Jump to content

Կիլիկիա

Շրրջան
Կիլիկիա
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 38,585.16 քմ²
Անուանուած է Կիլիկոս[1]

Կիլիկիա (յուն․՝ Κιλικία, լատ.՝ Cilicia, միջին պարսկերէն՝ Klikiyā, պարթեւերէն՝ Kilikiyā, թրք.՝ Kilikya), Փոքր Ասիոյ հարաւ արեւելեան հատուածը ընդգրկող շրջան։ Իբրեւ վարչաքաղաքական հատուած՝ եղած է առանձին միաւոր՝ Խեթական թագաւորութեան ժամանակներէն մինչեւ Բիւզանդական կայսրութիւն՝ աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւր տարի։ Ներկայիս, գրեթէ ամբողջութեամբ կը պատկանի Թուրքիոյ Հանրապետութեան, բացի Քեսապի շրջանէն, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մաս կը կազմէ։

«Կիլիկիա» անուանումը առաջին անգամ կը տեսնուի աքքատական արձանագրութիւններուն մէջ՝ Hilakku ձեւով։ Ոմանք կ'ենթադրեն, թէ «Կիլիկիա» անուանումը յառաջացած է եբրայերէն ֆելկիմ, ֆաչեկ կամ յունարէն կալիս, կալիկա՝ «քարքարոտ» բառերէն։

Հայերուն մօտ Կիլիկիան ծանօթ է նաեւ՝ Սիսուան անունով[2]։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիլիկիա կը գտնուի Փոքր Ասիոյ հարաւ արեւելեան մասին մէջ։ Անոր հարաւը Միջերկրական ծովն է, հիւսիսը՝ Հայկական (Արեւելեան) Տաւրոսեան լեռնաշղթան։ Սարոս (Սիհուն, այժմ՝ Սէյհան) եւ Ճէյհան (Ճիհուն) գետերը կը ջրեն անոր դաշտերը[3]։ Այլ մեծ գետերն են՝ Տարսոս[4], Լիպարիս (այժմ՝ Mezitli)։ Բոլորն ալ կը բխին Հայկական լեռնաշխարհէն։

Ժամանակակից Ատանան

Կիլիկիան անմիջական հարեւան է պատմական Հայաստանի գաւառներէն՝ Փոքր Հայքին:Անցեալին, Կիլիկիոյ մէջ բնակած են խեթեր[5], խուռիներ, յոյներ, ասորիներ եւ սեմական այլ ժողովուրդներ, ինչպէս նաեւ՝ հայեր։ Այս ժողովուրդներուն, առաջին հերթին՝ յոյներուն կը վերագրուի Կիլիկիոյ բաժանումը երեք մեծ հատուածներու՝ Լեռնային Կիլիկիա, Դաշտային Կիլիկիա եւ Բլրոտ Կիլիկիա։

ժամանակակից Ալեքսանտրեթթան՝ Իսկենտերունը, Ֆրանսայի նուէրը նորաստեղծ Թուրքիոյ Հանրապետութեան:

Կիլիկիոյ ծովեզերքը բնական նաւահանգիստներով օժտուած է։ Հինէն ի վեր առեւտուրի հիմնական շուկայ եղած է։ Գլխաւոր քաղաքներն էին՝ Տարսոնը, Ատանան, Զէյթունը, Սիսը, Այասը։ Վերջինս կը գտնուէր Ճէյհան (Ճիհուն, Ceyhan-Jihun) գետին մօտ՝ համանուն Այասի ծոցին մէջ։ Կիլիկիոյ թագաւորութեան գոյութեան դարաշրջանին եւ ատկէ ետք, անիկա կը կոչուէր Հայկական ծոց։ Ներկայիս, Ատանա քաղաքը Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքներէն է, թիւով չորրորդը՝ Սթանպուլէն (յունարէն՝ Κωσταντινούπολις, Կոստանդնուպոլիս), մայրաքաղաք Անգարայէն (յունարէն՝ Άγκυρα, նախկին Անգորա) եւ Իզմիրէն ետք (յունարէն՝ Σμύρνη, Զմիւռնիա)։ Արեւմտեան հատուածին մէջ Անթալիոյ ծովածոցն է՝ համանուն նաւահանգիստով, իսկ արեւելքէն՝ Իսկենտերուն ռազմական նաւահանգիստը (յունարէն՝ Αλεξανδρέττα, Ալեքսանտրեթթա)։ Թուրքիոյ կազմին մէջ կը մտնէ նաեւ հնագոյն քաղաքներէն Անտիոքը յուն.՝ Ἀντιόχεια, ասորերէն՝ ܐܢܛܝܘܟܝܐ), որ ներկայիս վերանուանուած է Անթաքիա (թրք.՝ Antakya), որ Սուրիայէն, Ալեքսանտրեթի շրջանին՝ 1923-ին Ֆրանսան բռնի ուժով յանձնած է Թուրքիոյ։

Կիլիկիոյ մասին առաջին վկայութիւնները կը հասնին նախնադարէն, մեզմէ աւելի քան տասը հազար տարի առաջ՝ Նոր քարէ, Պղինձի եւ Պրոնզի դարաշրջաններէն։ Յայտնաբերուած են բազմաթիւ բերդեր ու ամրոցներ, հոգեւոր շինութիւններ, քաղաքներու եւ գիւղերու մնացորդներ։

Առաջին յիշատակումը կը թուագրուի Ք.ա. 2-րդ հազարամեակին, երբ ան կը ներառուի Խեթական թագաւորութեան կազմին մէջ։ Մինչ այդ Կիլիկիոյ տարածքը մտած է Մերձաւոր Արեւելքի այլ պետութիւններու կազմին մէջ՝ Հին Եգիպտոսի թագաւորութիւն, Աքքատ, Էպլա եւ Ասորեստան։ Խաթթիի անկումէն ետք՝ Ք.ա. 12-րդ դարէն սկսեալ, Կիլիկիոյ տարածքին կային քանի մը անկախ թագաւորութիւններ, հիմնադրուած գլխաւորաբար արամեաններու, փիւնիկէցիներու կամ յոյներու կողմէ։ Պետութեան ամէնէն ծանօթ մայրաքաղաքներէն էր Ատանան, որ հին արձանագրութիւններուն մէջ կոչուած է «Ատանավանայ»։ Կիլիկիոյ քաղաքները աշխուժ առեւտրական կապեր կը հաստատէին Արեւելեան Միջերկրականի (Փիւնիկէ, Քանաան) քաղաք-պետութիւններուն հետ։ Կիսանկախ այս վիճակը կը տեւէ մինչեւ Ք.ա. 4-րդ դարը, երբ Կիլիկիա կը մտնէ Աքամենեաններու թագաւորութեան կազմին մէջ։ Ք.ա. 333-ին Կիլիկիան կը նուաճէ Ալեքսանտր Մակեդոնացին։ Վերջինիս մահէն ետք, տէրութիւնը կը բաժնուի երեք մասի՝ արեւմուտքէն՝ Մակեդոնիան, Յունաստանի հետ միասին, հարաւէն՝ Եգիպտոսը, Պտղոմէոս զօրավարին ենթակայութեան տակ, իսկ մնացեալ բոլոր տարածքները կ'անցնին Սելեւկիոս Նիկատոր զօրավարին, որ կը հիմնէ Սելեւկեան տէրութիւնը (Ք.ա. 297 - Ք.ա. 84)։

