Jump to content

Սիլաս Մարնըր

Սիլաս Մարնըր
Հեղինակ Ճորճ Էլիոթ
Երկիր Անգլիա
Լեզու Անգլերէն
Հրատարակչական թուական
1861

Սիլաս Մարնըր, Րեւելոյի մանրածախը, Ճորճ Էլիոդի երրորդ նորավէպը , հրատարակուած՝ 1861-ին: Մանրածախի մը պատմութիւնն է:

Նորավէպին ամփոփումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նորավէպը Ժթ. դարու պատմութիւն է: Սիլաս Մարնըր մանրածախ մըն էր Լենթըրն Եարտ գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Անգլիոյ հիւսիսը: Ան ամբաստանուած էր, թէ գողցած էր ծեր հիւանդ մարդու մը հաւաքուած ոսկիները, երբ հոգ կը տանէր անոր: Երկու փաստեր կային, որոնք Սիլասի դէմ էին՝ պզտիկ դանակ մը եւ իր տան մէջ գտնուած դրամները: Տարաձայնութիւն մը կ'ըսէր, թէ Սիլասի մտերիմ ընկերը՝ Ուիլիըմ Տէյնն էր գողը, որ Սիլասի վրայ բերցուցած էր յանցանքը, որովհետեւ Սիլաս իր պզտիկ դանակը փոխ տուած էր Ուիլիըմի նախ քան ոճիրը: Սիլաս անմեղ էր։ Սիլասի սիրած աղջիկը՝ Սարա, որու հետ պիտի ամուսնանար, զինք ձգելով կ'ամուսնանայ Ուիլիըմի հետ: Յուսախաբ Սիլաս կը ձգէ Լենթըրն Եարտն ու կը հեռանայ:

1907-ին գրուած «Սիլաս Մարնըր» գիրքէն փրցուած էջ մը

Մարնըր Րեւելոյ գիւղը կ'երթայ, ուր առանձին կ'ապրի. չ'ուզեր մէկու մը հետ տեսակցիլ, բացի քանի մը բնակիչներէ: Կը սկսի նիւթապաշտ դառնալ եւ այդ նպատակով ալ անդադար կ'աշխատի:

Սքուայըր Գաս Ռավելոյի ամենահարուստ մարդն էր, որ ունէր երկու որդիներ՝ Կատըֆրի եւ Տանսթըն:Տանսթըն ագահ էր եւ դաժան: Կատըֆրի բարեգործ էր, բայց թոյլ, եւ գաղտնի ամուսնացած էր թմրամոլ Մոլի Ֆարրենի հետ, բայց միաժամանակ կը սիրէր Նենսի Լամաթերը, որ երիտասարդ աղջիկ մըն էր, ուսեալ եւ ընկերային բարձր խաւի պատկանող:Տանսթըն բազմիցս կը սպառնար եղբօրը, որ պիտի բացահայտէր իր ամուսնութիւնը Մոլիէն: Օր մըն ալ յանկարծ Սիլասի ոսկիները կը գողցուին Տանսթըն Գասի կողմէ. Սիլաս շատ կը զայրանայ: Սակայն Տանսթըն կ'անհետանայ, եւ ոչ մէկ հետք կը ձգէ իր ետին: Սիլասի յուսահատ վիճակին մէջ յաճախ զինք կ'այցելէ Տոլլի անունով համագիւղացի մը եւ զինք կը խրախուսէ եկեղեցի երթալու: Ձմրան գիշեր մը Մոլի կը փորձէ Սքուայըր Գասի Նոր Տարուան Ելոյթին ներկայ գտնուիլ իր երկու տարեկան աղջկան հետ, որպէսզի յայտարարէ, թէ ինք Կատֆրիի կինն է եւ որ աղջիկ մը ունէր իրմէ: Ճամբան՝ կինը այնքան թմրեցուցիչ գործածած էր, որ գետին կ'իյնայ եւ կը մահանայ ձիւնին մէջ։ Աղջնակը սողալով Սիլասի տունը կը մտնէ: Սիլաս կը հետեւի պզտիկին հետքերուն եւ գետինը մեռած կին մը կը տեսնէ : Ան Գաս ընտանիքին բնակարանը կ'երթայ եւ կը պատմէ պատահածը, Կատըֆրի արագ դէպքին վայրը կ'երթայ, բայց բնաւ չ'ըսեր, թէ այդ կինը իր կինն էր։ Մոլիի մահով վերջ կը դրուէր իր ամուսնութեան:

Սիլաս կը գտնէ Էփին

Սիլաս իր քով կը պահէ աղջիկը եւ անունը Էփի կը դնէ: Էփի Սիլասի կեանքը ամբողջութեամբ կը փոխէ: Սիլաս որ ոսկիի եւ դրամի մոլի դարձած էր, մանաւանդ գողութեան ենթարկուելէն ետք, ամբողջութեամբ կը փոխուի Էփիիի իր կեանքէն ներս մուտք գործելէ ետք: Կատըֆրի Գաս կրնայ ազատ ամուսնանալ Նենսիի հետ, բայց գաղտնի կը պահէ իր ամուսնացած ըլլալը եւ զաւակ ունենալը: Մարնըրի դրացին՝ Տոլլի Ուինթդոփ, մեծապէս կ'օգնէ Մարնըրի, որ Էփին մեծցնէ եւ հոգ տանի անոր: Տոլլի ոչ միայն կ'օգնէ Մարնըրի, որ Էփին մեծցնէ այլեւ իր յարաբերութիւնը փոխելու գիւղացիներուն հետ:

Սիլաս Մարնըր՝ 1916-ին ներկայացուած ֆիլմի մը ընդմէջէն

16 տարի կ'անցնի եւ Էփի կը մեծնայ: Շատ կապուած էր Սիլասի, որ փոխած էր իր կեանքը: Մինչ այդ Կատըֆրի եւ Նենսի կ'ամուսնանան, բայց զաւակ չեն կրնար ունենալ: Տանսթընի մարմինը կը գտնուի ոսկիներն ալ հետը: Կատըֆրի երբ կը գիտնայ թէ Տանսթըն մեռած է, կ'որոշէ Նենսիին պատմել ամէն ինչ եւ կ'ըսէ, թէ ինք Մոլիի հետ ամուսնացած էր եւ զաւակ մը ունէր եւ այդ զաւակը Էփին է: Կատըֆրի եւ նենսի կ'առաջարկեն Սիլասի որ իրենք մեծցնեն Էփին, բայց Էփի քաղաքավարութեամբ կը մերժէ առաջարկը, որովհետեւ կ'ըսէ, թէ չի կրնար Սիլասը ձգել եւ ուրիշին հետ ապրիլ: Սիլաս շատ ուրախ էր իր նոր կեանքով, նոր ընտանիքով եւ ընկերներով: Վերջաւորութեան Էփի կ'ամուսնանայ Տոլիի տղուն՝ Արոնի հետ: Արոն եւ Էփի Սիլասի նոր տունը կ'անցնին, զոր Կատըֆրի տուած էր իրենց: Սիլասի տարիներու զոհողութիւնը Էփին մեծցնելով դրական ազդեցութիւն մը ձգած էր բոլորին վրայ:

  • Սիլաս Մարնըր: Մանրածախ մը, որ դաւաճանութեան մը զոհը կը դառնայ Լենթըր Եարտի իր մտերիմ ընկերոջմէն՝ Ուիլիըմ Տէյնէն, եւ կը փոխադրուի Րեւելոյ, ընչաքաղց մը կը դառնայ, մինչեւ որ ունեցուածքը կը գողցուի Տանսթըն Գասէն: Իր հաւատքը վերստին կը գտնէ, երբ կը տեսնէ Էփին(Կատըֆրիի աղջիկը):
  • Սքուայըր Գաս: Րեւելոյի բարեկեցիկներէն, որ հողերու եւ արտերու տէր էր:
  • Կատըֆրի Գաս: Անդրանիկ զաւակը Գաս ընտանիքին, որ եղբօրը հետ միշտ հարցեր կ'ունենար Մոլիի հետ իր ամուսնութեան պատճառով: Երբ Մոլի կը մահանայ, ինքզինք հանգիստ կը զգայ, բայց որոշ ժամանակ մը ետք կը զգայ, թէ պէտք է սրբագրէ իր ըրած սխալները:
  • Տանսթըն Գաս: Երկրորդ զաւակն էր Գասի: Ան կը գողնայ Սիլասի ոսկիները:
  • Մոլի Ֆերըն: Կատըֆրիի առաջին եւ գաղտնի կինը, որմէ աղջիկ մը ունէր եւ թմրեցուցիչի մոլի դարձած էր։ Ան կը մեռնի երբ Րեւելոյ կ'երթայ գաղտնիքը յայտնաբերելու, աղջիկը՝ Էփի, կը մնայ Սիլասի քով, որու ամբողջ կեանքը կը փոխէ:
  • Էփի: Մոլիի եւ Կատըֆրիի զաւակը, զոր Սիլաս կը մեծցնէ եւ հոգ կը տանի մօր մահէն ետք: Շատ գեղեցիկ աղջիկ մը կը դառնայ, որ շատ լաւ կրթութիւն ստացած էր Սիլասէն:
  • Նենսի Գաս (Նենսի Լամադեր): Կատըֆրիի երկրորդ կինը, որ ընկերային բարձր խաւին կը պատկանէր:
  • Փրիսիլա Լամադեր: Նենսիի քոյրը:
  • Արոն Ուինթրոփ: Տոլիի զաւակը, որ պատմութեան աւարտին կ'ամուսնանայ էփիի հետ:
  • Տոլի Ուինթրոփ: Արոնի մայրը, Պենի կինը եւ Էփիի կնքամայրը:
  • Պարոն Սնել: Րեյնպոյ ճաշարանին տէրը՝ Րեւելոյի մէջ:
  • Ուիլիըմ Տէյն: Սիլասի նախկին մտերիմ ընկերը՝ Լենթըր Եարտի մէջ։ Ուիլիըմ կը դաւաճանէ Սիլասը եւ կ'ամուսնանայ վերջինիս նշանածին՝ Սարայի հետ:
  • Սարա: Սիլասի նշանածը, որ Լենթըր Եարտի մէջ կ'ամուսնանայ Ուիլիըմ Տէյնի հետ:
  • Պարոն Մէյսի: Եկեղեցւոյ ժամկոչը եւ դերձակ մը:
  • Սողոմոն Մեյսի: Պարոն Մէյսիի եղբայրը եւ տաղանդաւոր ջութակահար մը:
  • Պարոն Գրաքենթրոփ: Րեւելոյի քահանան եւ արդարութիւն հետապնդող անձ մը:
  • Պոպ Լոնտի: Րեւելոյի մսագործը:
  • Ճեմ Րոտնի: Երբ Սիլասի ոսկիները կը գողցուին, առաջին ամբաստանեալը:

Նուազագոյնը 5 ֆիլմեր արտադրուած են Սիլաս Մարնըրի մասին.-

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Silas Marner (1911)»։ IMDb.com։ (Amazon)։ արտագրուած է՝ 11 April 2015 
  2. «SIlas Marner's Christmas (1912)»։ IMDb.com։ (Amazon)։ արտագրուած է՝ 11 April 2015 
  3. «Silas Marner (1913)»։ IMDb.com։ (Amazon)։ արտագրուած է՝ 11 April 2015 
  4. «Silas Marner (1916)»։ IMDb.com։ (Amazon)։ արտագրուած է՝ 11 April 2015 
  5. Silas Marner (1916) remaining reels, Ned Thanhouser of the Thanhouser Film Corporation and Vimeo, http://vimeo.com/21306075, վերցված է June 26, 2014 
  6. «Silas Marner (1922)»։ IMDb.com։ (Amazon)։ արտագրուած է՝ 11 April 2015 
  7. Illustrated London News. 18 November 1876, page 476
  8. Stedman Jane W. (1996)։ W. S. Gilbert, A Classic Victorian & His Theatre։ Oxford University Press։ ISBN 0-19-816174-3  p. 141
  9. Bangaru Papa in Naati 101 Chitralu, S. V. Rama Rao, Kinnera Publications, Hyderabad, 2006, pp. 109–110
  10. Silas Marner, John Joubert
  11. «John Joubert: composer»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-01-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-07 
  12. Nagendra (1981)։ Premchand: an anthology։ Bansal։ էջ 70։ OCLC 8668427 
  13. IMDB listing Retrieved 2015-10-17
  14. Masterpiece Theater database Retrieved 2015-10-17
  15. Youtube link Retrieved 2015-10-17
  16. IMDB listing Retrieved 2015-10-17

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից