Jump to content

Ծովահէնները

Ծովահէններու խումբ, ԺԲ. դար

Ծովահէնները նաւեր գրաւող եւ կողոպուտի նպատակով ծովուն բացերը բռնի գործողութիւններ կատարող աւազակախումբեր են[1]։

Ծովահէնները յայտնուած են առաջին նաւերուն հետ, 11,000 տարիներ առաջ:

Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ծովահէնները նաւերուն վրայ յարձակած են բոլոր ծովերուն մէջ, տարբեր ցամաքամասերու ջուրերուն մէջ:

Հին յոյներուն եւ հռոմէացիներուն ժամանակաշրջանին, Միջերկրական ծովը ծովահէններով լեցուն էր: Ապրանքներով լեցուն նաւերը յաճախ ծովահէններուն թիրախը կ'ըլլային: Օրինակի համար, որոնք կը գողնան հիւսիսային Ափրիկէէն դէպի Հռոմ ուղղուող ցորենի բերքը: Ք. Ա. 75 թուականին, անոնք նոյնիսկ կ'առեւանգեն պատանի Յուլիոս կայսրը: Անոնք վեց ամիս զայն բանտարկուած կը պահեն կղզիի մը վրայ[2]:

ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերը ծովահէններուն ամէնէն բարգաւաճ շրջանն էին: Քարայիպի եւ Անթիյներու կղզիներու շրջանը (Ամերիկա) անոնց նախասիրած «խաղավայրը» կը հանդիսանար:

Եւրոպացիները տակաւին նոր գտած էին Ամերիկան: Քրայիպի շրջանին մէջ անգլիական, սպանական եւ ֆրանսական նաւերը մեծ քանակով ոսկի եւ արծաթ կը փոխադրէին: Այս նաւերուն վրայ յարձակելով` ծովահէնները մեծ հարստութիւններ ձեռք կը ձգեն:

Այդ ժամանակաշրջանին Կրիայի կղզին (այժմ Հայիթիի մէջ) ծովահէններու «մայրաքաղաքն» էր:

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հին յունարէն լեզուով ծովահէնները կը կոչէին «փէյրաթէս», որ կը նշանակէ` «ան, որ իր բախտը կը փորձէ»:
  • Կային նաւաստիներ, որոնք ղրկուած կ'ըլլային թագաւորի մը կողմէ` յարձակելու ուրիշ երկիրներու նաւերուն վրայ: Այս նաւաստիները ստիպուած էին իրենց աւարը թագաւորին յանձնելու: Անոնք իրաւունք ունէին այս յարձակումները կատարելու միայն պատերազմի ժամանակ: Այս նաւաստիներէն շատեր հետագային ծովահէն կը դառնան` նախընտրելով իրենց գրաւած գանձերը իրենց պահել:
  • Գոյութիւն ունէին նաեւ կին ծովահէններ: Անոնք կը հագուէին տղամարդոց նման, կը կռուէին եւ շատ կը խմէին: Անոնք տղամարդոց նման դաժան էին: ԺԹ. դարուն կին ծովահէն մըն էր Շինկ Շիհ, որ կը դառնայ Չինաստանի ծովու ծովահէններուն հետը: Ան կ'իշխէր 80.000 մարդոց եւ 1800 նաւերու վրայ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]