Jump to content

Երանոս Լիոնացի

Երանոս Լիոնացի
հին յուն․՝ Εἰρηναῖος Λουγδούνου
Ծնած է 130[1][2][3][…]
Ծննդավայր Իզմիր
Մահացած է 202[1][2][3][…]
Մահուան վայր Լիոն, Հռոմէական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Ասիա
Մասնագիտութիւն աստուածաբան, Քրիստոնեայ հոգեւորական, փիլիսոփայ
Վարած պաշտօններ Bishop of Lyon? եւ եպիսկոպոս

Երանոս Լիոնացի կամ Իրենիոս Լուկտոնացի, յոյն քրիստոնեայ գրող, եպիսկոպոս եւ աստուածաբան։ Կը համարուի Բ. դարու մեծագոյն աստուածաբանը։ Անոր աստուածաբանութիւնը կը ներկայացնէ արեւմուտքի հարցերու լուծումը՝ արեւելքի աւանդութեամբ։ Ծագումով Զմիւռնիայէն, Պողիկարպոս Զմիւռնիացիին աշակերտն է։

Մարկոս Ավրելիոս կայսեր օրով եղած է Լիոն (ըստ լատիներէն հին անուանման՝ Լուկուտուն) քաղաքի հոգեւորականներէն մէկը, Լիոնի եպիսկոպոսի նահատակուելէն ետք, կ'ընտրուի նոր եպիսկոպոս։ Ըստ եկեղեցական աւանդութեան, նահատակուած է Սեփթիմիոս Սեւերոսի օրով քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներէն մէկուն ատեն։ Իր գրութիւններուն բնագիր լեզուն յունարէնն է, սակայն մեզի հասած են միայն անոնց լատինական եւ այլ լեզուներով թարգմանութիւնները։

Ուղղափառ եկեղեցւոյ հայրերուն մասին ուսումնասիրողներ չեն կրցած ճշգրիտ թուական մը տալ Երանոս Լիոնացիի ­ծննդեան եւ մահուան, այդ պատճառով կը կարծուի թէ ան ծնած է Ք.Ե. 130-150 թուականներու միջեւ, Փոքր Ասիոյ Զմիւռնիա քաղաքին մէջ:

Լիոնացի անձնապէս ճանչցած է Սուրբ Պողիկարպոսը՝ Զմիւռնիոյ մէջ եւ անոր աշակերտած ու ստացած է Յովհաննէս առաքեալին աւանդութիւնը: Հետետիկոսութիւնները հերքող Բ. դարու ամէնէն հին աստուածաբաններէն կը հանդիսանայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:

Երանոս հետամուտ էր իմաստասիրութեան: Ան կ'ուսուցանէր, թէ մարդուն միտքը չէր կրնար ամբողջապէս զԱստուած գիտնալ եւ հասկնալ Անոր փրկութեան ծրագիրը (Որ ի վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս):

Երանոս ականատես ու վկայ է Պողիկարպոսի կեանքին: Ինք կը վկայէ իր անձին մասին, թէ ան ունկնդիր եղած է Պողիկարպոսի քարոզներուն, Զմիւռնիոյ մէջ: Ան նամակ մը գրած է իր ընկերոջ՝ Florinus-ին, Պողիկարպոսի քարոզութիւններուն մասին, սակայն այս նամակին մէջ ան չէ խօսած իր մանկութեան եւ ընտանիքին մասին, ինչ որ կասկած կ'արթնցնէ, թէ ինչպիսի ընտանիքի մը մէջ աճած է, հեթանո՞ս թէ քրիստոնեայ:

Դարձեալ յայտնի չէ, թէ ան ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ քրիստոնեայ դարձած է, արդե՞օք Պողիկարպոսի ջանքերով կամ ուիրշներու: Սակայն ուրիշ աղբիւրի մը մէջ գրուած կը գտնենք, ուր կը հաստատէ, թէ ան քրիստոնեայ ծնած է:

Փոքր Ասիայէն փոխադրուած է Գաղիա, որուն պատճառը յայտնի չէ դարձեալ: Իր ուսումը ստացած է Հռոմի մէջ եւ հոն ալ ուսուցանած է, նախքան Գաղիա փոխադրուիլը:

178-ին վերադարձած է Լիոն, եւ նշանակուած է Փոտինոսին յաջորդը, ապա զինք եպիսկոպոս կարգած են Յոյն Ուղղափառ համայնքին Լիոնի մէջ:

Ան իր ամբողջ ժամանակն ու ջանքը ի սպաս դրած է Գաղիոյ մէջ քարոզութիւն կատարելու, որովհետեւ արդէն հմուտ էր Գաղիոյ լեզուին, որմէ ետք ուսուցանած եւ գրած է, բացատրելով քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքը Գնոստիկեաններուն եւ անոնց հերետիկոսութիւններուն դէմ:

Իր իմաստութեամբ եւ հմտութեամբ, միջամտած է այդ օրերուն տեղի ունեցած վիճաբանոթեան եկեղեցիներու միջեւ, Ս. Զատկուան հարցին շուրջ: Ան «խաղաղութեան մարդ»ու դեր կատարած է, ինչ որ իր անուան իմաստը կը յայտնէ: Ան փորձած է խաղաղութիւն հաստատել Հռոմի եպիսկոպոսին՝ Վիքթոր Ա.-ին, որ կ'ուզէր բաժնել Հռոմի մէջ գտնուող եկեղեցիները Փոքր Ասիոյ եկեղեցիներէն, Զատկուան տօնակատարութեան թուականին պատճառով:

Իր մահուան թուականը յայտնի չէ, սակայն կը կարծուի, թէ ան վախճանած է 190-202ի թուականներու միջեւ, հալածանքներու ժամանակ septime severe-ի կողմէ: Եկեղեցւոյ պատբաման՝ Եւսեբիոս, չէր յիշած դէպք մը իր մահուան վերաբերեալ: Սակայն Gregory De La Tours Կ'ըսէ, թէ նահատակուած է:

Սուրբ Երանոս գրած է բազմաթիւ գիրքեր, մանաւանդ Գնոստիկեան աղանդին դէմ, բայց այդ գիրքերէն մեզի հասած է երկու գիրք: Իր գործերը գրուած են Յունարէնով եւ ինչ որ մեզի հասած է, թարգմանութիւններն են Հայերէն եւ Ասորերէն լեզուի, սակայն մեզի հասած այս երկուքը գրուած են նաեւ Լատիներէն լեզուով: Առաջինը՝ «Ցոյցք Առաքելական Քարոզութեան», գիրք մըն է, որ կը բացատրէ քրիստոնէական վարդապետութիւնը  անոր ճշմարտութիւնը հաստատելով Հին Կտակարանի մարգարէութիւններուն միջոցով: Երկորդը՝ «Ընդդէմ հերձուածողաց»: Այս գիրքը կը բաժնուի 99 գլուխներէ: Այս 99 գլուխները իրենց մէջ կը պարունակեն երկու բաժին: Առաջին բաժինին մէջ՝ 1-41 գլուխներով կ'անդրադառնայ մարդոց հաւատքին մասին: Իսկ երկրորդ բաժինը՝ 42-97 գլուխներով, կ'անդրադառնայ այս հաւատքի ապացոյցին մասին: Ան կը խօսի Ս. Երրորդութեան, մարդկութեան անկման, ինչպէս նաեւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղացման եւ զոհողութեան մասին, միաժամանակ ներկայացնելով զԻնք իբրեւ Դաւիթի Որդի:

Երանոսի քրիստոնէական ուսուցումները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հասկնալու համար Երանոսի աստուածաբանական ուսուցումները Քրիստոսի անձին մասին, պէտք է յիշել պատմական դէպքերը վարդապետական հարցերու վերաբերեալ: Այդ օրերուն Գնոստիկութիւնը բաւական ծաւալում ստացած էր կարգ մը քաղաքներու մէջ. Յովհաննէս առաքեալ ալ իր Աւետարանը եւ նամակները գրած էր Գնոստիկեան եւ այլ սխալ ուսուցումներու դէմ: Երբ Պողիկարպոս՝ Յովհաննէս առաքեալի աշակերտը, իր գործունէութեան կը սկսի, կը շարունակէ իր ուսուցիչին պատերազմը ընդդէմ Գնոստիկեան նորարարութիւններուն, որոնք տարածուած էին մանաւանդ Միջերկրական ծովուն եզերքը: Գնոստիկեաններու ուսուսցումները հասած էին Լիոն, ուր պիտի քարոզէր Զմիւռնացին եւ այդ պատճառով յարձակում կը մղէ այդ ուսուցումներուն դէմ, շարունակելով իր նախնիներուն գործը:

Իր գրութիւններուն մեծ մասը «Տարբեր Հերետիկոսութիւններ» (Adversus Haeresus)-ի մէջ, այս խմբակի ուսուցումներուն հակառակ էր, միաժամանակ քննադատելով զանոնք, որովհետեւ Գնոստիկեաններէն շատեր Յիսուսի մէջ կը տեսնէին աստուածութիւն մը, որ բխած էր Ամենակալ Աստուծմէ, որմէ ծնունդ առած էին նաեւ զանազան այլ աստուածութիւններ: Անոնց ուսուցումները Երանոս չ'ընդունիր, սակայն երբ ան կը սկսի բացատրել Լոկոսը, բուռն կերպով կ'ընդդիմանայ աստուածաբաններու դէմ, որոնք կը ներկայացնէին երկար բացատրութիւններով Աստուծոյ Որդիին ծագումը, աղբիւրը եւ գոյութիւնը: Ան կը շարունակէ ըսելով, թէ այսպիսի հարցեր կարելի չէ հասկնալ, որովհետեւ մարդուն միտքը չի կրնար այսպիսի հարցեր քննարկել, Աստուծոյ բոլոր գործերը մարդ արարածին միտքը չի կրնար հասնիլ, Աստուած Ինքզինք յայտնած է մարդկութեան զանազան ձեւերով:

Իր բացատրութիւնը փրկութեան մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երանոս իր ուսուցումներով կը կեդրոնանայ այն ինչ որ կը վերաբերի փրկութեան հարցին: Այս փրկութեան նիւթին վերաբերեալ յոյն աստուածաբան մը (որուն անունը չէ յիշուած) կը շեշտէ փրկութեան հարցը, որ կատարուած է Յիւսուս Քրիստոսով, որովհետեւ կարգ մը Գնոստիկեաններ գիտէին, թէ Յիսուս դարերէ ի վեր գոյութիւն ունէր կամ Աստուած մըն էր, որ ծնունդ առած էր մեծագոյն Աստուծմէ եւ մարդացած, որ փրկէ մարդկութիւնը եւ ազատէ անոր մէջ բանտարկուած աստուածային ճրագները:

Երանոս կու գայ ըսելու, թէ Յիսուս մարդոց փրկութեան համար մադեղացաւ, աշխարհ եկաւ, սակայն այն Յիսուսի մասին, զոր կը խօսէին Գնոստիկեանները, Աւետարանի նոյն Յիսուսը չէր, այլ մէկն էր միւս բազմաթիւ աստուածներէն, սակայն Աւետարանի Յիսուսը յատուկ էր, որ եկաւ Իր անձը զոհելու մարդկութեան համար:

Հաւանաբար Գնոստիկեաններու այս ըմբռնումը Յիսուսի մասին չարախօսութիւն էր, որուն կը հակադարձէ Երանոս, թէ Աւետարանի Յիսուսը իսկական մարմին առաւ եւ իր խօսքը շարունակելով կ'ըսէ. « Եթէ Յիսուս իսկական Աստուած չէր եւ իսկական չմարդանար, այն ատեն մեր փրկութիւնը անկարելի պիտի ըլլար: Երբ Քրիստոս մարմին զգեցաւ, մեր փրկութեան համար զգեցաւ, ինչպէս որ առաքեալը կ'ըսէ (Բանը մարմին եղաւ)»: Սակայն անոր մարդեղացումը իր աստուածութիւնը չկորսնցուց եւ մնաց նոյն Քրիստոսը: Այս վերջին արտայայտութիւնը նշանաւոր դարձաւ Քաղկեդոնի մէջ: Շատեր կը մեղադրէին Երանոսը, որովհետեւ կը կեդրոնանար Քրիստոսի մարմինին վրայ, սակայն ինք ստիպուած էր այս մասին խօսելու, Գնոստիկութեան դէմ պայքարելու համար: Այս չի նշանակեր, որ Լիոնացի կ'ուրանայ Քրիստոսի հոգիին ներկայութիւնը եւ յստակօրէն կ'ըսէ, թէ Քրիստոսի հոգին մարդկային հոգի էր մեզի պէս:

Այստեղ Երանոս իր ժխտական կեցուածքը կ'որդեգրէ Տոսեթիքներունդէմ, որոնք կը կարծէին թէ Յիսուս միմիայն Աստուած է:

Լիոնացի խիստ կերպով կը հաստատէ, թէ անհրաժեշտ էր մարդեղացումը եւ զոհողութիւնը եւ փրկիչի մը ներգործութիւնը: Եւ այս փրկիչը պէտք էր միաժամանակ թէ Աստուած եւ թէ մարդ ըլլար, որպէսզի հաշտեցնէ մարդը Աստուծոյ հետ եւ այս գործը միայն կրնար Քրիստոս կատարել: Ան իր շեշտը կը դնէր  Քրիստոսի կատարած գործերուն եւ մանաւանդ զոհողութեան վրայ:

Երանոս Յովհաննէս առաքեալի առաքելութեան ուղիին չի հետեւիր, այլ՝ Պօղոս առաքեալին, որովհետեւ Յովհաննէս առաքեալ կը խօսէր անոր մասին, որ սկիզբէն էր, Իսկ Պօղոս առաքեալ կը կեդրոնանար Յիսուսի գործին վրայ, ան որ խաչ բարձրացաւ մեզի համար:

              

  •    . الدكتور القس حنا جرجس الخضري، تاريخ الفكر المسيحي،المجلد الأول، دار الثقافة، القاهرة، ١۹۸١.
  •      . القمص تادرس يعقوب ملطي، نظرة شاملة لعلم الباترولوجي في الستَّة القرون الأولى، مطبعة دير الشهيد العظيم مارمينا العجائبي بمريوط، الإسكندرية، ٢٠٠۸.
  •      . معجم الآلهة و أنصاف الآلهة و الأبطال و المعتقدات و الأماكن الجغرافية في أهم حضارات العالم القديم، المطران ميخائيل ابرص و آني طوروسيان، دكاش غرافيكس،لبنان-٢٠١٦.
  •      .تاريخ فكر المسيحي عند آباء الكنيسة، منشورات المكتبة البولسية، مطران كيرلس سليم بستوس و الاب حنا الفاخوري و الاب جوزيف العيسى البولسي، بيروت-٢٠٠١.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Babelio — 2007.
  2. 2,0 2,1 (unspecified title)
  3. 3,0 3,1 AlKindi (Դոմինիկյան Արևելագիտության ինստիտուտի առցանց կատալոգ)