Jump to content

Հռոմէա-պարսկական Պատերազմներ

Փոռագրութիւն, որուն վրայ պատկերուած է պարսից արքայ Շապուհ Ա․–ը, որուն վրայ առաջ պատկերուած են հռոշէական կայսրին Վալերիանոցն ու Ֆիլիպ ԱրաբըԱ

Հռոմէա-պարսկական պատերազմներ, պատերազմներու շարք յունա-հռոմէական աշխարհի եւ իրար յաջորդող երկու իրանական կայսրութիւններու (Պարթեւաստան եւ Սասանեաններ) միջեւ ճակատամարտերը Հռոմի հանրապետութեան եւ Պարթեւաստանի միջեւ սկսած են Ք.Ա. 92 թուականին։ Յետագային անոնք շարունակուեցան անոնց իրավայաջորդ Հռոմէական կայսրութեան եւ Սասանեաններու միջեւ։ Անոնք աւարտեցան միայն արաբական նվաճումներով մ.թ. 7-րդ դարուն, որուն նախորդած էր կործանիչ 602-28 թուականներուն տեղի ունեցած բիւզանդա-սասանեան պատերազմը։

Չնայած պատերազմը հռոմէացիներու եւ պարթեւներու/Սասանեաններու միջեւ շարունակուեցաւ մօտ 7 դար, սահմանը կը մնար համեմատաբար կայուն։ Ռազմական գործողութիւնները հիմնականիմ կը ներարէին քաղաքներու, ամրութիւններու, նահանգներու գրաւում, թալանում եւ փոխանակում։ Ոչ մէկ կողմ չունէր բաւականաչափ նիւթական եւ մարդկային ռեսուրս, որպէսզի վարի երկարատեւ արշաւանքներ սահմաններէն շատ հեռու։ Ի հարկ է երկուքն ալ կը կատարէին նուաճումներ սահմանէն այն կողմ, սակայն ժամանակի ընթացքին նախկին իրավիճակը հիմնականին կը վերականգնուէր։ Հաւասարակշռութիւնը սկսաւ փոխուիլ 2-րդ դարուն, երբ հռոմէացիները, օգտուելով պարթեւ Արշակունիներու թուլացումէն, գրաւեցին շարք մը տարածքներ հիւսիսային Միջագետքի մէջ։ Վերջինիս հետեւանքով նոր սահմանը կ՝ անցնէր ոչ թէ Եփրատ գետով, այլ Տիգրիսով։

Ռեսուրսներու ծախսը պատերազմներու վրայ վերջ ի վերջոյ ճակատագրական եղաւ երկու կայսրութիւններու համար։ 6-րդ եւ 7-րդ դարերու երկարատեւ պատերազմները թողեցին անոնց խոցելի իսլամ արաբներու արշաւանքներու առջեւ։ Օգտուելով անոնց միջեւ երկարատեւ պատերազմէն, արաբները հեշտութեամբ գրաւեցին Սասանեան Պարսկաստանը, իսկ Արեւելահռոմէական կայսրութիւնը կորսնցուց Սուրիան, Պաղեստինը, Արեւմտեան Հայաստանը, Եգիպտոսն ու հիւսիսային Ափրիկէն։ Ներկայ պահուն այս հակամարտութիւնը 721 տարիով մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենաերկարատեւն է։

Հին Հռոմը, Պարթեւաստանն ու Սելեւկեան կայսրութիւնը Ք.Ա. 200 թուականին: Շուտով երկուքն ալ կը ներխուժեն Սելեւկեաններու տարածքը եւ կը վերածուին տարածաշրջանի հզորագոյն կայսրութիւններուն:

Պատմական տեղեկանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համաձայն Ջեյմս Հովարդ-Ջոնսթոնի «Ք.Ա. 3-րդ դարէն մինչեւ մ.թ. 7-րդ դարը արեւելքի մէջ կը շարժէին կայսրերու հաւակնութիւններով, որոնք կարողացած էին տարացքային բաժանումներուն նկատմամբ գերիշղող կայուն սահմաններ ապահովել»[1]։ ։ Հռոմէացիներն ու պարթեւները կապ հաստատեցին գրաւելով Սելեւկեան կայսրութեան տարբեր շրջանները։

Ք.Ա. 3-րդ դարուն պարթեւները գաղթեցին Միջին Ասիոյ տափաստաններէն հիւսիսային Իրան։ Չնայած սկզբնական շրջանին անոնք կ՝ ենթարկուէին Սելեւկեաններուն, Ք.Ա. 2-րդ դարուն անոնք անկախացան եւ սկսան ծաւալել իրենց հարեւանի հաշուին։ Շուտով անոնք արդէն Սելեւկեան կայսրութենէն գրաւած էին ամբողջ Իրանն ու Միջագետքը։ Պարթեւ Արշակունիները կարողացան ետ մղել Սելեւկեաններու քանի մը հակայարձակումներ եւ գրաւել տարածքներ հարաւային Ասիոյ մէջ[2]։ Յետագային պարթեւ Արշակունիները յաջողեցան ճիւղեր հիմնել Մեծ Հայքի եւ Աղուանքի մէջ։ Միաժամանակ հռոմէացիները Ք.Ա. 2-րդ դարու սկզբը, Մագնեսիայի ճակատամարտին մէջ տարած հաղթանակին շնորհիւ, դուրս մղեցին Սելեւկեանները, Փոքր Ասիայէն։ Ք.Ա. 64 թուականին Պոմպէոսը գրաւեց Տիգրան Մեծի կողմէն իրեն հանձնուած Սուրիան, որուն հետեւանքով Սելեւկեաններու պետութիւնը դադրեցուց գոյութիւն ունենալէ։ Հռոմէական պետութեան արեւելեան սահմանը հասաւ Եփրատ գետ, ուր կ՝ աւարտէր պարթեւներու արեւմտեան սահմանը։

Հռոմէա-պարթեւական պատերազմներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմի հանրապետութիւնը ընդդէմ Պարթեւաստանի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարթեւները առաջին անգամ սկսան մուտք գործել արեւմուտք Միհրդատ Ա.-ի օրով, իսկ Միհրդատ Բ.-ը Ք.Ա. 105 թուականին արդէն կը փորձէր Սուլլայի հետ կնքել դաշինք[3]։ Երբ Լուկուլլոսը ներխուժեց Տիգրան Մեծի Հայկական կայսրութիւն Ք.Ա. 69 թուականին, ան կապ կը պահէր պարթեւ Հրահատ Գ.-ի հետ, որպեսզի համոզէ անոր չօգնել հայերուն։ Չնայած պարթեւները պահպանեցին չեզոքութիւն, Լուկուլոսը կը մտածէր յարձակիլ անոնց վրայ[4]։ ։ Ք.Ա. 66-65 թուականներուն Պոմպէոսը համոզեց Հրահատին ներխուժել Մեծ Հայք։ Սակայն անոնց յարաբերութիւնները փճացան, երբ Պոմպեոսը վճռեց պարթեւներու կողմէն իրենց համարուող Հայկական Միջագետքի բախտը օգուտ Տիգրան Մեծի։ Հրահատը կրցաւ ետ վերցնել Տիգրան Մեծի կողմէն գրաւած տարածքներու մեծ մասը, բացի Օսրոյենեիէն, որ ինկաւ հռոմէացիներու ազդեցութեան տակ[5]։

Ք.Ա. 53 թուականին Հռոմի եռապետերէն Կրասոսը ներխուժեց Միջագետք եւ ջախջախիչ պարտութիւն կրեց պարթեւ հրամանատար Սուրենէն; այս Հռոմի ամենածանր պարտութիւնը սկսած էր Հաննիբալի կողմէն Կաննէի ճակատամարտին մէջ կրած պարտութենէն ետք[6]։ Յաջորդ տարի պարթեւները ասպատակեցին հռոմէական Սուրիան, իսկ Ք.Ա. 51 թուականին խոշոր արշաւանք կազմակերպեցին, սակայն շրջապատուեցան, ջախջախուեցան եւ նահանջեցին[7]։

