Լուսնթագ
Լուսնթագ (լատ.՝ Jupiter; Խորհրդանիշ: ) կամ Լուսնթագ, Արեգակէն հեռաւորութեամբ հինգերորդ եւ արեգակնային համակարգի ամենամեծ մոլորակը։ Լուսնթագի զանգուածը կազմուած է Արեգակի զանգուածի ընդամէնը մէկ հազարերորդը (0,1%), միեւնոյն ժամանակ անիկա երկուք ու կէս անգամ մեծ է արեգակնային համակարգի բոլոր մնացած մոլորակներէն ընդհանուր զանգուածին։ Սադուրնի, Ուրանոսի եւ Նեպթունի հետ միասին կը դասուի կազային հսկաներու դասակարգին։ Այս չորս մոլորակները երբեմն նաեւ միասին կ'անուանուին Լուսնթագեաններ կամ արտաքին մոլորակներ։
Լուսնթագը մարդկութեան յայտնի է հնագոյն ժամանակներէն[1], եւ արտացոլուած է տարբեր մշակոյթներու դիցաբանութեան մէջ եւ կրօնական պատկերացումներու՝ Միջագետքի, Բաբելոնի, Յունաստանի եւ այլն։ Հռոմէացիները մոլորակը անուանած են Հռոմէական աստուածներու բարձրագոյն՝ Լուսնթագ անունով։
Երկրէն դիտելը, Լուսնթագը կրնայ հասնիլ −2,94 տեսանելի մեծութեան, հետեւաբար ան Երկրի գիշերային երկինքի մեծութեամբ երրորդ պայծառ մարմինն է՝ Լուսինէն եւ Վեներայէն յետոյ (Մարսը մօտաւորապէս կրնայ հասնիլ Լուսնթագի մեծութեան միայն իր ուղեծիրի որոշակի կէտին)։
Լուսնթագը հիմնականօրէն կազմուած է ջրածինէ, իսկ հելիումը կազմած է անոր զանգուածին քառորդ մասը, միաժամանակ հելիումի մոլորակի մասնիկներու ընդամէնը 1/10-ն են։ Կարելի է նաեւ, որ անիկա ունի ժայռային միջուկ, կազմուած աւելի ծանր տարրերէն։ Միւս հսկայ մոլորակներու նման, Լուսնթագը չունի կարծր մակերեւոյթ։ Արագ պտտելու հետեւանքով անոր ձեւը աւելի մօտ է սեղմուած գունդի։ Արտաքին մթնոլորտը տեսանելիօրէն բաժանուած է քանի մը շերտեր ըստ աշխարհագրական լայնութեան, որոնց հատման շերտերէն կը յառաջանան փոթորիկներ եւ կազային շարժումներ։Անոնց արդիւնքն է Մեծ կարմիր հետքը:Իր տրամագիծով ան երեք անգամ կը գերազանցէ Երկիր մոլորակը։ Լուսնթագի վրայ տեղի կ՛ունենայ շարք մը մթնոլորտային երեւույթներ, փոթորիկներ, կայծակներ եւ բեւեռափայլեր, որոնք քանի մը անգամ աւելի մեծ են ու հզօր քան Երկրի վրայ։
Ուղեծիրը և պտույտ[խմբագրել | խմբագրել կոդը]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]լուսնթագը(կարմիր) կը կատարէ մեկ ամբողջ պտոյտ Արեգակի (կենդրոնին մէջ) շուրջ Երկրի (կապոյտ) 11,86 ամբողջական պտոյտներու ընթացքին լուսնթագը մոլորակներու միջև միակն է, որու Արեգակի հետ համակարգի ծանրության կենդրոնը կը գտնուի Արեգակի մակերեւոյթէն դուրս, այնուամենայնիւ այդ հեռաւորութիւնը Արեգակի մակերեւոյթէն չափազանց փոքր է, եւ կը կազմէ Արեգակի շառավիղի 7%-ը։ լուսնթագի և Արեգակի միջին հեռաւորութիւնը կը կազմէ 778 միլիոն քմ (մօտ 5,2 անգամ մեծ Արեգակի և Երկրի միջին հեռաւորութենէն, կամ 5,2 ա.մ.) եւ այն կ'իրականացնէ մէկ ամբողջական պտոյտ Արեգակի շուրջ 11,86 երկրային տարուայ ընթացքին։ Այս մէկը կը կազմէ Սաթուրն մոլորակի ուղեծրային պարբերութեան երկու հինգերորդը, կազմաւորելով Արեգակնային համակարգի երկու ամենամեծ մոլորակներու միջեւ 5։2 ուղեծրային ռեզոնանս։
լուսնթագի առանցքի թեքումը համեմատաբար փոքր է, ընդամէնը 3,13°։ Որպէս արդիւնք մոլորակի վրայ տեղի չեն ունենար եղանակներու փոփոխութիւններ, ի տարբերութիւն, օրինակ՝ Երկրի կամ Մարսի։
լուսնթագի պտոյտը ամենաարագն է Արեգակնային համակարգի մոլորակներու միջև, իր առանցքի շուրջ մէկ ամբողջական պտոյտը կը տեւէ տասը ժամէն քիչ մը աւելի։ Այս արագութեան պատճառով կը ստեղծէ հասարակածին ընդլայնումը, որ դիւրաւ կարելի է նկատել Երկրի վրայ գտնուող սիրողական աստղադիտակներէն։ Մոլորակն ունի սեղմուած սֆերոիդի տեսք, այսինքն անոր հասարակածային տրամագիծը մեծ է մոլորակի բեւեռներու միջեւ ինկած հեռաւորութիւնէն։ Այս տարբերութիւնը կը կազմէ շուրջ 9275 քմ։
Քանի որ լուսնթագը պինդ մարմին չէ, անոր մթնոլորտի վերին շերտը կ'ենթարկուի դիֆերենցիալ պտոյտի։ լուսնթագի բեւեռային մթնոլորտի պտոյտը մօտ 5 վայրկեան աւելի մեծ է, քան հասարակածային մթնոլորտինն է։ III համակարգը յայտնաբերուեր է ռատիօ աստղագէտներու կողմէ, եւ կը կապուի մոլորակի մագնիսոլորտի հետ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Դե Կրեսպեյն Ռաֆե։ «Կայսր Հուանը եւ Կայսր Լինգը»։ Ասիայի հետազոտություններ, առցանց հրապարակումներ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-09-07-ին։ արտագրուած է՝ 1 մայիս 2012