Jump to content

Ճուլիա Ֆիշըր

Ճուլիա Ֆիշըր
գերմաներէն՝ Julia Fischer
Ծնած է 15 Յունիս, 1983 (32 տարեկան)
Ծննդավայր Միւնիխ, Գերմանիա
Քաղաքացիութիւն  Գերմանիա
Մայրենի լեզու գերմաներէն
Ուսումնավայր Միւնիխի Երաժշտութեան եւ Թատրոնի Բարձրագոյն Հիմնարկ
Q1248650?
Ազդուած է Կլէնն Կուլտի, Էվքինի Քիսսինի եւ Մաքիսմ Վէնկերովի կողմէ
Տեսակ դասական երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն ջութակահար, դաշնակահար
Աշխատավայր Ֆրանկֆուրտի երաժշտության և կատարողական արվեստների համալսարան?
Միւնիխի Երաժշտութեան եւ Թատրոնի Բարձրագոյն Հիմնարկ[1]
Անդամութիւն Julia Fischer Quartet?
Կայքէջ juliafischer.com(գերմ.)(անգլերէն)

Ճուլիա Ֆիշըր (գերմաներէն՝ Julia Fischer, 15 Յունիս 1983), գերմանացի դասական ջութակահար եւ դաշնակահար: Ան ջութակն ու դաշնամուրը կը նուագէ համերգային մակարդակով[2]:

Ճուլիա ծնած է Միւնիխ, Գերմանիա: Գերմանա-սլովաքիական ընտանիքէ է: Անոր մայրը, Վիերա Ֆիշըր, կու գայ Սլովաքիոյ գերմանական փոքրամասնութենէն եւ Սլովաքիայէն Գերմանիա գաղթած է 1972 թուականին: Անոր հայրը, Ֆրանք Մայքըլ Ֆիշըրը, Գերմանիոյ արեւելքը ծնած մաթեմաթիկոս է, ով նոյն թուականին կ’երթայ Գերմանիոյ արեւմուտք:

Ճուլիան դասընթացքները սկսած է իր չորրորդ տարեդարձին, եւ անոր առաջին ջութակի ուսուցչուհին եղած է Հելկ Թելէնը: Մի քանի ամիս ետք ան դաշնամուրի դասերը սկսաւ իր մօր հետ: Ֆիշըր կ’ըսէ. «Մայրս դաշնակահար է, եւ ես ալ իրեն նման ուզեցի դաշնամուր նուագել: Բայց որովհետեւ եղբայրս արդէն այդ մէկը կը նուագէր, մայրս ուզեց ուրիշ երաժշտական գործիք մը ըլլայ ընտանիքին մէջ, եւ այսպիսով սկսայ ջութակ նուագել եւ մինչեւ օրս կը նուագեմ:»[3]. Ան պաշտօնապէս սկսաւ իր ջութակի դասընթացքները Լէոփոլտ Մոցարթ արուեստատուն եւ երաժշտանոցին մէջ, Լիտիա Տուպրոսքայայի խնամակալութեան տակ: 9 տարեկանին ան կ’անցնի Միւնիխի պետական երաժշտութեան համալսարանը եւ իր դասերը կը շարունակէ Աննա Չումաչենքոյի հետ:

Որպէս պատանի, ան ազդուած էր Կլէն Կուլտի, Եւկենի Քիսսինի եւ Մաքսիմ Վենկերովի կողմէ[4]:

Ան աշխատեցաւ համաշխարհային ճանչցուած հաղորդիչներու հետ, օրինակ՝ Լորին Մաազել, Քրիսթոֆ Եշչենպախ, Եաքով Քրէյծպըրկ, Եուրի Դերմիքանով, Նեւիլ Մարիննըր, Դաւիթ Զինման, Զտենէք Մաքալ, Ճուն Մարքլ, Ռուբէն Ղազարեան, Մարէք Ճանուսքի, Հերպերթ Պլոմսդէտթ, Մայքըլ Թիլսըն Թոմաս, որոնց մէջ կար՝ գերմանացի, ամերիկացի, անգլիացի, լեհ, ֆրանսացի, իտալացի, ռուս, ճափոնցի եւ սլովաք բոլոր եւրոպական երկիրներէն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ ձայնասփիւռերէն:

2003 թուականին, Ֆիշըր ուեցաւ բազմաթիւ հանդէսներ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ իր նուագած կտորները շատ մեծ գովասանակութիւններ ու ծափահարութիւններ ստացաւ, մանաւանդ իր Պրամսի քոնչերթօն, Լորին Մաազելի եւ Պավարիան ձայնասփիւռի նուագախումբին հետ: Ֆիշըր աշխարհը կը շրջի Նեվիլ Մարիննըրի, Հերպըրթ Պլոմսթետթի եւ անոնց նուագախումբերուն հետ այսպիսի հանդէսներ ունենալու համար:

2004-ի աշնան, ան կը հրատարակէ իր առաջին ձայնասկաւառակը, որ ռուսական ջութակի քոնչերթօ մըն էր, Եարքով Քրէյզպըրկի եւ իր ռուսական նուագախումբին հետ: Այդ մէկը ստացաւ բազմաթիւ գովասանքներ եւ եղաւ առաջին 5 ամենաշատ ծախուած ձայնասկաւառակներեն մէկը Գերմանիոյ մէջ եւ 2005 թուականին այս ձայնասկաւառակը մրցանակ մը շահեցաւ: Անոր ուրիշ ձայնասկաւառակները կը պարունակեն իր Պախ, Մոցարթ եւ Չայքովսքի քոնչերթօները:

Ամէնէն լաւ մրցումներուն մէջէն որ Ֆիշըր յաղթեց, համազխարհային Եէհուտի Մէնուհին ջութակի մրցումն է, որ անոր վերահսկողը Եէհուտի Մէնուհին էր։ Ան գրաւեց առաջին դիրքը եւ յաղթեց ամէնալաւ նուագուած Պախ կտորի մրցանակը 1995 թուականին: Նաեւ ան յաղթեց Եւրատեսիլ Պատանի Երաժիշտներու Մրցումը մրցանակը որ 22 տարբեր երկիրներ այդ մրցումը ուղիղ կը դիտէին Լիզպոնէն: Ճուլիային առիթը տրուեցաւ որ Մոցարթի ծնած սենեակին մէջ նուագէ Սալցպուրկի մէջ, անոր 250-րդ տարեդարձին համար:

Ան նուագած է Պախ եւ Վիվալտի, ունենալով 40 տարբեր քոնչերթօներ:

1 Յունուար 2008 թուականին, Ֆիշըր նուագեց դաշնամուրը, Ալթէ Օփըր, Ֆրանքֆուրթի մէջ։ Հանդէսին վարիչը Մաթիաս Փիթնչերն էր, եւ դաշնամուր նուագելէ ետք, նոյն հանդէսին ան անցաւ ջութակին:

Ճուլիա, գիտանլով գերմաներէն, ան նաեւ շատ լաւ գիտէ անգլերէն ու ֆրանսերէն:

Երաժշտական գործիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս, ան կը նուագէ «Կուատանինի» (Guadagnini) 1742, որ գնած է Մայիս 2004 թուականին[5]: Ատկէ 4 տարի առաջ ան կը նուագէր «Սթրատիվարիուս» (Stradivarius) 1716:

«Ես կը նուագեմ 4/4 ջութակի վրայ 10 տարեկանէս ի վեր. Իմ գործիքներուս արժէքը, ժամանակի ընթացքին բարձրացաւ: Նուագեցի Ventapane, Gagliano եւ Testore մինչեւ Guarneri del Gesu 1998 թուականին: Բայց դեռշ ուրախ չէի իմ ջութակով եւ անցայ դէպի Stradivarius որուն վրայ աշխատեցայ 4 տարի, եւ գոհ մնացի: Բայց միշտ ուզեցի իմ յատուկ գործիքս ունենալ, եւ 6 տարի առաջշ այդ մէկը քնեցի Լոնտոն էնշ որն էր Կուատանինի1742:» – Julia Fischer, August 2010[6]

2012 թուականէն սկսեալ, ան ունեցած եւ նուագած է ջութակ մըշ Ֆիլիփ Ակըսդին կողմէ:[7][8]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]