Կեսարեան քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին Պարթեւաստանը հիմնականին կը պահպանէր չեզոքութիւն։ Սակայն անոնք կապ կը պաշտպանէին Պոմպէոսի հետ, որուն պարտութենէն ետք, պարթեւական բանակը օգնութեան հասաւ Պոմպէոսի հրամանատարներէն Բասուսին։ Վերջինս շրջափակուած էր Կեսարին կողմնակից ուժերու կողմէն։ Հուլիոս Կեսարը պատրաստուէր արշաւել Պարթեւաստան, սակայն անոր մահը ազատեց պարթեւներուն, նոր հռոմէական յարձակումէն։ Պարթեւները կ՝ օգնէին Բրուտոսին եւ անոնց մէկ զորաջոկատը կը մասնակցէր Ք.Ա. 42 թուականի Ֆիլիպպայի ճակատամարտին[8]։ Կրասոսի պարտութենէն ետք պարթեւները Ք.Ա. 40 թուականին, Բրուտոսի նախկին աջակից հռոմէացիներուն հետ միասին ներխուժեցին Հռոմի տիրույթներ։ Անոնք հեշտութեամբ ասպատակեցին Սուրիան եւ մտան Հրէաստան, ուր անոնք գահազրկեցին Հռոմի դաշնակից Հիրկանոսին եւ գահին բազմեցուցին իրենց թեկնածուին՝ Անտիգոնոսին։ Պահ մը կը թուէր, թէ Հռոմի ամբողջ արեւելեան նահանգները կ՝ իյնան Պարթեւաստանի հսկողութեան տակ։ Սակայն քաղաքացիական պատերազմներու աւարտը վերածնաւ հռոմէացիներու նախկին հզորութիւնը Ասիոյ մէջ[9]։ Մարկոս Անտոնիոսը ուղարկած էր Վենտիդիոս զօրաւարին կանգնեցնելու Բրուտոսի կողմնակիցներուն, որոնք ներխուժած էին Փոքր Ասիա։ Վերջիններուս եւ պարթեւներու միասնական ուժը ջախջախուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ։ Երկրորդ պարտութենէն ետք պարթեւները նահանջեցին Սուրիայէն։ Մ.թ.ա 38 թուականին պարթեւական զորքը դարձեալ ներխուժեց Հռոմի տիրոյթներ, սակայն անոնց նկատմամբ վճռական հաղթանակն տարաւ Վենտիդիոսը։ Ք.Ա. 37 թուականին Հրէաստանի մէջ[10]։ հռոմէացիներու օգնութեամբ Անտիգոնուսի փոխարէն գահ բարձրացաւ Հերովդեսը։ Շուտով Մարկոս Անտոնիոսը ահռելի բանակով մտաւ Ատրպատական։ Սակայն անոր պաշարողական մեքենաները ոչնչացան, իսկ բանակը, անկարող ըլլաով գրաւած պարթեւական հենակետերը, մեծ զոհերով նահանջեց Մեծ Հայք։ Անյաջողութեան մէջ ան մեղադրեց Արտաւազդ Բ. արքային, որուն գերի վերցուց, իսկ Յետագային սպանեց։ Անտոնիոսը հռոմէական կայազորեր ձգեց Մեծ Հայքի մէջ, որոնք պարթեւներու օգնութեամբ ոչնչացուց Արտաւազդի տղան՝ Արտաշէս Բ.-ը։ Որոշ ժամանակ տարածաշրջանին կը գերիշխէր Պարթեւաստանը[11]։

Հռոմէական կայսրութիւնը ընդդէմ Պարթեւաստանի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պարթեւաստանը իրեն ենթակայ թագաւորութիւններով եւ հարեւաններով մ.թ. 1 թուականին:

Լարուածութիւնը երթալով կը մեծնար երկու գերտերութիւններու միջեւ, սակայն մ.թ. 1 թուականին անոնք կրցան համաձայնութեան գալ եւ խուսափիլ պատերազմէն։ Այդ արուէն այն պատճառով, որ պարթեւները համաձայնեցան ետ քաշել զորքերը Մեծ Հայքէն եւ ճանչնալ զայն հռոմէական ազդեցութեան գոտի։ Սակայն հակամարտութիւնը Հռոմի եւ Պարթեւաստանի միջեւ Մեծ Հայքի նկատմամբ իշխանութիւն հաստատելու համար միայն կ՝ աճէր[12]։ Մ.թ. 36 թուականին պարթեւ Արտաւան Գ.-ը փորձեց իր տղուն դարձնել հայոց արքայ[13]։, որ սակայն ձախողեցաւ հռոմէացիներու միջամտութեան պատճառով[14]։ Մ.թ. 58 թուականին պատերազմ ծագեցաւ Պարթեւաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ, երբ Վաղարշի եղբայր Տրդատը դարձաւ Մեծ Հայքի արքայ։ Հռոմէացիները յարձակեցան եւ գահին բազմեցուցին իրենց թեքնածուին, սակայն 63 թուականին կրած պարտութեան հետեւանքով ստիպուած ճանչցան Տրդատը իբրեւ հայոց արքայ, բայց պայմանով, որ ան իր թագը կ՝ ըստանայ Հռոմի կայսրէն[15]։

2-րդ դարու պատերազմները նշանաւորուեցան Հռոմէական կայսրութեան հաղթանակներով իր ախոյան Պարթեւաստանի նկատմամբ։ 114 թուականին, կայսր Տրաեանոսը ներխուժեց Մեծ Հայք ու Միջագետք եւ անոնք 115 թուականին վերածեց հռոմէական նահանգներու։ Կայսրը գրաւեց նաեւ պարթեւներու մայրաքաղաք Տիզբոննը ու հասաւ մինչեւ Պարսից ծոց[16]։ Սակայն շուտով նոր նուաճուած տարածքներուն մէջ բարձրացուած ապստամբութիւնները գումարուեցան հրէական խռովութիւններուն հետ կայսրութեան ամբողջ տարածքով մէկ եւ հռոմէական լեգեոնները ստիպուած էին նահանջել։ Տրայանոսը յաջողեցաւ ճնշել ապստամբութիւնները ու պարթեւական գահին բազմեցնել իրեն ենթակայ թեկնածուի մը։ Սակայն ն այդպես ալ չհասցուց այդ տարածքները լրւ մտցնել հռոմէական համակարգի մէջ եւ անոր մահով 117 թուականին այդ տարածքները դարձեալ անցան պարթեւներուն[17]։

Տրաեանոսի պարթեւական արշաւանքը փոխեց հռոմէական ռազմավարութիւնը, եւ, չնայած իր յաջորդ Հադրիանոս կայսրը լքեց այդ տարածքները, հետագայ կայսրերը սկսան փորձել կատարել նուաճումներ Պարթեւաստանի հաշուին. մէկ բան, որ ոչ մէկ մինչ այդ չէր փորձած[18]։

161 թուականին Մեծ Հայքի նկատմամբ գերիշխանութիւն հաստատելու պատճառով եւս մէկ պատերազմ սկսաւ։ Վաղարշ Դ.-ն յաջողեցաւ հաղթել հռոմէացիներուն, գրաւել Եդեսիան ու ասպատակել Սուրիան։ 163 թուականին կայսերական ուժերու հակայարձակման հետեւանքով պարթեւները պարտուեցան, իսկ Մեծ Հայքի մէջ գահ բարձրացաւ Հռոմի թեկնածուն։ Յաջորդ տարին հռոմէացիները երկու անգամ ջախջախեցին պարթեւերուն Միջագետքի մէջ եւ 165 թուականին թալնեցին Տիզբոնը[19]։ ։ 195–197 թուականներուն Սեպտիմիոս Սեւերոս կայսրին արշաւանքներուն հետեւանքով կայսրութեան տարածքներ անցան հիւսիսային Միջագետքի մէջ, որոնցմէ են Մծբին ու Սինգարա բերդերը։ Սեպտիմիոսը եւս մէկ անգամ ոչնչացուց Տիզբոնը։ 216 թուականին տեղի ունեցաւ հռոմէացիներու վերջին արշաւանքներ ընդդէմ պարթեւներու, որուն ընթացքին գրաւեցաւ ու թալանուեցաւ Արբելան։ Սակայն 217 թուականին կրած պարտութեան հետեւանքով հռոմէացիները պարտաւորուեցան փոխհատուցել պատճառած վնասները[20]։

Հռոմէա-սասանեան պատերազմներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղ շրջանի հակամարտութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

226 թուակականին պարթեւ Արշակունիները պարտութիւն կրեցին պարսիկ Սասանեաններէն, որոնք դարձան Իրանական բարձրաւանդակի նոր գերիշխող ուժը։ Առաջին Սասանեան արքայ Արդաշիր Ա230 թուականին ասպատակեց Միջագետքն ու Սուրիան եւ հռոմէացիներէն պահանջեց հանձնել Աքեմենեան կայսրութեան բոլոր նախկին տարածքները[21]։ Ձախողուած բանակցութիւններէն ետք, 232 թուականին, կայսր Ալեքսանտր Սեւերոսն արշաւեց եւ հաղթեց Արդաշիրին[22]։ Իր գահակալութեան վերջը՝ 238-240 թուականներուն, Արդաշիրը դարձեալ յարձակեցաւ եւ գրաւեց ու թալանեց շարք մը քաղաքներ, անոնցմէ են Խառանն ու Մծբինը[23]։ Հակամարտութիւնը սրաւ Արտաշիրի յաջորդի՝ Շապուհի օրով, որ յարձակուեցաւ Միջագետքի մէջ հռոմէական տիրոյթներուն վրայ։ 243 թուականին ան պարտութիւն կրեց եւ հռոմէացիները վերագրաւեցին Խառանն ու Մծբինը[24]։ Խրախուսելով այդ յաջողութիւններէն, հռոմէական Գորդիան III կայսրը շարունակեց առաջխաղացումը Եփրատի երկայնքով, սակայն 244 թուականին Տիզբոնի մօտակայքին պարտութիւն կրեց[25]։ Գորդիանի յաջորդ Ֆիլիպ Արաբն արագօրէն հաշտութիւն կնքեց պարսիկներիու հետ։

Հռոմէական կայսրութիւնը այդ ժամանակ կը գտնուէր 3-րդ դարու ճգանաժամի մէջ, որուն ընթացքին այնտեղ կարճատեւ իշխանութեան կու գային բազմաթիւ կայսրեր։ Գումարելով անոր գերմանական յարձակումները կայսրութեան վրայ, Շապուհի համար հիանալի ժամանակ եկած էր արշաւելու ընդդէմ հռոմէացիներու։ Շապուհը յաջողեցաւ ժամանակաւորապէս գրաւել Մեծ Հայքը եւ հաղթել հռոմէացիներուն 253 թուականին։ Վերջինիս հետեւանքով շուտով ան թալանեց անպաշտպան մնացած Անտիոք քաղաքը[24]։ Շապուհը փորձեց զարգացնել յաջողութիւնները ու ներխուժեց Փոքր Ասիա, սակայն նորաստեղծ Պալմիրիայի իշխանի յարձակումները կանգնեցուցին անոր, որուն պատճառով ան լքեց Անտիոքը[26]։

Հուլիանոսի անյաջող արշաւանքները 363 թուականին, որուն հետեւանքով կայսրութիւնը կորսնցուց 299 թուականին նուաճուած տարածքները:

Հռոմէացիները 283 թուականին յաջող արշաւանք կազմակերպեցին Սասանեան Պարսկաստան եւ երրորդ անգամ գրաւեցին ու թալանեցին Տիզբոնը։ Հռոմէացիները հաւանաբար կը շարունակէին իրենց հաղթարշաւը, եթէ կայսրը չվախճանէր այդ տարուայ դեկտեմբերին[27]։

Դիոկղետիանոսի օրով կարճատեւ խաղաղութենէն ետք, պարսիկները ներխուժեցին Մեծ Հայք եւ ջախջախեցին հռոմէացիներուն Խառանի մօտ 296 կամ 297 թուականին[28]։ ։ Հռոմէացիները կրցան հաղթանակիլ 298 թուականի Սատաղի ճակատամարտին, ուր անոնց ձեռքը ինկաւ արքայական գանձարանն ու շահի հարեմը։ Կնքուած հաշտութեան պայմանագրի շնորհիւ հռոմէացիները ստացան Տիգրիս եւ Մեծ Զաբ գետերու միջեւ ինկած տարածքները։ Այս քանի մը տասնամեակի ընթացքին տարուած ամենավճռական հռոմէական հաղթանակն էր. նախկինը կորսնցուցած էր բոլոր տարածքներն ու վիճելի տարածքները կ՝ անցնէին հռոմէացիներուն, իսկ Մեծ Հայքը դուրս կու գար պարսիկներու վերահսկողութիւնէն[29]։

299 թուականի սահմանները գոյութիւն ունեցան մինչեւ 330-ական թուականները, երբ Շապուհ Բ. Երկարակեացը սկսաւ իր բազմաթիւ յարձակողական արշաւանքներէն առաջինը։ Չնայած անոր շարք մը հաղթանակներուն, անոր արշաւանքները կարճատեւ ազդեցութիւն կ՝ ունենային միայն. Մծբինի երեք պարսկական պաշարումները ետ մղուեցան։ Չնայած, Շապուհը յաջողեցաւ գրաւել Ամիդն ու Սինգարան, երկուքն ալ շուտով ետ գրաւուեցան հռոմէացիներու կողմէն։ 350-ական թուականներուն Շապուհը զբաղուած էր Միջին Ասիոյ քոչւորներու հետ պատերազմելով։ Սակայն արդէն 359 թուականին ան դարձեալ գրաւեց Ամիդը։ Այս մէկը դրդեց 363 թուականին Հուլիանոս Ուրացող կայսրին կազմակերպած մեծ արշաւանքը եւ ան Եփրատի երկայնքով հասաւ մինչեւ Տիզբոն[30]։ Հուլիանոսը հաղթեց Տիզբոնի մերձակայքին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտը, սակայն, անկարող ըլլալով գրաւել քաղաքը, սկսաւ նահանջել Տիգրիս գետի երկայնքով։ Պարսիկներու անդադար յարձակումներու պատճառով հռոմէական բանակի վիճակը ծանր էր։ Անոր գումարուեցաւ նաեւ Հուլիանոսի մահը հռոմէա-պարսակական ընդհարումներէն մէկուն ընթացքին։ Անոր յաջորդ Հովիանոսը ստիպուած էր հաշտութեան պայմանագիր կնքել, որուն պայմանները բաւական ծանր էին հռոմէացիներուն համար։ Հռոմէական կայսրութիւնը Սասանեան Պարսկաստանին հանձնեց Տիգրիսէն արեւելք գտնուող տարածքները, Մծբինը, Սինգարան եւ համաձայնուեցաւ չօժանդակել Մեծ Հայքին, պարսիկներուն դէմ[31]։ ։ 387 թուականին Շապուհ Բ.-ի եւ Թէոդոսիոս Ա. Մեծի միջեւ կնքուեցաւ պայմանագիր, ըստ որուն Մեծ Հայքը կը բաժնուէր երկու կայսրութիւններու միջեւ։ Այս ժամանակաշրջանին երկու պետութիւն ալ խնդիրներ ունէին բարբարոսական ցեղերու հետ. Հռոմէական կայսրութիւն կը ներխուժէին գերմանական ցեղերը, ալաններն ու հոները, իսկ Սասանեան Պարսկաստան՝ հոներն ու հեփթաղները։ Այս ընթացքին տեղի ունեցան ընդամենը երկու փոքր ընդհարումներ՝ 421-422 եւ 440 թուականներուն[32]։

