Jump to content

Ատլանտիտ

Ադլանդիտ (հին յուն․՝ Ἀτλαντὶς), յայտնի ըստ աւանդութեան կղզի-պետութիւն։ Առաւել մանրամասն նկարագրուած Բլաթոնի երկխոսութեան մէջ, ինչպես նաւ յայտնի Հերոդոտոսի, Դիոդորոս Սիցիլիացու, Ստրաբոնի հիշատակումներուն եւ ակնարկներուն։

Ադլանդիտի գտնուելու վայրի մասին նախնիներու ցուցմունքները յայտնի չեն։ Ըստ Բլաթոնի, կղզին կը գտնուի Հերկուլեսեան սիւներուն արեւմուտք, Ադլանդա սարի առջեւէն։ Սաստիկ երկրաշարժի ժամանակ, որ կ՛ուղեկցուէր ջրհեղեղով, կղզին իր ողջ բնակչութեամբ մէկ օրում մնաց ջուրի տակ։ Բլաթոնը կը նշէ մ.թ.ա. 9500 թուականը որպէս աղետի ժամանակաշրջան։

Ադլանդիտի մասին պատմուածքներուն հետաքրքրութիւնը արտահայտուեցաւ Վերածնունդի դարաշրջանին։ Արդի գիտութեան մէջ Ադլանդիտի գոյութեան մասին հարցերը վիճելի են։ Գոյութիւն ունի 1950-ականներու վերջին մշակուած յատուկ ուսմունք՝ ադլանդալոգիա։

Ադլանդան հարուստ է իր մշակոյթով։

Արասփելի Պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բլաթոնի Երկխոսութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ադլանդիտի մասին բոլոր տեղեկութիւնները կը պարունակէն Բլաթոնի երկու երկխոսութիւնները «Թիմեյ» (համառոտ) եւ «Կրիտիյ» (մանրամասն). «Թիմեյ»-ի երկխոսութիւնը կ՛սկսի Սոգրադի եւ պիւդակորական Թիմեյի դատողութիւններով լաւագոյն պետական կառոյցի մասին։ Համառոտ նկարագրելով կատարեալ պետութիւնը, Սոգրաթը կը բողոքէ ստացուած նկարին վերացական եւ սխեմատիկ ըլլալը եւ ցանկութիւն կը հայտնէ «լսել նկարագրութիւն մը, որ ինչպէս կը պահէ իրեն այդ պետութիւնը այլ երկիրներուն դէմ կը պայքարի,ինչպէս այն արժանավայել ձեւով պատերազմի մէջ կը մտնէ, պատերազմի ընթացքին անոր քաղաքացիները՝ ըստ իրենց ուսման եւ դաստիարակութեան,ինչպէս կը կատարեն իրենց պարտքը ըլլայ այդ բանակի դաշտը կամ իւրաքանչիւր այլ պետութիւններու հետ բանակցութիւններու»: Ընդառաջելով այդ ցանկութեանը, երկխոսութեան երրորդ կողմը, Աթենի քաղաքական գործիչ, Կրիտիյը կը ներկայացնէ իբրեւ իր պապի՝ ավագ Կրիտիյի պատմած Աթենի եւ Ադլանդիտի միջեւ տեղի ունեցած պատերազմի պատմութիւնը, որ իր հերթին այդ մասին իմացած է Սոլոնի զրոյցներուն։ Վերջինս իմացած է անոր մասին Եգիպտոսական քրմերէն։ Պատմութեան իմաստը հետեւեալն է. ժամանակով, 9000 տարի առաջ (Կրիտիյի եւ Սոլոնի ապրած ժամանակներէն առաջ, այսինքն, մ.թ.ա. VI-V դդ.), Աթենը շատ փառահեղ, հզոր եւ առաքինի պետութիւն էր. Անոր հիմնական մրցակիցը նշուած Ադլանդիտն էր. «Այդ կղզին իր չափերով աւելի մէծ է, քան Լիպիան եւ Ասիան միասին»: Անոր վրայ առաջացած է «իր մեծութեամբ զարմանահրաշ եւ զորութեամբ արքաութիւն», որ իրեն ենթարկած էր ամբողջ Լիպիան՝ մինչեւ Եգիպտոս եւ Եւրոպան մինչեւ Տիրրենիյա (արեւմտեան Իտալիա): Այդ թագավորութեան ամբողջ ուժերը նետուած են Աթենը ստրկացնելու համար։ Աթենացիները, հելենների գլխաւորութեամբ, ոտքի կը կանգնին, իրենց ազատութիւնը պաշտպանելու համար, եւ հակառակ բոլոր դաշնակիցներուն դաւաճանութեան, իրենց քաջութեան եւ առաքինութեան շնորհիւ հետ մղած են ներխուժումը, ջախջախել ադլանդներուն եւ ազատագրուել վերջիններուն կողմէն ստրկացուած ժողովուրդներուն։ Սակայն ետքը, տեղի ունեցած է ահռելի բնական աղէտ, որուն արդիւնքը մէկ օրուայ ընթացքին աթենացիներու ողջ բանակը ոչնչացաւ, իսկ Ադլանդիտը խորասուզուեցաւ ծովին հատակը։ "Կրիտիյ" երկխոսութեան, նոյն մասնակիցներուն հետ, ուղղակի «Թիմեյի» շարունակութիւնն է եւ ամբողջութեամբ նուիրուած է հին Աթենի եւ Ադլանդիտի մասին Կրիտիյի պատմութեան։ Աթենն այն ժամանակ (մինչեւ երկրաշարժն ու ջրհեղեղը) մեծ եւ աներեւակայելի բերրի երկրի կենտրոնն էր։ Ան բնակեցուած էր առաքինի ժողովուրդով, որ ստեղծած էր կատարեալ (Բլաթոնի կարծիքով) պետական կառուցուածք։ Մասնաւորապէս, ամէն ինչ կը կարաւարէյին իշխանաւորներներն ու ռազմիկները, որոնք կ'ապրէյին հիմնական հողագործ-արհեստագործական զանգուածէն առանձին՝ Ագրոբոլի մէջ, կոմունիստական համայնքով։ Համեստ եւ առաքինի Աթենին կը հակադրուէր գոռոզ եւ հզոր Ադլանդիտը։ Ըստ Բլաթոնի, Ադլանդներու ցեղը ծագած էր Բոսեյիտոն աստծոյ եւ մահկանացու Գլեյթո աղջկան ամուսնութեան։ Ան լոյս աշխարհ բերած էր տասը աստվածային որդիներ, որոնց ավագը Ադլանդն էր։ Անոնց միջեւ ալ ան բաժնած էր կղզին եւ, անոնց դարցած էին անոր թագաւորական տոհմի նախահայրեր։ Կղզին կենտրոնական հարթավայեւը կը տարածուէր 3 հազար բեմահարթակ երկարութեամբ (540 կմ) եւ 2000 բեմահարթակի (360 կմ) լայնութեամբ։ Կղզիին կեդրոնն է բլուր մը, որ ծովը կը գտնվուէր 50 բեմահարթակ (8-9 կմ) հեռավորութեան վրայ։ Այդ պաշտպանելու համար Բոսեյիտոնը անցկացրած էր երեք ջուրի եւ երկու հողէ օղակները, իսկ ադլանդները այդ օղակներուն հետ կամուրջներ գցած էին եւ կառուցած էին ջրանցքներ, որպէսզի նաւերը կարողանան անցնիլ անոնց միջոցով ընդհուպ մինչեւ քաղաք, իսկ, աւելի ճիշտ մինրեւ կեդրոնական կղզի, որ ունէր 5 բեմահարթակ (մէկ կիլոմետրէն քիչ մը պակաս) տրամագծով։

