կը կոչուի։
Դորացիներու կամ «Յունական ցեղերու» Δωριείς - Dorians ներխուժումէն ետք (Ք․ա․ 11-րդ դար) ժառանգական մենապետութեան կարգը կը ջնջուի եւ հողատէրերու դասակարգը իշխանութեան գլուխը կ՛անցնի․ կը հաստատուի ազնուականներուն իշխանութիւնը։ Աքրոփոլիսը կը դադրի վարչական կեդրոն ըլլալէ․ վարի քաղաքը (ժայռին շուրջը գտնուող բնակավայրը)` ասդի-ն άστυ (թարգմ․՝ քաղաք) իշխանութիւնը կը վառէ։ Աքրոփոլիսին ժայռը այլեւս կը գործածուի կրօնական ծէսերու համար, հակառակ անոր որ մինչեւ 4-րդ դարուն քաղաք πόλις կ՛ անուանուի։ Հոն, ուր Միկինէեան քաղաքակրթութեան ժամանակաշրջանին տեղական իշխանին ապարանքը կը գտնուէր, քաղաքին պաշտպան Աթինա կամ՝ Աթենա աստուածուհիին նուիրուած տաճար մը կը կառուցուի․ Աթինա Փոլիատա Αθηνά Πολιάδα - Athena Polias․ այս տաճարին մասին Հոմեռոսը կ՛ակնարկէ Իլիատային մէջ (գիրք 2, տող 546-549*)։
Οἳ δ᾽ ἄρ᾽ Ἀθήνας εἶχον ἐϋκτίμενον πτολίεθρον
δῆμον Ἐρεχθῆος μεγαλήτορος, ὅν ποτ᾽ Ἀθήνη
θρέψε Διὸς θυγάτηρ, τέκε δὲ ζείδωρος ἄρουρα,
κὰδ δ᾽ ἐν Ἀθήνῃς εἷσεν ἑῷ ἐν πίονι νηῷ·
όπως επίσης και στην Οδύσσεια.
Աթինա Փոլիատա տաճարին մէջ Աթինա (կամ` Աթենա) աստուածուհիին ձիթենիի փայտէ կառուցուած արձանը (ξόανον) կը պահուէր․ ըստ աւանդութեան երկինքէն ինկած էր։ Տաճարին մօտ կային Քեքրոփային դամբանը, Աթինա աստւածուհիին ձիթենին, Էրեխթիիտա ծովը եւ Փոսիտոնա աստուծոյ եռաժանիով զարկին հետքերը։ Տաճարէն մնացած երկու քարէ հիմերուն վրայ (էրեխթիոնին հարաւային պատին մօտ) կը յենուին հին տաճարին յառաջամասի փայտէ սիւները։
Ք․ա 6-րդ դար մինչեւ Աքրոփոլիին վեռակառուցումը
Ք․ա․ 6-րդ դարէն Աթինա Փոլիատա տաճարին աւերակներուն վրայ կը սկսին կառուցուիլ Աթենացիներուն սրբավայրերը, օինակ՝ էքադոպետոս Hekatompedos –Εκατόμπεδος (հին յ/րէն․՝ ἑκατόν=հարիւր, πούς=ոտք)։ Այս սրբավայրերը յունապարսկական պատերազմներուն ընթացքին կը քանդուին։ Աթինա աստուածուհիին տաճարը կը վերաշինուի աւելի փառաւոր ձեւով։
Գտնուած են նաեւ արձանագրութիւններ եւ քանդակներու կտորներ։ Անոնք կ՛ապացուցանեն թէ արխայիք ժամանակաշրջանին (հնագոյն) αρχαϊκή εποχή (Ք․ա․ 8-րդ դար – 5-րդ դար) Աքրոփոլիս ժայռին վրայ նոյնպէս կային աւելի փոքր շինութիւններ, ուր դրամ եւ թանգարժէք իրեր կը պահուէին։
Էքադոպետոս
Այս տաճարը կը կառուցուի Ք․ա․ 6-րդ դարուն կէսերուն 570–550թ, Փեսիսդրադոսին իշխանութեան շրջանին։ Էքադոպետոս կը կոչուի, որովհետեւ 100 ատտիկեան ոտք երկարութիւն ունէր։ Դորիան ոճի ճակտոցներով տաճար էր եւ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած էր։ Յունապարսկական պատերազմներուն ընթացքին կը քանդուի։ Ըստ հնագէտներուն հետագային անոր աւերակներուն վրայ կը կառուցուի Փարթենոն տաճարը։
Աքրոփոլիսին վերակառուցումը
Պարիսպին եւ տաճարներուն վերակառուցումը կը սկսի պարսիկներուն պարտութենէն ետէ, Ք․ա․ 465 թ․, Փերիքլէսի իշխանութեան շրջանին։ Ընդհանուր հսկիչ Ֆիտիասն է եւ Մնիսիքլիս, Իքդինոս եւ Քալլիքրադիս ճարտարապետները վերակառուցման աշխատանքներուն պատասխանատուներն են։ Կը կառուցուին եւ կը զարդարուին՝ Փարթենոնաս Παρθενώνας, Էրէխթիօ, Փրոփիլէա եւ Ափդերու Նիքիս տաճարը (կամ՝ Աթինա աստուածուհիին տաճարը):
Փեսիսդրադոսին իշխանութեան շրջանին կային բազմաթիւ արձաններ՝ պղինձէ կամ մարմարէ, անօթներ եւ նման իրեր։ Այս իրերը քաղաքացիները Աթինային կը նուիրէին։
Փրոփիլէա
Փրոփիլէա Προπύλαια - Propylaea անունը առաջացած է «փրօ» προ ածանցէն եւ «փիլի» πύλη (թարգմ․՝ դուռ) բառէն․ կը նշանակէ Աքրոփոլիին կեդրոնական դուռը, մուտքը։