Բիւզանդա-սասանեան պատերազմներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանրամասն տեղեկութիւններու համար դիտեք Բիւզանդա-սասանեան պատերազմներ էջը։

Անաստասիոսի պատերազմը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հռոմէական կայսրութեան եւ Սասանեան Պարսկաստանի սահմանը Մեծ Հայքի կիսումէն ետք։

Պատերազմ բռնկեցաւ, երբ պարսից Կաւադ Ա.-ը, կայսրութենէն հարկ ստանալու նպատակով, հարձակուեցաւ եւ 502 թուականին գրաւեց անպաշտպան Կարինը (Թէոդոսիոպոլիս քաղաքը)[33]։ Շուտով ան պաշարեց Ամիդը։ Պաշարումը տևեց երեք ամիս եւ չնայած պաշտպաններու հերոսական դիմադրութեանը, բերդը վերջ ի վերջոյ ինկաւ[34]։ 503 թուականին հռոմէացիները Ամիդի անյաջող պաշարում իրականացուցին։ Նոյն ժամանակ պարսիկները ներխուժեցին Օսրոենէ եւ նոյնպէս անյաջողութեան մատնուեցան Եդեսիան պաշարելէ ետք[35]։ Վերջապէս 504 թուականին հռոմէացիներուն մեծ ջանքերու գինով յաջողեցաւ ետ գրաւել Ամիդը։ Նոյն տարին կնքուեցաւ ժամանակաւոր հաշտութիւն. այս պայմանաւորուած էր կովկասեան հոներու ներխուժմամբ Հայաստան։ Երկարատեւ բանակացութիւններէ ետք 506 թուականի նոյեմբերին կնքուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր[36]։ ։ 505 թուականին Անաստասիոս կայսրը հրամայեց Դարա բերդաքաղաքի կառուցումը, որ դառնալու հռոմէական գլխաւոր ռազմական հենակետը տարածաշրջանին։ Միեւնոյն ժամանակ կարգի բերուեցան Եդեսիոյ, Բատնէյի եւ Ամիդի պաշտպանութիւնները։ Չնայած Անաստասիոս կայսրի օրով ոչ մի նոր խոշորածաւալ ռազմական հակամարտութիւն տեղի չունեցաւ, յարաբերութիւնները երկու պետութիւններուն միջեւ կը մնային լարուած։ Այս հատկապէս անկառու կ՝ երեւէր Դարայի կառուցման ժամանակ, քանի որ քանի մը տասնամեակ առաջ կնքուած պայմանագրով սահմանի երկայնքով նոր ռազմական ամրութիւններու կառուցումը արգիլուած էր։ Արդէն 508 թուականին Դարան կառուցուած էր։

Վրացական պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երկու կայսրութիւնները 477 թուականին:

524-25 թուականներուն Կաւադ առաջարկեց Հուստինոս Ա. կայսրին որդեգրել իր տղուն, սակայն բանակցութիւնները ձախողեցան[37]։ Լարուածութիւնը վերածուեցաւ պատերազմի 524 կամ 525 թուականին, երբ Վիրքը Գուրգէն արքայի ղեկավարութեամբ Սասանեաններու տիրապետութենէն ինքնակամ մտաւ Արեւելահռոմէական (Բիւզանդական) կայսրութեան կազմի մեջ[38]։ 526 և 527 թվականների ռազմական գործողություններ տեղի ունեցան Հայաստանում, Վիրքում և Միջագետքում[39]։ 526 եւ 527 թուականներուն ռազմական գործողութիւններ տեղի ունեցան Հայաստանի, Վիրքի եւ Միջագետքի մէջ։ Պատերազմի առաջին փուլին մէջ յաջողութեան կ՝ ուղղեկցէր պարսիկներուն. 527 թուականին Վիրքը գրաւեց, հռոմէական յարձակումները ետ մղբւեցան, իսկ Թանուրիս եւ Մելաբասա բերդերուն օգնութեան եկող հռոմէական զորքերը ջախջախուեցան[40]։ Այս անյաջողութիւնները դրդեցին Հուստինիանոս Ա կայսրին վերակազմաւորել կայսրութեան ռազմական համակարգը[41]։

Դարայի ճակատամարտի զօրքերուն տեղաբաշխումը:

530 թուականին պարսկական մեծ յարձակումը դէպի Միջագետք ձախողեցաւ Բելիսարիոսի կողմէն, որ ջարդեց պարսիկներուն Դարայի մերձակայքին մէջ։ Նոյն ժամանակ պարսկական մէկ այլ յարձակում մը, Հայաստանի մէջ, կանգնեցաւ Սատաղի մօտ։ 531 թուականին Բելիսարիոսը պարտութիւն կրեց պարսից զորքերէն, որուն կ՝ օժանդակէին արաբական Լախմիդներու ցեղը։ Նոյն տարին հռոմացիները յաջողեցան գրաւել շարք մը բերդեր Հայաստանի մէջ, իսկ պարսիկները գրաւեցին երկու բերդ Լազիկայի մէջ[42]։ Բանակցութիւնները երկու պետութեան միջեւ մտան փակուղի[43]։ 532 թուականի գարնանը բանակցութիւնները վերսկսան եւ սեպտեմբերին կնքուեցաւ «Առհավետ հաշտութիւն», որ դիմացաւ 8 տարիէն ալ քիչ։ Վերականգնուեցան մինչպատերազմեան սահմանները եւ կայսրութիւնը համաձայնեցաւ Պարսկաստանին վճարել 5, 000 կգ ոսկի։ Վիրքը մնաց Պարսկաստանի կազմին մէջ[44]։

Հուստինիանոսը ընդդէմ Խոսրովի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հռոմէական կայսրութիւնն ու Սասանեան Պարսկաստանը Հուստինիանոսի օրով
     Հռոմէական կայսրութիւն      Վերանուաճուած Հուստնիանոսի օրով      Սասանեան կայսրութիւն      Սասանեաններու վասալները

540 թուականին, վախնալով, որ արեւմտեան հողերու վերանուաճումէն ետք Հռոմէական կայսրութիւնը կը յարձակի իր վրայ, Խոսրով Ա. Սասանեանը յարձակեցաւ եւ ասպատակեց Սուրիան եւ Միջագետքը։ Բազմաթիւ քաղաքներ թալանելէ ետք, ան գրաւեց եւ թալանեց մեծագոյն քաղաքներէն մէկը՝ Անտիոքը, որուն բնակչութիւնը գերեւարուեցաւ Պարսկաստան[45]։ Բելիսարիոսը շտապ ետ կանչուեցաւ Իտալիայէն եւ պատերազմը 541 թուականին շարունակուեցաւ անորոշ ելքով։ 542 թուականին Խոսրովը ներխուժեց Միջագետք[46]։ Սակայն գիտնալով Բելիսարիոսի առաջխաղացման մասին, ան նահանջեց եւ թալանեց Կալինիկիի քաղաքը[47]։ Յաջորդող պարսկական յարձակումները ետ մղուեցան եւ շուտով պարսիկները Դարայի մօտակայքին պարտութեան մատնուեցան[48]։ 543 թուականին հռոմէացիները պաշարեցին Պարսկահայաստանի գլխաւոր քաղաք Դուինը, սակայն պարտութեան մատնուեցան։ 544 թուականին Խոսրովը անյաջող պաշարեց Եդեսիան եւ, հարկ ստանալով քաղաքէն, հեռացաւ[49]։ Պարսկական նահանջը դրդեց հռոմէացիներուն սկսիլ հաշտութեան բանակցութիւններ[50]։545 թուականին կնքուեցաւ հինգ ամեայ հաշտութիւն, որ ապահովեց հռոմէական տարեկան վճարումներով Սասանեան Պարսկաստանին[51]։

Հռոմէա-սասանյան սահմանը 565 թուականին. Լազիկան կը գտնուի Հռոմէական կայսրութեան կազմին մէջ:

548 թուականի սկզբներուն Լազիկայի արքայ Գուբազը, հոգնելով պարսկական ճնշումներէն, կը խնդրէ Հուստինանոսին վերականգնել հռոմէական գերիշխանութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Կայսրը օգտուեցաւ հնարաւորութենէն եւ 548-9 թուականներուն հռոմէա-լազական միասնական ուժերը շարք մը հաղթանակներ տօնեցին պարսիկներու նկատմամբ, սակայն չկարողացան գրաւել կարեւորագոյն պարսկական բերդ Պետրան։ Վերջինս ինկաւ միայն 551 թուականին, սակայն այդ նոյն տարին պարսկական խոշոր արշաւանքը աւարտեցաւ արեւելեան Լազիկայի գրաւմամբ[52]։ Շուտով 545 թուականի հաշտութիւնը երկարաձգուեցաւ եւս 5 տարիով, պայմանով, որ հռոմէացիները տարեկան 900 կգ ոսկի հարկ վճարեն[53]։ Այս հաշտութիւնը չէր տարածուէր Լազիկիոյ վրայ։ Չնայած այնտեղ ռազմական գործողութիւնները շարունակուեցան եւս քանի մը տարի, ոչ մէկ կողմը չէր հասներ վճռական յաջողութեան[54]։ Հեփթաղներու յարձակումներուն պատճառով, Խոսրովը 562 թուականին կնքեց նոր պայամանագիր, որ պետք է ապահովեր անոնց 50-ամեա հաշտութիւն։ Պարսիկները համաձայնեցան ձգել Լազիկան, իսկ հռոմէացինրը՝ տարեկան վճարել 30, 000 սոլիդուս[55]։ Երկու կողմն ալ համաձայնեցան չկառուցել նոր ամրութիւններ սահմանի մօտակայքին եւ չխոչընդոտել դիւանագետներու եւ առեւտրականներու տեղաշարժին[56]։

Պատերազմ Հայաստանի համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

571 թուականին պատերազմը վերսկսաւ, Մարզպանական Հայաստանի եւ Վիրքի մէջ ծագած ապստամբութեան պատճառով։ Պատերազմը տեղի կ՝ ունենար նոյնիսկ Եմմէնի ու Սուրիական անապատին մէջ, ուր իրար դէմ կը պայքարէին հռոմէական եւ պարսից դրածոները[57]։ Հուտսին Բ.-ը օգնութիւն ցոյց տուաւ հայերուն եւ անոր ուղարկած զօրքերը ջախջախեցին պարսիկներուն, Միջագետքի մէջ[58]։ Սակայն հրամանատարի փոփոխութիւնը ու անձամբ Խոսրովի ժամանումը բերաւ հռոմէացիներու նահանջին։ Խոսրովը ասպատակեց Սուրիան եւ գրաւեց Դարան։ Հռոմէացիները անյաջող փորձ կատարեցին գրաւելու Մծբինը։ Առաջին անգամ հռոմէական մեծագոյն ռազմական հենակետ Դարան ինկաւ պարսիկներուն ձեռքը։ Հռոմէացիները ստիպուած վճարեցին 45, 000 սոլիդուս, որուն շնորհիւ Միջագետքի մէջ կնքուեցաւ միամյա, իսկ Յետագային՝ հինգ ամեայ հաշտութիւն[59]։ Սակայն Հայկական լեռնաշխարհի եւ անապատներուն մէջ կռիւները կը շարունակուէին[60]։575 թուականին Խոսրովը փորձեց ուժեղացնել ճնշումը կայսրութեան վրայ եւ ներխուժեց Փոքր Ասիա։ Այնտեղ ան գրաւեց ու թալանեց Սեբաստիան, սակայն Մալաթիայի մօտակայքին ան կրեց ջախջախիչ պարտութիւն եւ նահանջեց[61]։

Սասանեան Պարսկաստանն ու Արեւելահռոմէական կայսրութիւնը 600 թուականին:

Հռոմէացիները օգտուեցան պարսիկներու պարտութենէն եւ ներխուժեցին Ատրպատական։ Խոսրովը կը ցանկար հաշտութիւն կնքել, սակայն Հայաստանի մէջ տարած հաղթանակէն ետք, մտափոխուեցաւ։ Հայաստանի մէջ հռոմէացիները իրենց գործողութիւններով օտարած էին շատ հայերու[62]։ 578 թուականի գարնան, Միջագետքի մէջ պատերազմական գործողութիւնները վերսկսան պարսկական ասպատակութիւններով։ Զօրավար Մորիկի ղեկավարութեամբ հռոմէացիները ներխուժեցին պարսկական Միջագետք ու գրաւեցին Սինգարա բերդը։ Խոսրովը սկսաւ հաշտութեան բանակցութիւնները 579 թուականին, սակայն մահացաւ հենց նոյն տարին։ Անոր յաջորդ Հորմիզդ Գ.-ը շարունակեց ռազմական հակամարտութիւնը[63]։

580-ական թուականներու ընթացքին պատերազմը կը շարունակուէր անորոշ ելքով։ 582 թուականին Մորիկը մեծ հաղթանակ տօնեց, սակայն չզարգացուց յաջողութիւնը. ան շտապեց վերադառնալ Կոստանդնուպոլիս, որպեսզի փորձեր դառնալ կայսր[64]։ 586 թվականի հռոմեական հաղթանակը ևս չփոխեց ուժերի հարաբերակցությունը[65]։ 586 թուականի հռոմէական հաղթանակը եւս չփոխեց ուժերու յարաբերակցութիւնը։

Հռոմէա-պարսկական սահմանները 4-7-րդ դարերուն:

589 թուականին դավաճանութեան պատճառով պարսիկները գրաւեցին Մարտիրուպոլիսը, սակայն այդ տարին պարսից հրամանատար Վահրամ Չոբինը, որու նուաստացած էր Հորմիզդը, ապստամբեցաւ։ 590 թուականին Հորմիզդը հեղաշրջման ադիւնքին մէջ գահազրկուեցաւ եւ անոր փոխարէն գահ բարձրացաւ տղան՝ Խոսրով Բ. Փարուեզը։ Սակայն Չոբինը շարունակեց ապստամբութիւնը եւ ջախջախեց Խոսրովին, որ փախաւ Արեւելահռոմէական կայսրութիւն։ Վահրամ Չոբինը հռչակուեցաւ Պարսկաստանի նոր շահնշահ։ Մորիկի օգնութեամբ Խոսրովը ապստամբութիւն բարձրացուց Չոբինի դէմ եւ 591 թուականին կարողացաւ ետ վերադարձնել գահը։ Օգնութեան դիմաց հռոմէացիները ետ ստացան ոչ միայն Դարան եւ Մարտուրոպոլիսը, այլեւ Վիրքի արեւմտեան մասն ու Մարզպանական Հայաստանի կեսէն աւելին[66]։

Բիւզանդական եւ Սասանեան կայսրութիւնները 600 թուականին:

602 թուականին Պալքաններուն մէջ արշաւող հռոմէական բանակը Փոկասի գլխաւորութեամբ ապստամբեցաւ եւ շարժեցաւ Կոստանդնուպոլիս։ Մորիկն ու անոր ընտանիքը սպաննուեցան, իսկ Փոկասը հռչակուեցաւ նոր կայսր։ Խոսրով Բ..-ը օգտագործեց այս մէկը որպէս պատճառ սկսելու նոր պատերազմ[67]։ Պատերազմի առաջին փուլին մէջ պարսիկներուն կ՝ ուղղեկցէր չտեսնուած յաջողութիւն։ Խոսրովին ուղղակիօրէն կ՝ աջակցէր Մորիկի ենթադրյալ տղան եւ անուղղակիօրէն՝ հռոմէացի Նարսէս զօրավարի ապստամբութիւնը[68]։603 թուականին պարսից ուժերը հաղթեց հռոմէացիներուն Միջագետքի մէջ եւ պաշարեցին Դարան։ Չնայած Եւրոպայէն բերուած օգնական ուժերուն, պարսիկները, 604 թուականին տօնեցին եւս մէկ հաղթանակ եւ իննամսյա պաշարումէն ետք գրաւեցին Դարան։ Յաջորդող տարիներու ընթացքին պարսիկները մէկը միւսի ետեւէն գրաւեցին Միջագետքի հռոմէական բոլոր հենակետերը[69]։ Միեւնոյն ժամանակ պարսիկները ջախջախեցին Հայաստանի մէջ գտնուող հռոմէացիներուն եւ գրաւեցին ամբողջ Կովկասը[70]։