Ընդհանրապէս Բլաթոնը մեծ տեղ տուած է կղզիին չլսուած հարստութեան եւ բերքատւութեան մասին նկարագրութիւններուն, անոր խիտ բնակեցուած, հարուստ բնական աշխարհի մասին (ըստ հեղինակի այնտեղ նոյնիսկ փիղեր կ'ապրէին)։

Մինչ Ադլանդիտի մէջ պահպանուած էր հրաշալի բնութիւն, անոնք մոռացութեան մատնած էին հարստութիւնները՝ մեծարելով ստեղծողն։ Երբ զարմանահրաշ բնութիւնը վերափոխուեցաւ վատի եւ խառնուեցաւ մարդկութեանը, ոչնչացուեցան անոր հարստութիւնները։ Մարդիկ դարձան գոռոզ եւ ագահ։ Բարկացած այդ տեսարանին Զիւսը որոշեց ոչնչացնել ադլանդացիներուն եւ աստուածներուն հրաուիրեց ժողովի։ Այսպիսով այլաբանութիւնը, համենայն դեպս մեզ հասած պատմութիւնը, ընդհատուի։

Վարկածներ գոյութեան մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ադլանդիտը, հորինուածք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմաբաններու եւ հատկապէս բանասերներու ամենատարածուած կարծիքը՝ Ադլանդիտի պատմութիւնը թիփիկ փիլիսոփայական առասփել է, որուն նմուշներ կը հանդիսանան Բլաթոնի այլաբանութիւնները։ Իսկապէս, Բլաթոնը ի տարբերութիւն Արիսթոթելի եւ առաւել ես պատմաբաների, երբեք նպատակ չէ ունեցած ընթերցողին հայտնել որեւէ իրական փաստ, այլ միայն մտքեր, որոնք պատկերուած են փիլիսոփայական առասպելներով։ Այն չափով, որով մենք կը ստուգենք պատմութիւնը, այն կը հերքւուի մատչելի հնէաբանական նիւթերով։ Իսկապէս, որեւէ զարգացած քաղաքակրթութեան ոչ մէկ հետք չկա Յունաստանի կամ Եւրոպայի եւ Աֆրիգայի արեւմուտքին, ոչ սառոյցի եւ հետսառոյցի, ոչ ալ անոր հաջորդող դարաշրջաններուն։ Անոր հետ մէկտեղ, տեսանելի է, որ Ադլանդիտի պատմականութեան կողմանկիցները ուշադրութիւն չեն դարձնէր այլաբանութիւններում ստուգելի մասը(ներառյալ Աթենան քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն դերը), այլ իրենց հետազոտութիւնները կենտրոնացնում են բացառապէս «չստուգուող» Ադլանդիտի վրայ։ Հետագային փաստերու աղբիւր կը հանդիսանան եգիպտական քրմերը, մինչդեռ բազմաթիւ հին եգիպտական պատմութիւնները, առաւել եւս պապիռոսի վրայ, չի գրուած ոչինչ, որ կը հիշեցնէ Բլաթոնի պատմուածքը։