Դորիական ոճով կառուցուածքին շինութիւնը կը սկսի Ք․ա․ 436 թուականին, Փարթենոնա տաճարին շինութեան աւարտէն ետք։ Մնիսիքլիսն է ճարտարապետը։
Շէնքը երեք մասի բաժնուած է։ Կեդրոնը կը գտնուի երկար տաճարաձեւ Դորիական ոճով շէնք մը, բարձր ճակտոցով։ Անոր աջին եւ ձախին շինուած բեմակողմերը դորիական ոճի առանց ճակտոցի տաճարներու կը նմանին, սակայն որոնց առաստաղը` ճակտոցաձեւ է։
Կեդրոնական շէնքը աննման է հին յունական ճարտարապետութեան մէջ։ Դորիական ոճի վեց սիւներ անոր ճակատը կը զարտարեն․ անոնք բարձրանալով կը նրբանան (նիհարնան)։ Անոնց վրայ կը յենուի պարզ ճակտոց մը։ Գլխաւոր սրահը կը բաժնուի երեք դասի երկուական շարք յոնիական ոճի սիւներով՝ երեք ամէն մէկ կողմը։
Փրոփիլէային կառուցումը երբեք չաւարտիր։ Ք․ա․ 431 թ․ Պեղոպոնեզեան Պատերազմը կը սկսի եւ կառուցման աշխատանքները կը դադրին։ Ք․ա․ 429 թ․, Փերիքլիս կը մեռնի եւ անոր յաջորդները աշխատանքներուն լրման համար չեն հետաքրքրուիր։
-
Փրոփիլէա․ 1887 թ/ի պատկերացում, Falke Jacob Von
-
Նկար 1962, Փաոլօ Մոնդի, Աքրոփոլի – Փրոփիլէա
-
Փրոփիլէա․ 1887 թ/ի պատկերացում, Falke Jacob Von
-
Նկար 2019 Օգոստ․ - Փրոփիլէա, արեւմուտքէն դիտուած․
-
Փրոփիլէային յատակագիծը
-
Փրոփիլէա, 19-րդ դարու պատկերացում - Louis-François Boitte, 1864.
Ափդերու Նիքիս տաճարը
Ափդերու Նիքիս տաճարը Ναός της Απτέρου Νίκης - Temple of Athena Nike ամբողջովին մարմարէ շինուած փոքր տաճար մըն է։ Կառուցուած է Ք․ա․ 427 թ․ - 424թ․։ Ճարտարապետը Քալլիքրադիսն է։ Քառասիւն, յոնիական ոճով տաճար։ Անոր կոնքին σηκός cella Աթինա Յաղթողին արձանը կար․ ան ձախ ձեռքին սաղաւարտ բռնած էր եւ աջին՝ նուռ․ կը խորհրդանշէ վարի աշխարհին աստուածները։ Տաճարին գօտեքանդակը եւ ճակտոցները ունէին քանդակուած պատկերացումներ։ Արեւմտեան գօտեքանդակը յոյներուն եւ հեծեալ արեւելցիներուն (շատ հաւանական աթենացիներն ու յոյները որ պարսիկներուն կը յաղթեն) կռիւներու հարթաքանդակ պատկերացումներով զարդարուած է։ Իսկ արեւելեան գոտեքանդակը 12 աստուածներուն Δωδεκάθεο ժողովը կը պատկերացնէ գլխաւորութեամբ Զեւս աստուծոյ Δίας (կամ՝ Ζευς)․ Արամազդ՝ հայկական հեթանոսական կրօնին համաձայն։
Սիւներուն հիմերուն զարդարանքները, սիւնագլուխներն ու վերնախարիսխը եւ հարթաքանդակ գօտին կառուցուած են Փենտելի լերան մարմարով μάρμαρο Πεντέλης -Pentelic marble։ Այսպէս տաճարը ոսկեղէնի գանձատուփի կը նմանի։
1687 թուականին թուրքերը տաճարը կը քանդեն եւ անոր քարերով անոնց ամրոցները կը զօրացնեն։
1836 թուականին, գերմանացի հնագէտներ լաւ վիճակի մէջ գտնուած տաճարին աւերակներով, զայն կը վերականգնեն։ Սակայն պատկերացումներուն քանդակները չկան, որովհետեւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Լորտ Էլղին կը կողոպտէ․ անոնք այժմ Անգլիոյ Բրիտանական թանգարանը կը գտնուին։
Փարթենոնաս
Յուշարձանին նկարագրութիւն
Աքրոփոլիին ամենամեծ եւ պաշտօնական շինութիւնը Փարթենոնասն է։ Կառուցուած օրէն մինչեւ մեր օրերուն աշխարհի հիացումին կ՛արժանանայ։ Դորիական ոճով կառուցումներուն գագաթնակետն է։ Ամբոջովին Փենտելի լերան մարմարով կառուցուած է, բացի սիւնապատուանդանէն στυλοβάτη stylobate․ կրաքարէ կառուցուած։
Հազուագիւտ տաճարներէն է որ ամբողջովին մարմարէ կառուցուած են եւ միակ Դորիական ոճովը՝ որուն բոլոր ճակտոցները հարթաքանդակներ ունին։
Տաճարին շինութեան աշխատանքները Ք․ա․ 448/7 թուականին կը սկսին։ Իսկ բացումը Ք․ա․ 432 թ․ կը կատարուի։ Ճարտարապետներն են՝ Իքդինոս եւ Քալլիքրադիս, շատ հաւանական է նաեւ՝ Ֆիտիան որ պատասխանատու է անոր քանդակներու զարդարումին։
Քանդակազարդներուն, գերանին επιστύλιο - beam եւ առաստաղի քանդակներուն φάτνωμα մեծ մասին գրուած զարդարումները կարմիր, կապոյտ եւ ոսկեգոյն էին։
Սիւնաշարքը լայնքին ունի 8 սիւներ եւ երկայնքին՝ 17։ Անոնք անսովոր խտութեամբ տեղադրուած են։ Նեղ կողմերուն կայ նաեւ վեց սիւներով երկրորդ շարք մը։ Ուրիշ անսովոր երեւոյթ մըն է կոնքին երկայնքը շրջապատող յոնիական ոճով գօտեքանդակի ներկայութիւնը։
Փարթենոնասը կը ներկայացնէ համեմատական կատարեալ ներդաշնակութիւն մը։ Գեղագիտական գլուխ գործոց մըն է։
Իսկ վայրը այցելուն Փրոփիլէայէն հազիւ մտած անմիջապէս կը տեսնէ ամբողջ տաճարը, ոչ միայն մուտքը։
Տաճարին երկայնքին երեքի մասի բաժանումը եղած է ամենայն ներդաշնակութեամբ․ եզակի յունական արուեստին մէջ։ Գերմանացի Hoffnerը եւ Pennethorne առաջիններն են հաստատելու թէ Փարթենոնային հանգրուանները կոր են․ անոնք կեդրոնին կ՛ուռին, իսկ երկար եւ նեղ կողմերուն «չափազանց» կոչուած կորեր կը կազմեն։ Այս համընկած կորերը, այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն թէ տաճարը լայն շունչ մը առած է զետեղուելէն առաջ։
Իսկ պատերը եւ սիւնաշարքը դէպի ներս կը հակին․ շինութիւնը մեծ բուրգի հիմը կը կազմէ։
Սիւները իրարմէ անհաւասար չափով զետեղուած են։ Անոնք բարձրանալով կը «նիհարնան»։ Իսկ անոնց բարձրութիւնը 2/5-ին հասած՝ հակառակ շարժում մը կը ներկայացնեն որ ուռեցքի կը նմանի եւ «ένταση» կը կոչուի․ նպատակը այն էր որ սիւնը աշխուժացնէ ուժը, որպէսզի կարողանայ ընդունիլ, կրել ծոպին ծանրութիւնը։
Տաճարին ճակտոցները հետեւեալները կը պատկերացեն․-
- Արեւելեանը «Ղիղանտիոմախիա» Γιγαντομαχία թարգմ․՝ վիթխարիներու կռիւը,
- արեւմուտքինը Ամազոններուն կռիւը Αμαζονομαχία,
- հարաւայինը Քենտաւրոմախիա Κενταυρομαχία թարգմ․՝ յուշկապարիկներուն կռիւը
- հիւսիսայինը Տրոյեական պատերազմը Τρωικός Πόλεμος։
Գօտեքանդակը
Տաճարին 160 մ․երկայնքով եւ 1 մ․ լայնքով գօտեգանդակը Փանաթինէա (Աթէնքին ամենակարեւոր կրօնական տօնը) թափօրը կը պատկերացնէ: Այս հսկայ գործը մէկ հոգի աշխատած եւ լրացուցած է․ հեղինակին անունը մեզի չէ հասած, սակայն կ՛ենթադրուի թէ Ֆիտիան է եւ կամ անոր աշակերտներէն մէկը։ Գօտեքանդակին նիւթը նորաձեւութիւն մըն է, որովհետեւ առասպել/ներ չի պատմեր, այլ՝ իրական եղելութիւն մը․ թափօրի պահը ուր Աթէնքի ժողովուրդը Աթինա աստուածուհիին քօղը կը յանձնէ։
Գօտեքանդակին պատկերացումները
Արեւմտեան մասին կ՛երեւի պատրաստութիւնը Քերամիքօ Κεραμεικό շրջանին մէջ։ Կայ նաեւ քանդակ մը, որուն վրայ կան միայն մէկ մարդ եւ մէկ ձի։ ԱՆոնց յատկանիշները մանրամասնօրէն կը ներկայացուին․ կը կարծուի թէ Ֆիտիային գործն է։
Արեւելեան, տաճարին մուտքին մասին կը պատկերացուին Աթինա Αθηνά, Զեւս Δίας կամ Ζεύς, Իրա Ήρα եւ ուրիշ աստուածներ որոնք թափորին կը մասնակցին․ անոնց միջեւ կ՛երեւի փոքրիկ մը որ քուրմին քօղը կը յանձնէ։ Թափօրը սկիզբէն մինչեւ վերջ կը ներկայացնեն 400 մարդոց ու աստուածներու եւ 200 կենդանիներու կերպարանքներ, օրինակ՝ ոչխարներ, կովեր եւ ձիեր։ Ընդհանուր պատկերացումը իր հարստութեամբ եւ ճշգրտութեամբ հիացում կը պատճառէ։
Հիւսիսային մասին կը ներկայացուին զանազան կերպարանքներ․ ճամբորդներ, երաժիշտներ, նաւեր, «թալոֆորի» θαλλοφόροι (անոնք որոնք ձիթենի կը բռնէին), «քանիֆորի» κανηφόροι (կոյսեր որոնք զոհողութեան իրերով կողով կը կրէին) եւ սափոր կրողներ։
Ճակտոցներ
Արեւելեան ճակտոցը, մուտքին վրայ, Աթինա աստուածուհիին ծնունդը կը ներկայացնէ։
Արեւմտեան ճակտոցը, որ Փրոփիլէայէն երեւելի է, կը ներկայացնէ Աթինային եւ Փոսիտոնային վէճը Աթէնքին տիրութեան համար։
Տաճարին ներքնամասը