Ք.ա. 84-ին Դաշտային Կիլիկիան մաս կը կազմէ Տիգրան Մեծի հայկական կայսրութեան։ Հայոց թագաւորը կը քաջալերէ, որ հայեր հոն հաստատուին․ այսպիսով կը դառնայ իր կայսրութեան կարեւոր առեւտրական կեդրոններէն մէկը։ Սակայն այս իրավիճակը երկար չի տեւեր եւ տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուի նոր բռնապետական կայսրութիւն մը։ Արտաշատի պայմանագիրին համաձայն, Ք.ա. 66-ին Կիլիկիան կ'անցնի Հռոմի կայսրութեան եւ անոր կազմին մէջ կը մնայ շուրջ կէս հազարամեակ։ 395-ին, Հռոմէական կայսրութեան բաժանումին հետեւանքով, Կիլիկիան կը յայտնուի Բիւզանդիոնի կազմին մէջ։ Հետագային անիկա կը դառնայ կռուախնձոր՝ արաբներու եւ Բիւզանդիոնի միջեւ, մինչեւ 965 թուական, երբ Նիքիֆորոս Ֆոքաս կայսրը վերջնականապէս կ'ազատագրէ զայն իսլամներու լուծէն։

Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւնը (համառօտ ակնարկ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութիւնը՝ ԺԳ. դարուն

Արդէն ԺԱ. դարու վերջին, Բիւզանդիա կը կորսնցնէ Կիլիկիոյ վերահսկողութիւնը սելճուք թուրքերէն Մանազկերտի[6] մէջ կրած պարտութեան հետեւանքով։ Հազարաւոր հայեր Պատմական Հայաստանէն Կիլիկիա կը տեղափոխուին (թրքական ցեղերու Պատմական Հայաստան ներխուժելէն ետք)։ Հայերուն Կիլիկիա հաստատուելուն մէջ, մեծ դեր կ'ունենայ Բիւզանդական բանակին հայազգի Փիլարտոս հրամանատարը. ան բարեացակամ կը գտնուի եւ հայ իշխաններուն հողեր կը շնորհէ։

Երեք դարերու ընթացքին (1080-1375) հայերը կը հիմնեն նախ իշխանութիւն, ապա՝ թագաւորութիւն։ 1080-ին Ռուբէն Ա. կը հիմնէ հայկական իշխանութիւնը (արդէն մեծ թիւով հայեր հոն տեղափոխուած էին), որ հետագային՝ Լեւոն Բ. դիւանագէտ իշխանին օրով, 1198-ին, թագաւորութեան կը վերածուի եւ իբրեւ պետութիւն կը կազմակերպուի։

Քաղաքները կը զարգանան, նոյնպէս հայկական մշակոյթը։ Հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնը, արհեստները (ապակեգործութիւնը, կաշեգործութիւնը, ատաղձագործութիւնը, կերպասագործութիւնը, ներկերու պատրաստութիւնը, եւ այլն) թափ կ'առնեն։

Այաս քաղաքը իր նաւահանգիստով եւ հարուստ շուկայով առեւտուրի կեդրոն կը դառնայ։ Անոր գործը կը շարունակէ փեսան՝ Հեթում Ա․ (հիմնադիր՝ Կիլիկիոյ Հեթումեան Թագաւորութեան)։

Հայկական իշխանութիւնները շատ մօտէն յարաբերութիւններ կը մշակեն իրենց սահմանակից խաչակիր իշխանութիւններուն եւ անոնց ճամբով՝ Եւրոպայի հետ։ Առաջին անգամն էր, որ հայերը այնքան մօտիկ յարաբերութիւն կ'ունենային Եւրոպայի հետ եւ կ'ազդուէին անոր մշակոյթէն ու քաղաքակրթութենէն։ Անշուշտ այս յարաբերութիւնները թէ՛ լաւ եւ թէ վատ ազդեցութիւն կ'ունենան հայերուն վրայ։ Սակայն շուտով Կիլիկիան կ'ենթարկուի Եգիպտոսի մեմլուքներու աւերիչ յարձակումներուն, մինչեւ որ անոնք կը նուաճեն զայն՝ 1375-ին։

