Jump to content

Տիգրանակերտ (Մայրաքաղաք)

Տիգրանակերտ, Ք.Ա. 80-ական թուականներուն մայրաքաղաք:

Տիգրան Մեծի օրով, երբ Հայաստան կը դառնայ աշխարհի մեծագոյն տէրութիւններէն, մայրաքաղաք Արտաշատը կը մնայ երկիրին հիւսիսը:

Հրաժարելով տէրութեան ծայրամասը գտնուող Արտաշատէն՝ արքայից արքան Ք.Ա. 80-ական թուականներուն նոր մայրաքաղաք մը կը կառուցէ Աղձնիքի մէջ՝ Արեւմտեան Տիգրիսի վտակ Քաղիրթ գետին հովիտին մէջ։ Տիգրան քաղաքը կը շրջափակէ 25 մեթր բարձրութեամբ հաստ պարիսպներով, որոնց մէջ տեղաւորուած էին ախոռներ եւ այլ շինութիւններ: Արուարձանին մէջ արքան կը կառուցէ իր պալատը, շուրջը` լիճեր, զբօսայգիներ, որսատեղեր ու հզօր ամրոց մը:

Տասը-տասնհինգ տարուան ընթացքին Տիգրանակերտին բնակչութեան թիւը կը հասնի շուրջ հարիւր հազարի, ըստ կարգ մը պատմաբաններու` երեք հարիւր հազարի:

Դարերու ընթացքին քաղաքը քանի մը անգամ թալանուած է, աւերուած ու վերակառուցուած: Արաբներուն կողմէ նուաճուելէ ետք վերանուանուած է Տիարպեքիր եւ հանդիսացած արաբական ռազմական կարեւոր կեդրոն մը: Մոնկոլական արշաւանքէն ետք Տիգրանակերտը կ'աւերուի եւ կը վերածուի գիւղաքաղաքի: Այսօր ալ Թուրքիոյ Ֆարկին գիւղին մօտ դեռ կ'երեւին հին աշխարհի հռչակաւոր քաղաքին` Տիգրանակերտի պարիսպներուն ու այլ շինութիւններու մնացորդները[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]