Հայազգի Հերակլիոս Ա.-ը հեղաշրջում իրակացուց եւ 610 թուականին հռչակուեցաւ կայսր[71]։611 թուականին պարսիկները արդէն ներխուժեցին Սուրիա եւ Փոքր Ասիա։ Նոյն տարին ինկաւ Կեսարիան[72]։612 թուականին Հերակլիոսը կազմակերպեց խոշոր հակայարձակում եւ դուրս մղեց պարսիկներուն Փոքր Ասիայէն եւ շարժեցաւ դէպի Սուրիա։ Անտիոքի մերձակայքին մէջ կայսրը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց պարսից հրամանատարներ Շահրբարազէն եւ Շահին Վահմանզադեգանէն, որուն հետեւանքով հռոմէական պաշտպանական համակարգը փլուզուեցաւ[73]։ Յաջորդ մէկ տասնամեակի ընթացքին պարսիկները գրաւեցին Պաղեստինն ու Եգիպտոսը[74]։ Անոնք շարունակեցին իրենց առաջխաղացումը Փոքր Ասիոյ ասպատակութիւններով։ Միեւնոյն ժամանակ աւարներն ու սլաւոնները օգտուեցան իրադրութենէն եւ գրաւեցին Պալքաններու մեծ մասը. Արեւելահռոմէական կայսրութիւնը կործանման եզրին էր[75]։

Ուշ հռոմէական շրջանի արծաթէ մետաղադրամ, որուն վրայ մակագրուած է լատ.՝ Deus adiuta Romanis:

Այս տարիներու ընթացքին Հերակլիոսը կը փորձէր վերականգնել բանակը եւ պահպանել փլուզուող տնտեսութիւնը։ Պատրիարք Սերգիուսը առաջարկեց կայսրին յանձնել եկեղեցւոյ ամբողջ ոսկին ու արծաթը, որուն շնորհիւ Հերակլիոսը յաջողեցաւ կեանքի կոչել իր ծրագիրերը[76]։ 622 թուականին Հերակլիոսը ձգեց մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը, Փոքր Ասիոյ մէջ հաւաքեց իր զօրքեը, անոնց հետ կատարեց բազմաթիւ զինավարժութիւններ եւ բարձրացուց անոնց ռազմական ոգին։ Շուտով ան սկսաւ հակայարձակում, որ ստացաւ սրբազան պատերազմի աստիճան[77]։ Հայաստանի մէջ ան պարտութեան մատնեց պարսկական քանի մը ուժերու, որոնցմէ է Շահաբազը[78]։ 623 թուականին ան հաշտութիւն կնքեց աւարներու հետ, իսկ արդէն 624 թուականին ջախջախեց Խոսրովին Ատրպատականի մէջ[79]։ 625 թուականին Հայաստանի մէջ Հերակլիոսը ջախջախեց Շահրբարազին, Շահինին եւ Շահրապլականին[80]։ 626 թուականին պարսիկները Շահրբարազի գլխաւորութեամբ եւ աւարներն ու սլաւոնները անյաջող ելքով պաշարեցին Կոստանդնուպոլիսը[81]։ Իսկ պարսկական մէկէ աւելի բանակ Շահինի գլխաւորութեամբ ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին Հերակլիոսի եղբոր ՝ Թէոդորի կողմէ[82]։

Խոսրով Բ․-ի սպանութիւնը, 16-րդ դարու մանրանկար:

Միաժամանակ Հերակլիոսի դաշնակից գյոկթյուրքերը յարձակեցան Կովկասի մէջ պարսկական տիրոյթներու վրայ եւ գրաւեցին Թիֆլիսը[83]։ 627 թուականի վերջը Հերակլիոսը իրականացուց ձմեռային արշաւանք Միջագետք, ուր, չնայած անոր լքեցին թրքական օգնական ուժերը, ան Նինուէի մօտակայքին ջարդեց պարսիկներուն։ Շարժելով հարաւ Տիգրիսի երկայնքով, ան թալանեց Խոսրովի մեծ պալատը Դաստակերտի մէջ։ Ան անկարող եղաւ գրաւել Տիզբոնը Նահրավանդի ջրանցքի կամրջիներու ոչնչացման պատճառով։ Այս պարտութիւններուն հետեւանքով Խոսրովը գահազրկուեցաւ իր որդիի՝ Կաւադ Բ.-ի կողմէն։ Վերջինս համաձայնեցաւ վերադարձնել բոլոր գրաւած տարածքները եւ ետ բերել սահմանները ետպատերազմեան դրութեան[84]։ Հերակլիոսը 629 թուականին մեծ արարողակարգով ետ վերադարձուց Խաչափայտը Երուսաղէմ[85]։

Այս վերջին պատերազմի կործանիչ ազդեցութիւնը ու շուրջ մէկ դար տեւած անդադար ռազմական գործողութիւնները կործանման եզրին հասցուցած էին երկու գերտերութիւններուն։ Կաւադ Բ.-ը գահակալեց ընդամենը քանի մը ամիս. Անոր մահէն ետք Պարսկաստանը մխրճուեցաւ քաղաքացիական պատերազմներու մէջ։ Սասանեան Պարսկաստանի տնտեսութիւնը քայքայուած էր, Խոսրովի արշաւանքներու հետեւանքով հարկերը բարձր էին, իսկ ֆեոդալական մասնատուածութիւնը գալով կը խորանար[86]։ Հռոմէական կայսրութիւնը նոյնպէս ողբալի վիճակի մէջ էր[87]։ Փոքր Ասիոյ տնտեսութիւնը քայքայուած էր, Պալքանեան թերակղզին կը գտնուէր սլաւոններու ձեռքին մէջ, իսկ պարսիկներէն ետ գրաւուած տարածքներու նկատմամբ իշխանութիւնը դեռևս թոյլ էր։

Երկու պետութիւններէն ոչ մէկուն ալ չտրուեցաւ վերականգնելու հնարաւորութիւն. շուտով սկսան արաբական արշաւանքները։ Այս երկարատեւ պատերազմները ճամբայ բացին իսլամութեան տարածման համար։ Սասանեան կայսրութիւնը արագօրէն գրաւեց եւ ոչնչացուց, իսկ Արեւելահռոմէական (Բիւզանդական) կայսրութիւնը կորսնցուց Հայաստանը, Սուրիան, Պաղեստինը, Եգիպտոսն ու հիւսիսային Ափրիկէն, որուն հետեւանքով ան կ՝ ընդգրկէր ընդամենը Փոքր Ասիան եւ տարածքներ Պալքաններուն ու Իտալիոյ մէջ[88]։ Այդ քայքայուած տարածքները կ՝ ենթարկուէին անընդհատ ասպատակութիւններու, որուն հետեւանքով աւարտեցաւ անցումը դասական քաղաքային քաղաքակրթութենէն առաւել գիւղական, միջնադարեան հասարակութեան ձեւի։ Սակայն ի տարբերութիւն Պարսկաստանի, Հռոմէական կայսրութիւնը դիմակայեց արաբական յարձակումներուն եւ ետ մղեց Կոստանդնուպոլսոյ վրայ արաբական երկու յարձակումները[89]։ Յետագային կայսրութիւնը արաբներուն ժամանակաւորապէս կորսնցուց նաեւ Կրետեն եւ հարաւային Իտալիոյ մէկ մասը, սակայն յետագային դուրս մղեց անոնց։

Բիւզանդական կայսրութիւնը 626 թուականին, բծաւոր տարածքները կը գտնուին Սասանեան արշաւանքներու վտանգի տակ

Ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բիւզանդական կայսրութիւնը 650 թուականին: Այս ժամանակ Սասանեան Պարսկաստանը եւ կայսրութեան տարածքներու կեսին հետ կը գտնուէր Արաբական խալիֆաիւթեան հսկողութեան տակ

Երբ Հռոմն ու Պարթեւաստանը սկսան իրենց պայքարը Ք.Ա. 1-ին դարուն, թէ պարթեւները կը յաջողին հասնիլ մինչեւ Էգեեան ծով, սակայն հռոմէացիները կրցան ետ մղել դարու կեսերուն կազմակերպուած պարթեւական խոշոր արշաւանքն ու հզորացրին ճնշումը Պարթեւաստանի վրայ։ Հռոմէացիները կ՝ օգտուէին պարթեւներու թուլութիւնէն, որ ըստ Ջորջ Ռոուլինսոնի կը կայանար անոր մէջ, որ «պարթեւական ռազմական համակարգը նախատեսուած էր պետութեան պաշտպանութեան, ոչ թէ նուաճումներու համար»։ Ի տարբերութիւն անոնց, հռոմէացիները անընդհատ կը ձեւափոխէին իրենց ռազմավարութիւնը եւ արդէն Տրաեանոսի օրով կրնային յաջող յարձակումներ իրականացնել Պարթեւաստանի մէջ[90]։ Ինչպէս Սասանեանները 3-րդ դարու վերջը եւ 4-րդ դարուն, պարթեւ Արշակունիները եւս չէին պաշտպաներ Միջագետքը հռոմէական յարձակումներէն։ Սակայն Իրանական սարահարթին գրեթէ երբեք վտանգ չէր սպառնար, իսկ հռոմէացիները չէին կրնար կարճ ժամանակի մէջ վերջնական գրաւել այդպիսի մեծ տարածք, Միջագետքի պէս[91]։

Սակայն 4-րդ դարէն սկսած արդէն պարսիկները կը յարձակէին։ Անոնք կը համարէին, որ պարթեւներու օրով հռոմէացիներուն հանձնուած տարածքները իրականին իրենց կը պատկանին[92]։ Ի տարբերութիւն պարթեւներուն, պարսից Սասանեաններու օրով պետութիւնը աւելի կեդրոնացուած էր, որու օգնութեամբ անոնք աւելի լաւ կ՝ օգտագործէին իրենց ձեռքի տակ եղած ռեսուրսները։ Ընդհանուր առմամբ հռոմէացիները կը համարէին Սասանեանները աւելի վտանգաւոր ախոեան, քան պարթեւները։ Իրենց հերթին Սասանեանները կը համարէին հռոմէացիները իրենց հաւասար կայսրութիւն[93]։

Սասանեաններնու ու Արշակունիներու հիմանակն ուժը կատաֆրակտներն էին՝ ծանր, զրահապատ ազնուական հեծելազոր։ Անոնք նաեւ բաւական մեծ քանակութեամբ կ՝ օգտագործուէին հեծեալ նետաձիգներ, իսկ երբեմն ալ Ինդոսի հովիտէն բերուած մարտական փիղեր։ Սակայն անոնց հետևակը անհամեմատ թոյլ էր հռոմէականէն[94]։ Պատերազմներու հետ միասին երկու ախոեան գերտերութիւններու բանակին մէջ ալ կը մեծնար ծանր հեծելազոր դերը։ Ի տարբերութիւն հռոմէացիներուն, որոնք մասնագիտացած էին պաշարման արուեստին մէջ, պարթեւները ընդունակ չէին կազմակերպելու կանոնաւոր պաշարում։ Սակայն Սասանեաններու երեւան գալով, իրավիճակը կտրուկ փոխուեցաւ. վերջիններս հռոմէացիներու նման հիանալի կ՝ օգտագործէին պաշարողական տարբեր մեքենաներ[95]։

Մ.թ. 1-ին դարէն մինչեւ 7-րդ դարը հռոմէացիները կը պաշտպանէին իրենց արեւելեան սահմանները պաշտպանական գիծերու՝ լիմեսներիու միջոցով[96]։ Նոյն մարտավարութիւնը սկսած էր Շապուհ Բ. Երկարակեացէն, որ կը կիռարէին նաեւ պարսիկները[97]։

Գերի ինկած կայսր Վալերիանոսի նուաստացումը պարսից Շապուհի կողմէն:

Հռոմէա-պարսկական պատերազմները հիմնականին կը համարուին «ապարդիւն» »[98]: Հետաքրքիր է, որ հռոմէացի պատմիչ Դիո Կասիոսն ըսես կանխազգուշացնէ, որ երկու գերտերութիւններուն միջեւ «ռազմական գործողութիւնները իրենց կը ներկայացնեն չաւարտող ցիկլ»[99]։ Իրականին մէջ 7 դար տեւած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով երկու կայսրութիւններու միջեւ սահմանը կը մնար համեմատաբար կայուն։ Ինչպէս բնութագրած է պատմաբան Ֆրայը.

Կարելի է ունենալ այն տպաւորութիւնը, որ այս երկու պետութիւններուն միջեւ պատերազմներու ընթացքին թափուած արիւնը կը բերէր այնքան քիչ օգուտ, ինչքան Առաջին համաշխարհային պատերազմի խրամատային ահաւոր կռիւներու շնորհիւ ձեռք բերուած քանի մը մեթր հողը:


Երկու պետութիւններն ալ կ՝ արդարաձնէին պատերազմները գաղափարախոսութեամբ. հռոմէացիները, որպէս խաղաղութեան եւ կարգ ու կանոնի պահապաններ, իսկ Սասանեանները որպէս Աքեմենեաններիու ժառանգներ։ Իսկ Հռոմէական կայսրութեան քրիստոնէացումէն սկսած, պատերազմները երբեմն կ՝ ընդունուէին որպէս կրօնական բնոյթ[100]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հովարդ-Ջոնսթոն (2006), 1
  2. Բոլ (2000), 12-13; Դիգնաս-Վինթեր (2007), 9 (PDF)
  3. Պլուտարքոս, Սուլլա, 5, 3–6
    * Մաքեյ (2004), 149; Շերվին-Ուայթ (1994), 262
  4. Բիվար (1993), 46
    * Շերվին-Ուայթ (1994), 262–263
  5. Շերվին-Ուայթ (1994), 264
  6. Պլուտարքոս, Կրասոս, 23–32
    * Մաքեյ (2004), 150
  7. Բիվար (1993), 56
  8. Հուստին, լատ.՝ Historiarum Philippicarum, XLII 4
    * Բիվար (1993), 56–57
  9. Բիվար (1993), 57
  10. Հուստին, լատ.՝ Historiarum Philippicarum, XLII 4; Պլուտարքոս, Անտոնիոս, 33–34
    * Բիվար (1993), 57–58
  11. Դիո Կասիոս, «Հռոմեական պատմություն», XLIX, 27–33
    * Բիվար (1993), 58–65
  12. Սիկեր (2000), 162
  13. Տակիտոս, Տարեգրություն, XII 50–51
    * Սիքեր (2000), 163
  14. Սիկեր (2000), 162–163
  15. Տակիտոս, Տարեգրություն, XV.27–29
    * Ռոուլինսոն(2007), 286–287
  16. Սիքեր (2000), 167
  17. Դիո Կասիոս, Հռոմեական պատմություն, LXVIII, 33
    * Sicker (2000), 167–168
  18. Լայթֆութ (1990), 115; Սիքեր (2000), 167–168
  19. Հերոդիան, Հռոմեական պատմություն, III, 9.1–12
    Քեմփբել (2005), 6–7; Ռոուլինսոն (2007), 337–338
  20. Հերոդիան, Հռոմեական պատմություն,  IV, 10.1–15.9 Archived 2015-05-04 at the Wayback Machine.
    Քեմփբել (2005), 20
  21. Հերոդիան, Հռոմեական պատմություն, VI, 2.1–6 Archived 2014-11-05 at the Wayback Machine.; Դիո Կասիոս, Հռոմեական պատմություն, LXXX, 4.1–2
    * Dodgeon–Greatrex–Lieu (2002), I, 16
  22. Հերոդիան, Հռոմեական պատմություն, VI, 5.1–6
    * Դոջեոն–Գրիտրեքս–Լյու(2002), I, 24–28; Ֆրայ (1993), 124
  23. Ֆրայ (1993), 124–125; Սաութերն (2001), 234–235
  24. 24,0 24,1 Ֆրայ (1993), 125
  25. Վիկտոր Ավրելիոս, լատ.՝ Liber de Caesaribus, 27.7–8
    * Ֆրայ (1993), 125; Սաութերն (2001), 235
  26. Լակտանտիուս, լատ.՝ De Mortibus Persecutorum, 5
    * Ֆրայ (1993), 126; Սաութերն (2001), 238
  27. Վիկտոր Ավրելիոս, լատ.՝ Liber de Caesaribus, 38.2–4; Էվտրոպիոս, Հռոմեական պատմության համառոտագրություն, IX, 18.1
    * Ֆրայ (1993), 128; Սաութերն (2001), 241
  28. Ֆրայ(1993), 130; Սաութերն (2001), 242
  29. Վիկտոր Ավրելիոս, լատ.՝ Liber de Caesaribus, 39.33–36; Էվտրոպիուս, Հռոմեական պատմության համառոտագրություն, IX, 24–25.1
    * Ֆրայ (1993), 130–131; Սաութերն (2001), 243
  30. Ֆրայ (1993), 137
  31. Ֆրայ (1993), 138
  32. Բյուրի (1923), XIV.1; Ֆրայ (1993), 145; Գրետրիքս-Լյու (2002), II, 37–51
  33. Պրոկոպիոս, Պատերազմներ, I.7.1–2* Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 62
  34. Զաքարի Հռետոր, լատ.՝ Historia Ecclesiastica, VII, 3–4
    * Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 63
  35. Գրետրիքս–Լյու (2002), I I, 69–71
  36. Պրոկոպիոս, Պատերազմներ, I.9.24* Գրետրիքս–Լյու(2002), II, 77
  37. Պրոկոպիոս, Պատերազմներ, I.11.23–30
    * Գրետրիքս (2005), 487; Գրետրիքսևndash;Լյու(2002), II, 81–82
  38. Greatrex–Lieu (2002), II, 82
  39. Greatrex–Lieu (2002), II, 84
  40. Zacharias Rhetor, Historia Ecclesiastica, IX, 2
    * Greatrex–Lieu (2002), II, 83, 86
  41. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 85
  42. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 92–96
  43. Գրետրիքս–Լյու(2002), II, 93
  44. Էվանս(2000), 118; Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 96–97
  45. Գրետրիքս–Լյու(2002), II, 102
  46. Պրոկոպիոս, Պատերազմենր, II.20.17–19* Գրետրիքս–Լյու(2002), II, 109–110
  47. Պրոկոպիոս, Պատերազմներ, II.21.30–32* Գրետրիքս–Լյու(2002), II, 110
  48. Կորիպոս, լատ.՝ Johannidos, I.68–98* Գրետրիքս–Լյու(2002), II, 111
  49. Գրետրիքս-Լյու (2002), II, 113
  50. Procopius, Wars, 28.7–11* Greatrex (2005), 489; Greatrex–Lieu (2002), II, 113
  51. Procopius, Wars, 28.7–11* Evans, Justinian (527–565 AD); Greatrex–Lieu (2002), II, 113
  52. Թրեդգոլդ (1997), 204–207
  53. Թրեդգոլդ (1997), 209
  54. Ֆառոխ (2007), 236
  55. Մենանդեր Պրոտեկտոր, Պատմություն, մաս. 6.1
  56. Էվանս, Հուստինիանոս
  57. Հովհաննես Էփիֆանիա, Պատմություն, 2 AncientSites.com
  58. Թրեդգոլդ (1997), 222
  59. Գրետրիքս–Լյու(2002), II, 152; Լութ (2005), 113
  60. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 246.11–27
    * Ուիթբի (2000), 92–94
  61. Թեոֆիլակտ, Պատմություն, I, 9.4 Archived 2010-06-12 at the Wayback Machine. (PDF)
    Թրեդգոլդ (1997), 224; Ուիթբի (2000), 95
  62. Թրեդգոլդ (1997), 224; Ուիթբի (2000), 95–96
  63. Սովարդ, [1] Archived 2010-06-12 at the Wayback Machine. (PDF); Թրեդգոլդ (1997), 225; Ուիթբի(2000), 96
  64. Սովարդ, [2] Archived 2010-06-12 at the Wayback Machine. (PDF); Թրեդգոլդ (1997), 226; Ուիթբի (2000), 96
  65. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 168-169
  66. Թեոֆիլակտ, V, Պատմություն, I, 3.11 Archived 2010-06-12 at the Wayback Machine. (PDF) և 15.1 Archived 2010-06-12 at the Wayback Machine. (PDF)* Լյութ (2005), 115; Թրեդգոլդ (1997), 231–232
  67. Ֆոս (1975), 722
  68. Թեոֆանես, Ժամանակագրություն, 290–293* Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 183–184
  69. Թեոֆանես, Ժամանակագրություն, 292–293
    * Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 185–186
  70. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 186–187
  71. Հալդոն (1997), 41; Շպեկ (1984), 178.
  72. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 188–189
  73. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 189–190
  74. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 190–193, 196
  75. Հովարդ-Ջոնսթոն (2006), 85
  76. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 196
  77. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 303–304, 307
    * Կամերոն (1979), 23; Գրաբար (1984), 37
  78. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 304.25–306.7
    * Գերտրիքս–Լյու (2002), II, 199
  79. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 306–308
    * Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 199–202
  80. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 308–312
    * Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 202–205
  81. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 316
    * Կամերոն (1979), 5–6, 20–22
  82. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 315–316
    * Ֆառոխ–Մաք Բրայդ (2005), 56
  83. Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 209–212
  84. Թեոփանես, Ժամանակագրություն, 317–327* Գրետրիքս–Լյու (2002), II, 217–227
  85. Հալդոն (1997), 46; Բայնս (1912), Շպեկ (1984), 178
  86. Հովարդ-Ջոնսթոն (2006), 9
  87. Հալդոն (1997), 43–45, 66, 71, 114–15
  88. Հալդոն (1997), 49–50
  89. Հալդոն (1997), 61–62; Հովարդ-Ջոնսթոն(2006), 9
  90. Ռոուլինսոն (2007), 199
  91. Ուիլեր (2007), 259
  92. Ֆրայ (2005), 473
  93. Գրետրիքս (2005), 478; Ֆրայ (2005), 472
  94. Կոռնուել, Սասանյան Պարսկաստանի ռազմական ուժերի ընդհանուր բնութագիր Archived 2008-06-30 at archive.ph Error: unknown archive URL; Սիդնել (2006), 273
  95. Քեմփբել–Հուք (2005), 57–59; Գաբա (1966), 51–73
  96. Շալիդ (1984), 24–25; Վագստաֆ (1985), 123–125
  97. Ֆրայ (1993), 139; Լևի (1994), 192
  98. Բրազիեր (2001), 42
  99. ԴԻո Կասիոս, Հռոմեական պատմություն, LXXV, 3.2–3
    * Գարնսեյ–Սալեր(1987), 8
  100. Բարնս (1985), 126

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]