Jump to content

Խորհրդային Միութեան դրօշակ

Խորհրդային Միութեան դրօշակը:

Խորհրդային Միութեան դրօշակ, պետական դրօշն էր Խորհրդային Միութեան, 1923 թուականէն սկսեալ մինչեւ այդ պետութեան տապալումը՝ 1991 թուական։ Դրօշակին պատկերն ու նպատակը ծագած են Ռուսիոյ յեղափոխութենէն: Դրօշը նաեւ միջազգային նշան մըն է համայնավար շարժումին, եւ ունի երկու ծածկանուններ՝ Կարմիր Դրօշը եւ Մուրճն ու Մանգաղը:

Կարմիր դրօշակը ու կարմիր աստղը:

1917 թուականէն առաջ, արդէն կարմիր դրօշ մը կը ներկայացնէր յեղափոխութիւն: Մուրճն ու մանգաղը կարմիր դրօշակին աւելցան Ռուսիոյ յեղափոխութեան ժամանակ, որ կը ներկայացնեն գործաւորներուն եւ գիղացիներուն միութիւնը: Կարմիր դրօշակը ենթարկուած է փոփոխոթիւններու եւ անոր աւելցած է կարմիր աստղ խորհրդանշանը, որ կը ներկայացնէ համայնավար շարժումին իշխանութիւնը:

Առաջին դրօշակը որ կը պարունակէր կարմիր աստղը եւ մուրճն ու մանգաղը որդեգրուած է 12 Նոյեմբեր, 1923 թուականին: Դրօշակին վերջնական փոփոխութիւնը կատարուեցաւ 1980 թուականին, անոր կարմիր գոյնը վերածելով աւելի բաց կարմիր գոյնի մը: Դրօշակը մնաց Խորհրդային Միութեան պետական դրօշը մինչեւ անոր փլուզումը:

Ներկայիս կարմիր դրօշակը իր յետսամասի դեղին աստղով եւ մուրճն ու մանգաղով դեռ կը ներկայացնեն քանի մը համայնավար շարժումներու պետական նշանը:

Դրօշակին ձեւաւորումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստղը եւ մուրճն ու մանգաղը կը գտնուին դրօշակին բարձրագոյն ձախ բաժինը: Յեղափոխութեան կարմիր գոյնը ծագած է Փարիզի հաղորդակցութեան վիճակէն, 1871 թուականէն: Աստղը եւ մուրճն ու մանգաղը արդէն ինքնուրոյն կը ներկայացնեն համայնավարութիւնը եւ ընկերավարութիւնը:

Մուրճը կը ներկայացնէ արուստի գործաւորները եւ մանգաղը կը ներկայացնէ գիւղացիները, որ միասին կը կազմեն ընչազուրկ դասակարգը:

Դրօշակին ձեւաւորումը վաւերացուեցաւ 1955 թուականին[1][2]:

Անվաւեր դրօշակը (1923):
Առաջին Խորհրդային Միութեան դրօշակը (Դեկտեմբեր 1922 - 12 Նոյեմբեր, 1923:)

Ռուսիոյ յեղափոխութեան ժամանակ Վլատիմիր Լենին եւ իր անդամակիցները ներառեցին դրօշակին ձեւաւորումին մէջ նաեւ պարունակել թուր մը, սակայն այս գաղափարը չգործադրուեցաւ երբ Լենին ըսաւ: «Թուրը մեր նշանը չէ:»[3]:

Առաջին պաշտօնական դրօշակը որդեգրուեցաւ Դեկտեմբեր 1922 թուականին՝ միութեան առաջին համաժողովին ընթացքին: Երկրորդ դրօշը որ կը պարունակէր կարմիր զինանշանը, օրինաւոր պետական նշան մը եղաւ միայն 4 ամիս ու փոխարինուեցաւ կանոնաւոր մուրճն ու մանգաղ նշանով 12 Նոյեմբեր 1923 թուականին:

Յաջորդ փոփոխութիւնը փոխեց մուրճին ու մանգաղին չափերը, իսկ վերջին փոփոխութիւնը կատարուեցաւ 15 Օգոստոս 1980 թուականին որ փոխեց յատակի կարմիր գոյնը աւելի բաց կարմիր գոյնի մը ու դրօշը այսպէս մնաց մինչեւ 25 Դեկտեմբեր 1991:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. USSR Supreme Soviet Presidium (19 August 1955)։ Положение о государственном флаге СССР (Russian)։ արտագրուած է՝ 2008-11-05 
  2. Victor Lomantsov (2002-11-30)։ «Reverse of the flag»։ FOTW.net։ արտագրուած է՝ 2008-11-05 
  3. Konstantin AndreevichIvanov (1971)։ Flags of the states of the world (Russian)։ Moscow: Izd-vo Transport։ էջ Կաղապար:Page needed։ OCLC 20146023