Jump to content

Քերուըտուք

Քերուըտուքը երբեմն հաճելի եւ երբեմն անհաճոյ զգացում-փափաքն է[1], որ կը մղէ մեզ քերելու մեր մարմնին մակերեսը, այսինքն՝ մեր մորթը: Ան բնական երեւոյթ չէ: Ընդհակարակը, ան անբնական երեւոյթ է եւ հակադարձութիւն (response) մըն է որոշ գրգիռի (stimulus) մը կամ հիւանդագին կացութեան մը:

Քերուըտուքը կրնայ ըլլալ ախտանշանը մորթային կամ մարմնական հիւանդութեան մը:

Սկզբնաղբիւրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնախօսականօրէն քերուըտուքը ունի երկու սկզբնաղբիւրներ՝

Ծայրամասային սկզբնաղբիւր (peripheral origin)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծայրամասային սկզբնաղբիւրը ունի երկու ենթաբաժանումներ՝

Մորթայինը կը ծագի եւ սկիզբ կ'առնէ մորթին մէջ։ Ան կը յառաջանայ մորթին վրայ գոյութիւն ունեցող զանազան գրգռիչ ազդակներէ: Այս ազդակները կրնան ըլլալ՝

  • Մեքենական,
  • Քիմիական,
  • Ջերմային,
  • Ելեկտրական,
  • Ճառագայթային,
  • Կենդանական,
  • Բուսական:

Վերոյիշեալ ազդակներու գոյութիւնը կը յառաջացնէ Histamine կոչուած ներազդակի (hormone) արտադրութիւնը մորթին մէջ։ Histamine-ը պատճառ կը դառնայ մորթի խաւերուն մէջ գտնուող քերուըտուքի զգացողութեան-զգալու (sensation, feeling) ջիղերու յետին մազմզուկներու գրգռութեան:

Ջղախտագին (neuropathic)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջղախտայինը կը ծագի մորթէն ուղեղ գացող ջիղերու գրգռութեամբ, որ տեղի կ'ունենայ ջիղի հարուած-վնասումով եւ հիւանդագին կացութեամբ:

Կեդրոնական սկզբնաղբիւր (central origin)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեդրոնական սկզբնաղբիւրը, իր կարգին, ունի երկու ենթաբաժանումներ՝

Ջղածինը ծնունդ կ'առնէ կեդրոնական ջղային համակարգի (central nervous system) մէջ։ Ան կը յառաջանայ ուղեղային որոշ հիւանդութիւններով, օրինակ՝ ուղեղի քաղցկեղ եւ M.S. հիւանդութեամբ:

Հոգեծին (psychogenic)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեծինը կը յառաջանայ որոշ հոգեբանական հիւանդութիւներու հետ:

Քերուըտուքի զգացումը կը նուազի ընդհանուր մարմնական ցաւի ստեղծումով եւ կամ տեղայնական ցաւ յառաջացնելով: Այս մէկը կ'իրականանայ հետեւեալ միջոցառումներով՝

  • Ինքնագրգռում (autosti-mulation), որ կը պատահի մենք զմեզ քերելով եւ շփելով: Զօրաւոր քերուըտուքի պարագային ենթական ստիպողաբար եւ ակամայ կը քերէ-կը շփէ իր մորթը: Այս մէկը կը յառաջացնէ ցաւ, որ կը ծածկէ քերուըտուքի զգացումը:
  • Ցաւի գրգիռներու գոյութիւնը, քերուըտուքի վայրը: Այս գրգիռները կրնան ըլլալ՝
  1. Ջերմային՝ շատ պաղ կամ տաք ջուր եւ կամ օդ.
  2. Քիմիական հեղուկներ.
  3. Ելեկտրական հոսանք եւ ջերմութիւն:

Վերոյիշեալ միջոցառումներով յառաջացած ցաւը կը խափանէ քերուըտուքի գգացումը:

Տեսնուած է, որ ընդհանուր ցաւազրկումով քերուըտուքը ամբողջովին կ'անյետանայ:

Դրդապատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քերուըտուքի դրդապատճառները շատ են: Անոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները՝

