Հատած
Արտաքին տեսք
Հատած (լատիներէն՝ caesura հատում),, չափածոյի գրութեան մէջ, հատածը տողի մէջի դադարն է, որ կ'օգնէ «շունչ առնելու»՝ երբ տող 4-5 վանկէն աւելի երկար է։ Ուրիշ խօսքով՝ ան տողի անդամները իրարմէ բաժնող ներքին դադարն է։ Վերադառնալով վերի օրինակներէն մէկուն՝ «ին-չու-ապ-շա/ծես-լը-ճակ․․․», շեղագիծով կը նշենք հատածը, որ ոտանաւորի տողին արտասանման պահուն՝ կը կազմէ անոր «ներքին» դադարը։ Պարզ է, որ հատածը եւս կարեւոր դեր ունի կշռոյթի ստեղծման մէջ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յարութիւն Քիւրքճեան, Հայ կեանք եւ գրականութիւն, Ա գիրք, 2003։