Jump to content

Սուէզ

Քաղաք
Սուէզ
Երկիր  Եգիպտոս
Հիմնադրուած է՝ 1859
Տարածութիւն 250,400 քմ²
ԲԾՄ 11±1 մեթր
Բնակչութիւն 516 959 մարդ (2010)
Ժամային գօտի UTC+2
Պաշտօնական կայքէջ suez.gov.eg

Սուէզ, քաղաք եւ նաւահանգիստ՝ Եգիպտոսի հիւսիս-արեւմուտքին՝ Կարմիր ծովու ափին, Սուէզի ջրանցքին մօտ։ Սուէզ նահանգին վարչական կեդրոնն է։ 2018-ի տուեալներով, ունի 750,000 բնակչութիւն։ Կարեւոր փոխադրա-առեւտրային կեդրոն է Սուէզի ջրանցքին մօտ։ Երկաթուղիներու, ինքնաշաժներու ճանապարհներու եւ օդային հաղորդակցութիւններու հանգոյց է։ Կան նաւթավերամշակման եւ նաւթաքիմիական ծրագիրներ։ Սուէզի մօտ, Ք.ա. շուրջ 2-րդ հազարամեակին, կառուցուած է Նեղոսը, Կարմիր ծովուն միացնող նաւարկելի ջրանցքը։

Քաղաքային շրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքը բաժնուած է հինգ գլխաւոր թաղամասերու՝

Ալ Արպաին շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքին ամէնէն շատ խճողուած շրջանը. հոն կը գտնուին պետական շէնքերուն եւ հանրային հաստատութիւններուն մեծ մասը: Հաստատուած են նաեւ քաղաքին հիմնական միրգերուն եւ բանջարեղէնի շուկաները՝ ինչպէս նաեւ վաճառականական այլ կեդրոններ:

Այս շրջանը քաղաքին ամէնէն հարուստ շրջաններէն է: Կառոյցները շատ սուղ են: Շէնքերը ունին աւելի ժամանակակից ճարտարապետական ​​ոճ, քան Էլ Արպաին թաղամասին շէնքերը: Անիկա կը ներառէ նաեւ Port Tawfik-ի հարուստ թաղը, որ Սուէզի ջրանցքին մօտ է: Վերջինիս մէջ կը գտնուին անգլիական ոճով կառոյցներ, որոնք կը վերաբերին անգլիական տիրապետութեան շրջանին: Շրջանը կը ներառէ նաեւ Եգիպտոսի երկու ամէնէն կարեւոր նաւթավերամշակման գործարանները՝ El-Nasr Petroleum Company-ն եւ Suez Petroleum Company-ն: Սուէզի նաւահանգիստը՝ Եգիպտոսի հիմնական նաւահանգիստներէն մէկը, կը գտնուի այս շրջանին մէջ:

Ալ Կանայէն շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս շրջանը կ'երկարի մինչեւ Իսմաիլիա նահանգին սահմանը: Անիկա ունի գիւղական բնակավայրեր:

Անիկա կը ներառէ քաղաքին աւելի նոր թաղամասերը: Ֆէյսալ թաղամասին տարածքներուն մեծ մասը կառուցուած է 1973-ին Եոմ Քիպիրի պատերազմէն ետք, որ աւերած էր քաղաքին հսկայական տարածքները:

Նշանաւոր է բազմաթիւ արդիւնաբերական տարածքներու առկայութեամբ: Հարուստ է բուսականութեամբ, ինչպէս նաեւ գործարաններով, որոնք պարարտանիւթեր, սիմենթ, պողպատ, խոհարարական իւղ, ալիւր, շաքար եւ սերամիքէ սալիկներ կ'արտադրեն: Այս շրջանին մէջ կը գտնուի Attaka ելեկտրակայանը:

Այս շրջանին մէջ կայ նաեւ Այն Սոխնան, որ Եգիպտոսի ամէնէն կարեւոր ծովային հանգստավայրերէն մէկն է եւ ունի բարձրակարգ բազմաթիւ ծովային հանգստավայրեր: Տարուան ընթացքին, իր տաք եղանակին շնորհիւ, կ'ունենայ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ:

Նշանաւոր է նաեւ Այն Սոխնա ծովային նաւահանգիստը՝ Եգիպտոսի հիմնական ծովային նաւահանգիստներէն մէկը, որ կը շահագործուի Տուպայի մէջ գործող DP World ընկերութեան եւ Al-Ataka ձկնորսական նաւահանգիստին կողմէ, որ քաղաքին ձկան արտադրութեան հիմնական նաւահանգիստն է:

Տարի Բնակչութիւն
2010 516 959 մարդ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]