  • Միջավայրային գերզայնութիւն, որ կը յառաջանայ զանազան գրգիռներով՝
  1. Օդի ջերմաստիճանի փոփոխութիւն՝ տաքութիւն եւ պաղութիւն.
  2. Օդի խոնաւութեան նուազում եւ բարձրացում.
  3. Արեւու շող եւ ճառագայթ:
  • Կենդանական՝
  1. Շուներու եւ կատուներու մազեր, լորձունք եւ խայթուածքներ.
  2. Թռչուններու փետուրներ.
  3. Միջատներու խայթուածքներ, մասնաւորաբար՝ մժեղի, ճանճի եւ մեղուի.
  1. Սննդեղէններ՝ կանանչեղէն, պտուղ, հացահատիկներ.
  2. Ծառերու տերեւներ, խոտ, մացար:
  • Կենցաղային՝
  1. Աւազաններու եւ ծովափի ջուր.
  2. Օճառ, օծան, անուշահոտ.
  3. Հագուստ, գուլպայ, ձեռնոց, գլխարկ.
  4. Կօշիկ, հողաթափ.
  5. Շատ տաք կամ պաղ ջուրով լոգանք:

Վերոյիշեալ ազդակներու գոյութեամբ մորթը կը գրգռուի եւ տեղի կ'ունենայ զանազան աստիճանի քերուըտուք:

  • Մորթային բորբոքումներ եւ հիւանդութիւններ՝

Մորթային հիւանդութիւններուն մեծամասնութիւնը կը յայտնուի քերուըտուքով:

Հիւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետեւեալ մորթային հիւանդութիւնները յատկապէս կը յատկանշուին սուր քերուըտուքով՝

  • Ցպկային (bacterial) հիւանդութիւններ՝
  1. Կարմրագոյն կոկորդաբորբ (scarlet fever).
  2. Մորթի թարախային ցան (impetigo):
  • Սնկային (fungal) հիւանդութիւններ՝
  1. Մորթասնկութիւն (tinea).
  2. Ոտքասնկութիւն (athlet’s foot):
  • Ժահրային (viral) հիւանդութիւններ՝
  1. Ծաղկախտ (small pox).
  2. Կարմրախտ (measles).
  3. Գերմանական կարմրախտ (ger-man measles).
  4. Ջրծաղիկ (chicken pox).

(Այս չորս հիւանդութիւնները ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւններ են)

  1. Սողնախտ (herpes simplex), որ կը պատահի շրթունքի, բերնի, մորթի, աչքի եւ սեռական արտաքին օրկաններու վրայ.
  2. Սողնախտագօտի (herpes zos-ter), որ ունի մարմնական եւ ականջային տարբերակներ:
  • Մակաբուծային (parasitic) հիւանդութիւններ՝
  1. Ոջլոտութիւն (pediculosis,lice), որ կը պատահի մարմնի, գլխու եւ ցալքի (pubis) վրայ.
  2. Քոսութիւն (scabies), որ սուր փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է. անոր ախտապատճառը տիզ (tick) կոչուած մակաբոյծն է: Տիզը կը մխրճուի մորթին մէջ եւ ամբողջ մարմնին մակերեսին վրայ կը յառաջացնէ սաստիկ քերուըտուք եւ կարմիր ցան:
  • Մորթային այլ հիւանդութիւններ՝
  1. Քորախտ (Psoriasis).
  2. Մոլաքար-եղճատենդ (urticaria).
  3. Eczema:
  • Քրտնաբեր գեղձերու հիւանդութիւններ՝
  1. Մորթի չորութիւն՝ որ կը պատահի առաւելաբար տարեցներու մօտ եւ ձմեռ եղանակին.
  2. Գերքրտնութիւն (hyperhyd-rosis).
  3. Ենթաքրտնութիւն-սակաւաքրտնութիւն (hypohydrosis):
  • Մարմնական ընդհանուր հիւանդութիւններ՝
  1. Աւշագեղձերու ուռուցք (lymphoma),
  2. Hodgkin's disease, որ աւշագեղձային ուռուցքներու յատուկ մէկ տեսակն է.
  3. Արեան կարմիր գնթիկներու բազմացում (polycythemia).
  4. Երիկամի աշխատանքի կայք (uremia).
  5. Շաքարախտ.
  6. Խլիրդ.
  7. Դեղնութիւն եւ լեղապարկի հիւանդութիւններ.
  8. Մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV).
  9. Ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարութեան ախտանիշ (AIDS).
  10. Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն:
  • Դարմանական միջոցառումներ-դեղեր՝
  1. Դեղերու գործածութիւն, ինչպէս՝ Morphin, Chloroquin եւ դեղերու ներգործութիւն (interaction).
  2. Քաղցկեղի դեղա-քիմիական դարմանում (chemotherapy).
  3. Երիկամներու դեղաջրային դարմանում (kidney dialysis):
  • Հոգեբանական հիւանդութիւններ: Կարգ մը հոգեբանական հիւանդութիւններ կը յատկանշուին զանազան աստիճանի քերուըտուքով:
  • Յղութիւն.