Տաճարին ներսի մասը, կար երկյարկանի դորիական ոճով «Π» ձեւի սիւնաշարք մը որ վերնատուն մը կը կազմէր․ հոնկէ այցելուները տարբեր անկիւններէ, կէտերէ կրնային դիտել ու հիանալ Աթինա աստուածուհիին ոսկիայ փղոսկրէ արձանը։ Ետեւի սենեակին մէջ գանձը կը պահուէր․ Աթինա աստուածուհիին նուիրուած թանկարժէք իրեր։
Տաճարին առաստաղը յենուած էր յոնիական ոճով 4 սիւներու վրայ։ Իսկ տանիքը՝ փայտէ հսկայ գերաններու վրայ։
Պատկերասրահ
-
Փարթենոնաս – յատակագիծը․ 1/Փրոնաոս (արեւելեան կողմ) - 2/Էքադոպետոս նէոս (արեւել․կողմ) - 3/Ոսկեփղորսկիայ Աթինային արձանը - 4/կոյսերուն սրահ-գանձարան, (արեւմ․կողմը) – 5/Օփիսթոտոմա (արեւմ․կողմ)
-
Փարթենոնաս տաճարը
-
Աթինա աստ/հի կոյս․ հսկայ աձրանը Փարթենոնաս տաճարին մէջ
-
Փարթենոնաս․ Ճակտոցի, գօտեքանդակի եւ ծոպաքանդակի գծագրուած պատկերացում - Gottfried Semper, 1836թ․
-
Աքրոփոլիին պատկերացում 3D
Էրէխթիօ
Ըստ յունական դիցաբանութեան Աթինա (կամ՝ Աթենա) եւ Փոսիտոնա աստուածներուն վէճը Աթէնքի Տէր-Պաշտպանը ըլլալու համար տեղի կ՛ունենայ այդ վայրը։ Փոսիտոնան եռաժանիով մը յատակը կը զարնէ եւ երեւան կ'ելլէ զուլալ ջուրերով առուակ մը որ հետագային կը կոչուի «Էրեխթիիտա ծով»։ Աթինան, նիզակով յատակը կը զարնէ եւ կը ծնի փոքր ձիթենի մը։ Թագաւորը եւ աստուածները կը զմայլին աստուածուհիին նուէրով` սնունդ, ձէթ եւ փայտ․ Աթինան Աթէնքի պաշտպան կը կարգեն։
Աթենացիները սակայն, կը փաղձան երկու աստուածները հաշտեցնել։ Այդ պատճառով, տաճար մը կը կառուցեն, ուր նոյն յարկին տակ անոնց նուիրուած մէկական սրբավայր կը զետեղեն։ Այսպէս կը կառուցուի Աքրոփոլի շինութիւններէն ճարտարապետական առումով՝ ուրոյն այս տաճարը։
Առասպելը կը պատմէ թէ այդ վայրին Էրէխթէաս իշխանին ապարանքը կը գնտուէր եւ այդ պատճառով տաճարը կը կոչուի անոր անունով։
Ք․ա․ 421 թուականին տաճարին կառուցումը կը սկսի եւ կ՛աւարտի Ք․ա․ 406 թուականին։ Ճարտարապետներն են՝ Ֆիտիաս եւ Մնիսիքլիս։ Յոնեական ոճի գլուխ գործոց մըն է։ Ամբողջութեամբ կառուցուած է Փենտելի լերան մարմարով, իսկ գօտեքանդակները՝ էլեֆսինայի Ελευσίνα - Eleusis կրաքարով։ Տաճարը ծանօթ է իր «հաւկթաձեւ ու նետաձեւ» եւ «գծագոհար» ալիքաւոր զարդարանքներու օրինակներով։
Կոյսերուն Սիւնազարդը
Տաճարին հիւսիսային կողմը կայ 6 յոնիական ոճի սիւնաշարքը եւ հարաւային կողմը՝ աշխարահռչակ «Կոյսերուն Սիւնազարդը»․ վեց կոյսեր՝ Քարիադիտես, որոնք ենթակիր սիւներ են․ այս մասը գոց պատշգամի կը նմանի։ Քարիադիտեսները Պեղոպոնեզի Լաքոնիա Λακωνία - Laconia շրջանէն գեղեցիկ դուստրեր էին։
Պատկերասրահ
-
Էրէխթիօ տաճարին յատակագիծը
-
Էրէխթիօ․ արեւմտիան կողմը - մայրամուտ, Օգոստոսի լիալուսին
-
Քարիադիտես
-
Էրէխթիօ տաճար․ Կոյսերուն սիւնազարդը՝ Քարիադիտես
Ուրիշ յուշարձաններ
Աքրոփոլիսին ժայռին վրայ կը գտնուէն նաեւ ուրիշ յուշարձաններ ալ․ թուենք ամենակարեւորները։
Վրաւռօնիօ Βραυρώνειο – Brauroneion տաճարը։ Կառուցուած Ք․ա․ 459թ․։ Աւերակներէն մաս մը փրկուած են Փրորիլէային հարաւ-արեւելեան անկիւնը։
Աթինա փրոմախու-ին պղինձէ արձանը Athena Promachos - Άγαλμα της Προμάχου Αθηνάς․ փրոմախոս կը նշանակէ ան, որ պատերազի առաջին գիծին վրայ է։ Կառուցուած է Ք․ա․ 450 թ․, Ֆիտիայէն։ Այժմ, կան միայն անոր պատուանդանին հետքերը։
Արրիֆորիոն Arrephorion – Αρρηφόριον․ բնակարան երկու փոքրիկ աղջկներու, որոնց պարտականութիւններն էին Արրիֆորիա Αρρηφόρια (կամ՝ Ερρηφόρια) - Arrhephoria տօնախմբութեան ժամանակ փոխադրել Սուրբ Սպասները եւ Փանաթինէա տօնին համար հիւսել Աթինա աստուածուհիին քօղը եւ տօնին օրը՝ յանձնել։
Ակրիփային պատուանդանը․ կ՛ենթադրուի թէ կառուցուած ըլլայ Ք․ա․ 178 թ․, Էւմենի Բ․ ին ժամանակ Փանաթինէա խաղերուն ընթացքին անոր տարած մէկ յաղթանակին համար։ Հսկայ պատուանդանին վրան կար քառաձի (չորս ձիերով) կառք մը (յուն.` τέθριππο), ուր Էւմենին եւ եղբայրը Աթալոն նստած են։ Ք․ա․ 27 թուականին ձիակառքը Մարքօ Ակրիփային Μάρκο Αγρίππα - Marcus Vipsanius Agrippa կառքով կը փոխարինուի։ Այժմ միայն պատուանդանը կայ։
Հռոմին եւ Օգոստոս Կայսրին Տաճարը․ Կառուցուած է Ք․ա․ 17-10 թուականներուն, ի պատիւ Հռոմին աստուածուհիին եւ Օգոստոս կայսրին։ Կը գտնուի Փարթենոնասին արեւելեան կողմը։
Խալքոթիքի Χαλκοθήκη - Chalkotheke (թարգմ․՝ պղինձէ մթերանոցը). Կառուցուած էր Ք․ա․5-րդ դարու կէսերուն։ Կը գտնուէր Փրորիլէային եւ Փարթենոնասին միջեւ։ Անոր պահակները Փարթենոնասին գանձին մատակարարներն էին։ Շինութեան անունը յայնտի եղաւ Ք․ա․ 4-րդ դարու գտնուած արձանագրութիւններէն, իսկ աւերակներէն մասեր գտնուած են Վրաւռօնիօ-ին արեւելեան եւ Փարթենոնասին հարաւ արեւմտեան կողմը։
Պատկերասրահ
-
3D համակարգիչէ ելած նկար․ կը պատկերացնէ Վրաւռօնիօ տաճարը։ Աջին՝ Փրոփիլէան եւ ձախին Խալքոթիքին Χαλκοθήκη Chalkotheke.
-
Աքրոփոլի․ կ՛երեւի Աթինա Փրոմախու պղինձէ արձանը
-
Ակրիփային Պատուանդանը, Աքրոփոլիս
-
Հռոմի եւ Օգոստոս Կայսրին Տաճարին աւերակները․ Աքրոփոլի
Աքրոփոլիսին ժայռին շուրջի կառուցուածքներ
Հերոտիոն կամ՝ Հերովդես Ատտիկեցիին երաժշտանոց-Թատրոնը․ կը կառուցուի Աթէնքի հարուստ բնակիչ՝ Հերովդես Ատտիկեցիին Ἡρῴδης ὁ Ἀττικός - Herodes Atticus կողմէն, Ք․ա․ 2-րդ դարուն, ի պատիւ իր կնոջ՝ Ասփասիա Աննիաս Րիղիլիս։ Կառուցման նպատակն է Աթէնքը ունենայ երաժշտութեան համերգներու յատուկ Թատրոն։ Կը փոխարինէ աւելի հին Փերիքլեսին Թատրոնը, որ Ք․ա․ 85 թ․ հռոմէացի Սիլա Sulla զօրավարը կը հրկիզէ։ Կիսաբոլոր թատրոնը 5000 հոգի կը հիւրասիրէ եւ ունի 32 շարք մարմարէ նստարաններ (կանգներ)։ Թատրոնը ժամանակին մայրի փայտի տանիք ունէր։
1848 թ․ մինչեւ 1857 թ․ կը կատարուին առաջին հնագիտական պեղումները։ 1950 թուականին կը սկսի թատրոնին հերթական վերականգնումը։ Այժմ, ամառուան եղանակին հոն կը կատարուին միջազգային տարողութեամբ ելոյթներ։
Էւմենոսին ճեմելիքը․ Կը գտնուի Հերոտիոն եւ Տիոնիսօ Թատրոններուն միջեւ։ Կառուցուած է Փերկամօ քաղաքի թագաւոր Էւմենոս Բ․ին Ευμένης Β΄ της Περγάμου - Eumenes II կողմէն Ք․ա․ 160 թ․։ Այսօր անոր երկայնքը 163 մ․ է սակայն երբ կը կառուցուի ՝ 190 մ․ էր․ մաս մը կը քանդուի Հերոտիոն Թատրոնին շինութեան ատեն եւ անոր հետ գործառնապէս կապուած է։ Երկյարկանի է։ Առաջին յարկին արտաքին սիւները դորիական ոճով կառուցուած են, երկրորդ յարկինները՝ յոնիական։ Իսկ ներքին սիւները փոխադարձաբար՝ յոնիական եւ փերկամոնեան (Փոքր Ասիոյ արեւմտեան յունական գաղթօճախ Փերղամօ կամ՝ Պերկամօ քաղաքէն)։
Ասքլիփիոնին տաճարը․ Կը գտնուի Էւմենոս ճեմելիքին հիւսիս արեւելքը եւ Տիոնիսօ Թատրոնին արեւմուտքը։
Տիոնիսոյին Թատրոնը․ Տիոնիսօ Թատրոնը Θέατρο του Διονύσου - Theatre of Dionysus․ հին Աթէնքի ամենակարեւոր բացօթեայ թատրոնը։ Աշխարհի առաջին թատրոնը կը նկատուի։ Կը գտնուի 3 մեթր բարձր համանուն տաճարէն։ Կը հիւրասիրէր Մեծ Տիոնիսիա թատերական փառատօնը․ Աթէնք քաղաքին ամենամեծ տօնը։ Կառուցուած է Ք․ա․ 6-րդ դարուն Փիսիսդրատիներու Հարստութեան շրջանաին։
Փերիքլեսին Թատրոնը․ Փերիքլեսին Թատրոնը Ωδείον του Περικλέους - Odeon of Pericles ։ Ք․ա․ 435 թ․ Փերիքլեսին ժամանակ կառուցուած 4000քմ տարածքով թատրոն, որպէսզի Փանաթինէա խաղերուն ընթացքին երժշտական համերգները կատարուին։ Հնագիտական պեղումները կը ցուցնեն թէ տանիքը կը յենուէր 90 ներքին սիւներու․ ինը շարքի վրայ տասական սիւներ։ Կը գտնուի Տիոնիսօ Թատրոնին արեւելեան կողմը։
Տիոնիսոսին տաճարը․ համանուն թատրոնը տաճարին շարունակութիւնը կը կազմէր։ Կը գտնուէր Տիոնիսօ Թատրոնին հարաւը։
Պատկերասրահ
-
1880 թ․ Պատկերացում Տիոնիսօ Թատրոնին
-
Տիոնիսօ թատրոն
-
Հերոտիոն Թատրոնը, Աքրոփոլիսին լանջին
-
Հերոտիոն եւ փարթենոնաս տաճարը
-
Էւմենոս սրբավայրին արեւմտեան մաս․ պատկերոացում Պերլինի Պերկամօ Թանգարանին կողմէ․նկար՝ 2004թ․
Հռոմէական շրջանէն մինչեւ Յունաստանի 1821 թ․ ապստամբութիւնը
Հռոմէական ժամանակաշրջանին կ՛աւելնան քանի մը աննշան շինութիւններ։
Բիւզանդական շրջանին, Փարթենոնասը քրիստոնէական տաճարի կը վերածուի։ Իսկ ֆրանքներու տիրապետութեան ատեն՝ Կաթոլիկ դաւանանքի եկեղեցի եւ օսմանեան շրջանին՝ մզկիթի։ Նաեւ, Աքրոփոլիին հարաւային պատին տակ գտնուող Տիոնիսօ աստուծոյ նուիրուած թատրոնին «Տիոնիսօ Թատրոն» Θέατρο του Διονύσου (Ք․ա․ 6-րդ դար) կեդրոնին վրայի վերնատունը Սուրբ Սփիլիոդիսա Աստուածածնին նուիրուած մատուռի կը վերածուի։
Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին է որ Աքրոփոլիս մեծապէս կը վնասուի։ Հոն թուրքերը վառօդ կ՛ամբարեն։ 1645 թուականին, կայծակահար վառօդը Փրոփիլէան կը պայթեցնէ։ 1687 թ․ Վենետիկցիները գլխաւորութեամբ Ֆրակիսքօ Մոռոզինիի, Աթէնքը կը պաշարեն եւ Փարթենոնան կը պայթեցնեն։ Տաճարը գրեթէ ամբողջութեամբ կը քանդուի։ Այդ օրերէն ետք, տաճարը կանոնաւոր հերթականութեամբ կը կողոպտուի։
19-րդ դարասկիզբին, յունական ապստամբութենէն ճիշդ առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմաս Պրիւսի, ծանօթ իբրեւ Լորտ Էլղին Thomas Bruce (7e comte d'Elgin) անունով եւ անոր գործակալները լուրջ վնասներ կը պատճառեն երբ կը կողոպտեն քանդակներ, արձաններ, սիւներ եւ Անգլիա կը տանին․ Փարթենոնային գօտեքանդակը ζωοφόρος frieze, սիւնաճակատներ metope, ճակտոցներ pediment, մէկ Քարիադիտա Καρυάτιδα caryatid (կնոջական կերպով քանդակ, որ շէնքերու յենակէտ կը ծառայէ) եւ Էրեխթիօ տաճարէն սիւն մը։ Այս բոլորին համար թուրքերուն 35․000 ոսկի կը վճարէ, իսկ Աթենացիներուն ժամացոյց մը կը նուիրէ (կը զետեղէ Հին Շուկային մէջ)։
Նորագոյն շրջան
1821 թուականի ծագած յունական ապստամբութեան շրջանին Աքրոփոլիս պարբերաբար յոյներէն եւ թուրքերէն կը պաշարուի։ Յունաստանի Ազատագրումէն ետք, կը սկսին հնագիտական աշխատանքները եւ յուշարձաններուն վերանորոգումը։
Պարսկական Խրամը
Պարսկական Խրամ․ Պարսիկները երբ Թերմոփիլես ճակատամարտէն յաղթական դուրս կ՛ելլեն, Ք․ա․ 480 թ․, Աթէնքը կ՛աւերեն։ Քանի մը տարի ետք, ազատ Աթէնքի ղեկավար՝ Փերիքլիս, Աքրոփոլին վերակառուցել կու տայ։ Աքրոփոլիսին շուրջերը գտնուած բոլոր աւերակները կը հաւաքուին եւ պարսկական խրամ կոչուած հսկայ փոսին մէջ կը զետեղուին ու հողով կը ծածկուին։
Պարսկական Խրամը կը յայտնաբերուի 19-րդ դարու եղած հնագիտական խեղումներուն ընթացքին։
Նոր կառուցումներ
Բիւզանդական ժամակաշրջանին եւ անկէ ետք եղած փոքր շինութիւններէն զատ, 1865 թ․ - 1874թ․ ժայռին հարաւ-արեւելեան ցած մասին «Աքրոփոլիին Թանգարան»ը կը կառուցուի, Արեւելքէն՝ Արեւմուտք արեւելումով։ Կառուցուած է գրեթէ գետնահաւասար, որպէսզի գեղագիտականօրէն չվնասէ հին յուշարձանները։ 1953թ․, թանգարանը մեծցնելու աշխատանքները հերթականութեամբ կը սկսին․ 1956 թ․, առաջին սրահները կը բացուին, իսկ 1964 վերակառուցումը կը լրանայ։ Սակայն, շարունակ ընդարձակումները գոհացում չեն տար հնագիտական իրերու ցուցադրման եւ 1999թ․ աշխատանքները կը սկսին նոր արդի թանգարանի շինութեան։ 2009թ․ Աքրոփոլիի հին թանգարանին պարունակութիւնը կը տեղափոխուի նորաշէն համանուն թանգարը, որ կը գտնուի Աքրոփոլիին հարաւային կողմը եզերող Տիոնիսիու Աէրոփաղիդու փողոցին Մաքրիղեաննիի հնագիտական վայրին վրայ։
1987 թուականէն Աքրոփոլիին յուշարձանները մաս կը կազմեն Եունեսքոյին Համաշխարհային Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։
Աքրոփոլիին յատակագիծը
- Փարթենոնաս
- Աթինա աստուածուհիին տաճարը
- Էրեխթիօ
- Աթինա Փրոմախույին արձանը
- Փրոփիլէա
- Աթինա Յաղթող/Յաղթական տաճարը
- Էլեֆսինիոն
- Վրաւռոնիօ
- Խալքոթիքի
- Փանտրոսիօ
- Արրիֆորիոն
- Աթինա Փոլիատային տաճարը
- Տիա Փոլիատիին տաճարը
- Փանտիոնոսին տաճարը
- Հերոտիոն կամ՝ Հերովդես Ատտիկեցիին Թատրոնը
- Էւմենոսին ճեմելիքը
- Ասքլիփիոնին տաճարը
- Տիոնիսոյին Թատրոնը
- Փերիքլեսին Թատրոնը
- Տիոնիսոսին տաճարը
[4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27] [28] [29] [30] [31] [32] [33] [34] [35] [36][37] [38] [39]
Մանոլիս Ղլեզոս
Բ․ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Յունաստանը Գերմանիոյ նացիական ուժերը կը գրաւեն։ Յոյները երբեք չեն ընդունիր գերմանական լուծը եւ ընդիմադիր խումբեր կազմելով կը պայքարին ներխուժողներուն դէմ։ Գերմանացիները Աքրոփոլիսի սուրբ ժայռին վրայ կը բարձրացնեն գերմանական նացիական դրօշը։ Յոյն երիտասարդ ընդիմադիր Մանոլիս Ղլեզոս Μανώλης Γλέζος եւ ընդիմադրող ընկերներէն Լաքիս Սանտաս Λάκης Σαντάς (երկուքն ալ 20 տարեկան) 1941 թ․, Մայիս 30 - 31 գիշերուան, առանց յայտնուելու կը յաջողին մագլցիլ ժայռը, վար կ՛առնեն նացիներուն դրօշը եւ յունական դրօշակը կը բարձրացնեն։ Գերմանացիները արարքին «անյայտ յանցաւորներուն» մահապատիժի կը դատապարտեն, սակայն չեն կարողանար երբեք անոնց բռնել։ Հետագային, Մանոլիս Ղլեզոս կարեւոր դեր կ՛ունենայ Յունաստանի հասարակական եւ յառաջադէմ քաղաքական կեանքին մէջ։ Կը մահանայ խոր ծերութեան մէջ, 30 Մարտ 2020թ․։ [40][41]
Անաֆիօդիքա
Աթէնքի այն թաղամասն է որ կը գտնուի Աքրոփոլիսին հիւսիս արեւելեան մասը։ Թաղամասը կը կառուցուի 19-րդ դարուն ընթացքին, երբ էգէական Ծովուն մէջ գտնուող Անաֆի կղզիէն բանուորներ Աթէնք կու գան իբրեւ շինող, որմնադիր բանուոր, որպէսզի իրենց ներդրումը բերեն Աթէնքին վերակառուցման եւ Օթօն թագաւորին արքունիքին կառուցման համար։ Անոնք կը վերակառուցեն 17-րդ դարու երկու եկեղեցիներ՝ Սուրբ Սիմէոն եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։
Թաղամասը կը կառուցուի հետեւելով Քիքլատես կղզիներուն ճարտարապետական ոճին։ [42]
Աքրոփոլիին Մշակութային կարեւորութիւնը
Աթենացիները չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպէին Փանաթինէա խաղերը․ անոնց համբաւը կը մրցակցէր Ողիմպիական խաղերուն։
Արեւմտեան Մշակոյթին յատկանիշ եւ դասական մշակոյթի իւրայատուկ յուշարձան մըն է․ բաց թանգարան մը։
Պատկերասրահ
-
Աքրոփոլիս․ դիտուած Աէրոփաղիդու կամ՝ Արիոս Փաղոս բլուրէն
-
Արիոս Փաղոս բլուրը դիտուած Աքրոփոլիսէն
-
Լիքավիդոս Բլուրը, Աքրոփոլիէն դիտուած -նկար՝ 2019 Սեպտեմբեր
-
Աքրոփոլիս․ հիւսիսային պատ
-
Աքրոփոլիին թանգարանը եւ վարը՝ Տիոնիսօ թատրոնը․ Աքրոփոլիէն դիտուած․ նկար՝ 2019 Սեպտեմբեր
-
Օլիմպիու Զեւս յուշարձանը եւ Արտիդոս Բլուրը - նկար՝ 2019 Սեպտեմբեր
-
Աքրոփոլի․ հարաւային պատը եւ Ասքլիփիոնի սրբավայրը․նկար՝ 2019 Սեպտ․
Աղբիւրներ
Աթէնքին յուշարձանները-pdf (file:///C:/Users/anide/Downloads/downloaded.pdf)
Տե՛ս նաեւ
Ծանօթագրութիւններ
- ↑ Եունեսքոյի Ժառանգութեան Ցանկ (անգլերէն)
- ↑ Բառարան, acro
- ↑ Հին Յունաստան, Աթինա աստուածուհին (ֆր.)
- ↑ Թուքիտիտիս, Պատմութիւն, գիրք 2, գլուխ՝ 15, պարբ․՝ 3 (2.15.3) (յունարէն)
- ↑ Հոմեռոս, Իլիատա, գիրք 2, տող 546 (յունարէն)
- ↑ Աքրոփոլի Բլուրին ցայտուքներն ու աղբիւրները (անգլերէն)
- ↑ Աթէնքի պարսպաւոր պատերը, Ioanna Venieri, հնագէտ (յունարէն)
- ↑ Աքրոփոլի թանգարան, Էքադոպետոս(յունարէն)
- ↑ Պրիտանական հանրագիտարան, Փեսիսդրադոս(անգլերէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Փրոփիլէա(յունարէն)
- ↑ Հին Շուկան եւ Աքրոփոլիս(յունարէն)
- ↑ Իլատա – Հոմեռոս․ Il. 2.546(յունարէն)
- ↑ Աթէնքի Աքրոփոլիին վերակառուցումը․ Dr. Fani Mallouchou-Tufano․ 1/18/2006(յունարէն)
- ↑ Բաց դպրոց․ Զ․ դասարանի Պատմութեան գիրք (յունարէն)
- ↑ Աքրոփոլի թանգարանի հաւաքածոները(յունարէն)
- ↑ Յունական Մշակոյթ - Փարթենոնաս(յունարէն)
- ↑ Բառարան․ հին յունարենէ՝ անգլերէն
- ↑ Ռօլէնի (Charles Rollin) Գաղղիացւոյ ՀՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ, հատոր վեցերորդ էջեր՝ 582, 688, Վենետիկ ՌՄՀԸ (1829)(յունարէն)
- ↑ Պատմութիւն արեւմտեան ճարտարապետութեան, էջ՝ 39, David Watkin, տպգր․ Laurence King, 1-6-2016(յունարէն)
- ↑ Փաւսանիաս, Յունաստանի նկարագրութիւն-ուղեւորութիւն, Ատտիկէ – գլուխ 26, պարբերութիւն՝ 5(յունարէն)
- ↑ Յունական ճարտարապետութիւն եւ անոր Քանդակագործութիւնը Ian Jenkins,Harvard University Press, 2006 թ․(յունարէն)
- ↑ Սըր Ճոն Թանգարան, Անգլիա, Լոնտոն․ Էրէխթիօ տաճարի գօտեքանդակէն կնոջական կերպարանքի օրինակ մը(անգլերէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Արրիֆորիոն(յունարէն)
- ↑ Յունաստանի Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւն․ Ակրիփային պատուանդանը(յունարէն)
- ↑ Աթէնքին յուշարձանները, Ակրիփային պատուանդանը էջ՝ 74-76 (յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Հռոմէական Աթէնքը(յունարէն)
- ↑ []
- ↑ Հին Աթէնքը 3D ներկայացումով(անգլերէն)
- ↑ Յունական Արձանագրութիւններ(յունարէն)
- ↑ Յունական արձանագրութիւններուն պատմութիւնը(յունարէն)
- ↑ Յունաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւն, Հերոտիոնի Թատրոնը(յունարէն)
- ↑ Աթէնքի փառատօն․ Հերոտիոն թատրոնին պատմութիւնը(յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Տիոնիսօ Թատրոն(յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Փերիքլեսի Թատրոն(յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին, Փերիքլեսի Թատրոն(յունարէն)
- ↑ Փանաթինէա փառատօնը(յունարէն)
- ↑ Պարսկական Խրամը(յունարէն)
- ↑ []
- ↑ []
- ↑ CNN«Ատիօ» Մանոլի Ղլեզոյին(յունարէն)
- ↑ CNN Մանոլիս Ղլեզոս, կեանքը (յունարէն)
- ↑ Հնագիտութիւն Աթէնք քաղաքին․ Անաֆիօդիքա(յունարէն)
Արտաքին յղումներ
- [1] Յունական Արձանագրութիւններ (անգլերէն)
- [2]Տիոնիսօին թատրոնը (անգլերէն)
- [3] Անաֆիօդիքա(անգլերէն)
- [4] Փարթենոնաս(անգլերէն)
- [5] Քեքրոփաս(անգլերէն)
- [6] Փերիքլիս(անգլերէն)
- [7] Փրոփիլէա(անգլերէն)
- [8] էրէխթիօ(անգլերէն)
- [9] Աթինա Ափդերու Նիքիս տաճարը(անգլերէն)
- [10] Արխայիքի ժամանակաշրջան(անգլերէն)
- [11] Փեսիսդրադոս(անգլերէն)
- [12] Էքադոպետոս տաճարը(անգլերէն)
- [13] Ֆիտիաս(անգլերէն)
- [14] Իքդինոս(անգլերէն)
- [15] Քալլիքրադիս(անգլերէն)
- [16] Մնիսիքլիս(անգլերէն)
- [17] Էրէխթիոս Թագաւոր(անգլերէն)
- [18] Վրավռոնիօ տաճարը(անգլերէն)
- [19] Քարիադիտես(անգլերէն)
- [20] Հերովտես Ատտիկեցին(անգլերէն)
- [21] Փանաթինէա(ֆր.)
- [22] Հին Ողիմպիական Խաղեր(անգլերէն)
- [23] Աթինա կոյս(ֆր.)
- [24] Արիոս Փաղոս(ֆր.)
- [25] Մանոլիս Ղլեզոս(յունարէն)