Լեռնային որոշ շրջաններու մէջ, քանի մը հայկական իշխանութիւններ իրենց անկախութիւնը կը պահպանեն։ Անոնցմէ՝ Զէյթունը կը մնայ կիսանկախ մինչեւ 1915։ 1515-ին Կիլիկիան կը նուաճուի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Հակառակ դարաւոր օտար գերիշխանութեան տակ մնալուն, մինչեւ 1915 թուական Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդը մեծ թիւ կը կազմէր։ 1909-ին Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքին մէջ յատկապէս, տեղի կ'ունենայ Երիտ թուրքերու կողմէ կազմակերպուած Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածը։

Վեց տարի անց, Կիլիկիան հայաթափ կ'ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով։ Առանց նկատի առնելու ծանր կորուստները, Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած մեծ թիւով հայեր, շուտով կը վերադառնան Կիլիկիա, ուրկէ, ըստ Սեւրի պայամանգիրին, կրնային Ֆրանսա անցնիլ (այն ժամանակամիջոցին Կիլիկիան Ֆրանսային կը պատկանէր)։ Սակայն թրքական գրոհներուն տակ, Ֆրանսա առանձին կը ձգէ հայ գաղթականները։ Հերոսական դիմադրութեամբ՝ գերակշռող ու զինուած թուրք հրոսակներուն դէմ, հայ ժողովուրդը կրկին կը լքէ Կիլիկիան։ 4 Յունուար 1922-ին, Կիլիկիան կը յանձնուի թրքական իշխանութիւններուն եւ ֆրանսական զօրքը կը հեռանայ: Հայ բնակչութեան կը շնորհեն ձրի անցագիր ու Կիլիկիայէն գաղթելու արտօնութիւն կը տրուի։ Հայերը անցագիր ստանալէ ետք, կը գաղթեն դէպի Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս, Ֆրանսա, Յունաստան եւ Ամերիկա:

Կիլիկիոյ Հայոց Եկեղեցին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Սիս:

Ռուբինեան իշխանութեան սկիզբին, Հայկական եկեղեցին 1147-ին իր կեդրոնը Կիլիկիոյ սահմանին մօտերը գտնուող Հռոմկլա բերդը կը փոխադրէ։ Հոն կը մնայ շուրջ 150 տարի եւ 1293-ին կը փոխադրուի Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաքը՝ Սիս, ու կը շարունակէ հոն մնալ անոր կործանումէն (1375) ետք ալ։ 1441-ին կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատուի Ս. Էջմիածինի մէջ։ Սակայն ԺԷ. դարու սկիզբին, երբ Պատմական Հայաստան կը բաժնուի Թրքական եւ Պարսկական Կայսրութիւններուն միջեւ, Ս․ Էջմիածինը Պարսկական Կայսրութեան ենթակայ կը դառնայ ու Սիսի կաթողիկոսութիւնը կը վերահաստատուի (որպէսզի շարունակէ ծառայել Կիլիկիոյ մէջ ապրող հայ ժողովուրդին)։ Հոն կը մնայ մինչեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը։ Քանի մը տարի թափառական կեանք ապրելէ ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնը կը փոխադրուի Լիբանանի Անթիլիաս քաղաքը։

Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Любкер Ф. Cilix // Реальный словарь классических древностей по Любкеру / под ред. Ф. Ф. Зелинский, А. И. Георгиевский, М. С. Куторга et al. — СПб.: Общество классической филологии и педагогики, 1885. — С. 286.
  2. «Քարտէսներ | Ատանայի վիլայէթ | Սիս | Կրօնք | Եկեղեցի եւ ուխտավայր :: Houshamadyan - a project to reconstruct Ottoman Armenian town and village life»։ www.houshamadyan.org։ արտագրուած է՝ 2019-10-04 
  3. «Կիլիկիա - Howling Pixel»։ howlingpixel.com։ արտագրուած է՝ 2019-10-04 
  4. [1](անգլերէն)
  5. «Հայկական Հանրագիտարան»։ www.encyclopedia.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-10-25-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-04 
  6. [Malazgirt](անգլերէն)

Մեր Պատմութիւնը, հեղինակ՝ Կարօ (Կարապետ) Մոմճեան