բազմաթիւ յղի կիներ յղութեան վերջին ամիսներուն կ'ունենան զանազան աստիճանի քերուըտուք:

Քերուըտուքը ինքնին ախտաճանաչումի չի կարօտիր: Սակայն անոր ախտապատճառները յարկ է որ ախտաճանաչուին, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել քերուըտուքը: Այս նպատակին հասնելու համար մորթաբուժը (dermatologist) կը դիմէ զանազան տեսակի միջոցառումներու՝

  • Կը լսէ հիւանդին կողմէ հիւանդութեան պատմականը,
  • Կ'ուսումնասիրէ հիւանդին մորթի իրավիճակը,
  • Կը կատարէ արեան տարրալուծարանային քննութիւններ,
  • Պզտիկ կտորիկ մը կը վերցնէ (biopsy) մորթի հիւանդագին բաժինէն եւ կը կատարէ յատուկ ախտաբանական քննութիւն (pathologic exam):

Քերուտուքի դարմանումը կախեալ է անոր ախտապատճառին ախտաճանաչումէն: Դարմանումը կրնայ ըլլալ շատ դիւրին եւ յաճախ շատ դժուար ու երկարատեւ:

Մորթաբուժը կը դիմէ հետեւեալ դարմանական քայլերուն՝

  • Դարմանել հիմնական հիւանդութիւնը, եթէ ախտաճանաչումը կատարուած է,
  • Գործածել տեղայնական հակաքերուըտուքի դեղեր եւ միջոցներ՝
  1. Հակագերզգայնութեան դեղեր (antihistaminics).
  2. Cortisone եւ անոր տարբերակները.
  3. Տեղայնական զգայազրկիչներ (local anesthetics).
  4. Հակագրգիռ դեղեր.
  5. Հանգստացուցիչ օծաններ, (ointments) ջրցօղներ (sprays).
  6. Լուսաբուժութիւն (phototherapy).
  7. Մորթի խոնաւցուցիչներ (moisturizers):
  • Զօրակցական միջոցառումներ (supportive measures)՝
  1. Մորթի մաքրութիւն եւ խնամք՝ Գաղջ ջուրով լոգանք, Կարճ ժամանակամիջոցով լոգանք, Քիչ օճառի գործածութիւն:
  2. Հանգստաւէտ հագուստներու գործածութիւն.
  3. Զով եւ գրգիռներէ զերծ միջավայրի ընտրութիւն:

Հակառակ որ քերուըտուքի վայրը քերելով կ'ունենանք յաճելի զգացում եւ հանգստութիւն, սակայն՝

  • Քերուըտուքը աւելի կը զարգանայ քերելով եւ շփելով: Ուրեմն յանձնարարելի է չքերել կամ չշփել:
  • Շատ քերելով կը յառաջանայ մորթային բորբոքումներ եւ նոյնիսկ խոցեր, ուրեմն՝ որպէսզի յաւելեալ մորթի բորբոքումներ եւ խոցեր տեղի չունենան յանձնարարելի է շատ չքերել քերուըտուքի վայրը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Andersen HH, Elberling J, Arendt-Nielsen L (2015)։ «Human surrogate models of histaminergic and non-histaminergic itch»։ Acta Dermato-Venereologica 95 (7): 771–7։ PMID 26015312։ doi:10.2340/00015555-2146 (անգլերէն)