Ժան Պառէ
Ժան Պառէ ((ֆր.)Jeanne Baret, 27 Յուլիս 1740 Լա Քոմել, Սաոն է Լուառ, Պուռկոնյը, Ֆրանսա - 5 Օգոստոս 1807 Սէն Անթուան տը Պռոյլ, Տոռտոնյը, Նուվէլ Աքիթեն, Ֆրանսա). Ֆրանսացի հետախուզուհի, շրջանաւորդ եւ բուսաբան։
Ճանչցուած է որպէս առաջին կինը որ երկրագունդի շրջանաւարկութիւնը կատարած է։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժան Պառէ, առաջին կինն է որ աշխարհի շրջանաւարկութիւնը կը կատարէ 1766 – 1770 թուականներուն։
Ան, ծնած է 27 Յուլիս 1740, Ֆրանսայի Լա Քոմել La Comelle գիւղաքաղաքին մէջ։ Զաւակն է Ժան Պառէ եւ Ժան Փոշառ վարձկան հողագործներուն։ Անոր կեանքին առաջին տարիներուն մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ ունինք։
Գիւղի մէջ ապրած եւ մշակներու զաւակ ըլլալով, կը սորվի բոյսեր գտնել եւ զանազանել։ Հետագային, շնորհիւ այս կարողութեան եւ տարած աշխատանքին, կը ճանցուի որպէս բուսական բժշկութեան մասնագէտ։
Ծանօթութիւն Ֆիլիպեռ Քոմեռսոնին հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1760-ական թուականներուն սկզբնական շրջանին կ՛աշխատի Ֆիլիպեռ Քոմեռսոն Philibert Commerson ծանօթ բուսաբանին մօտ որպէս տնային գործերու օգնական, երբ անոր կինը ծննդաբերութենէ ետք կը մահանայ։
Անոնց միջեւ կապը կը սերտանայ եւ 1764 Ժան յղի կը մնայ։ Փարիզ կը փոխադրուին եւ քանի մը ամիս ետք Ժան, աշխարհ կը բերէ մանչ զաւակ մը, որուն Ժան-Փիեռ Պառէ անունը կու տան։ Զաւակը կը յանձնուի Հանրային Օգնութեան հիմնարկին, ապա կը վստահուի սնուցանող մօր մը խնամքին։ Սակայն տարի մը ետք, մանուկը կը մահանայ։
Շրջանաւարկութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1765 երբ Ֆրանսան կը կազմակերպէ աշխարհի առաջին շրջանաւարկութիւնը, Քոմեռսոն կը հրաւիրուի որպէս բուսաբան մասնակցիլ Լուի Անթուան տը Պուկենուիլ Louis-Antoine de Bougainville նաւապետին հետազօտական առաքելութեան: Ան, գնահատելով Ժան Պառէի գիտելիքները բուսաբանութեան շուրջ զայն որպէս օգնական հետը կ՛առնէ։ Ժան տղամարդ կը ծպտուի (որպէսզի կարողանայ այս հետազօտական առաքելութեան մաս կազմել․ ըստ թագաւորական հրամանագրի, կիները իրաւունք չունին մասնակցիլ այսպիսի առաքելութիւններու, միայն կրնան նաւ ելլել որպէս այցելու)։
Հետազօտական առաքելութիւնը կը հետեւի ծրագրուած ուղեգիծին կատարելով միաժամանակ ուսումնասիրութիւններ․ մեկնումի վայր՝ Ֆրանսա․ Պրեսթ, Պրազիլիա․ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ, Ուրուկուէյ կամ՝ Ուրուղուայ (սպանական հնչումով՝ «յ» գիրը կը հնչուի) ․ Մոնթեվիտէօ, Արժանթին․ Փաթակոնիա, Մակելանի Նեղուցը եւ շուրջի կղզիները, Խաղաղական Ովկիանոս․ Թայիթի կղզին, Նոր Իրլանտա կղզին (Փափուա Նոր Կուինէա), Հոլանտական Արեւելեան Հնդկաչինի կղզիները (այսօրուան Հնդկաչին), Ֆրանսայի կղզին (այժմ՝ Մաուրիշս), Ափրիկէի հարաւային ծայրամասը. Քէյփ Թաուն եւ վերադարձ Ֆրանսա։
Այս հետազօտական առաքելութեան ընթացքին, Պրազիլիոյ բուսականութիւնը ուսումնասիրելու ատեն Պառէ կը գտնէ մագլցող ծաղկաւոր բոյս մը, որ կ՛անուանէ «Պուկենուիլիա» Bougainvillea (ի պատիւ առաքելութեան պատասխանատու նաւապետին)։ Ժան Պառէի կին ըլլալը կը յայտնաբերուի Թայիթի, 1768 Ապրիլին։
Կեանքը Մաուրիշս կղզիին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժան Պառէ կին ըլլալու յայտնաբերման իբրեւ հետեւանք շշուկները չեն դադրիր եւ այդ պատճառով առաջին յարմար առիթին, Քոմեռսոն-Պառէ զոյգը նաւէն կ՛իջնէ, սակայն կը շարունակէ բոյսերու հետազօտութիւնները։
Հնդակական Ովկիանոսի Մաուրիշս* կղզին հասնելով, Քոմեռսոն կ՛անդրադառնայ թէ կառավարիչը իր բարեկամ բուսաբան՝ Փիեռ Փուվրն է։ Առիթը յարմար կը նկատէ եւ Ժանին հետ կղզիին Բոռ Լուի Port-Louis (անգլերէնով Բորթ Լուիս կը հնչուի) նաւահանգիստը կ՛իջնեն։
- Մաուրիշս․ կղզի Հնդկական Ովկիանոսին մէջ, Մատակասքար կղզիէն 868 քմ․ դէպի արեւելք եւ Ռէունիոն կղզիէն 172 քմ․ հիւսիս-արեւելք։
Բոյսերու ուսումնասիրութիւն կը կատարեն նաեւ Մատակասքար եւ Պուռպոն կղզիներուն վրայ (1770-1772)։ Սակայն, Քոմեռսոնի առողջութիւնը կը վատթարանայ եւ Մարտ 13, 1773 կը մահանայ։
Կեանքին վերջին տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քոմեռսոնի մահէն ետք, անոնց բարեկամ կառավարիչը՝ Փիեռ Փուվր, Փարիզ կը կանչուի։ Ժան միսմինակ կը գտնուի, առանց տնտեսական աղբիւրներու․ Ֆրանսա պէտք է վերադառնայ, որպէսզի կարողանայ ստանալ Քոմեռսոնի կտակած գումարը։ Փոռ Լուի Port Louis նաւահանգինստին մէջ կապելայ մը կը բանայ։ Հոն կը հանդիպի ֆրանսացի նաւաստի-սպայի մը՝ Ժան Տուպեռնա Jean Dubernat։ Կ՛ամուսնանան Մայիս 14, 1774 եւ Ֆրանսա կը վերադառնան 1775։
Ժան Պառէ Ֆրանսա հետը կը բերէ բոլոր քաղած-ուսումնասիրած բոյսերը եւ Թագաւորական Պարտէզին Բժշկական բոյսերու բաժնին կը յանձնէ․ 30 սնտուկ, որոնք կ՛ընդգրկեն 5․000 բոյսերու տեսակներ, որոնցմէ 3․000 կ՛արձանագրուին իբրեւ նոր տեսակ։ 1776 Ապրիլին, կը ստանայ Քոմեռսոնի իրեն կտակած գումարը։
Լուի ԺԶ․ արքան, ճանչնալով անոր բուսաբան-օգնականի արժանիքները, զայն կը շնորհաւորէ եւ թոշակ կ՛ընծայէ։
Կը մահանայ 1807 եւ մարմինը կ՛ամփոփուի Սէնթ Օլայէ եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ․ մինչեւ այսօր գերեզմանը կայ։
Պուկենվիլ իր «Ճամբորդութեան Պատմութիւն»ին récit de voyage մէջ զայն կը նշէ, նոյնպէս` Տիտռօ (Diderot. did(ə)ʁo) «Պուկենուիլի ճամբորդութեան յաւելամաս»ին մէջ։
Յետ մահու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ի պատիւ Ժան Պառէի՝
- 2012, Solanum բոյսի սեռը որ կ՛ընդգրկէ գետնախնձոր, լոլիկ եւ սմբուկի տեսակներ կ՛ անուանուի Solanum Baretiae․
- 26 Ապրիլ 2018, Պղուտոն մոլորակին վրայ գտնուած լեռնաշղթայի մը Պառէ անունը կը տրուի։
Ժան Պառէ վէպի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժան Պառէի պատմութիւնը, վէպի վերածած են՝
- Ֆանի Տէշամփ Fanny Deschamps «La Bougainvillée» (1982),
- Ժան Ժաք Անթիէ Jean-Jacques Antier «La prisonnière des mers du sud» (2009),
- Մոնիք Փառիսօ Monique Pariseau «Jeanne Barret : première femme ayant accompli, au xviiie siècle, le tour du monde déguisée en homme» (2010),
- Քրիստել Մուշառ Christel Mouchard, «Jeanne Baret - Aventurière des mers, exploratrice et botaniste» (2020)։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «auckland museum, Dunmore, John (2002), Monsieur Baret: First Woman Around the World, Heritage Press, «Պարոն Պառէ՝ առաջին կինը երկրին շուրջը 1766-68» (անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-27
- ↑ «Երկրագունդը առաջին կին շրջանաւորդին հետքերով», Danielle Clode(անգլերէն)
- ↑ «TROVE «Ճամբորդելով տարօրինակ ծովերը»(անգլերէն)»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2012-02-05-ին։ արտագրուած է՝ 2012-02-05
- ↑ [ https://bm.dijon.fr/documents/ANNALES%20BOURGOGNE/1995/1995-067-03-041-055-1355843.pdf Archived 2020-06-20 at the Wayback Machine. «Աշխարհանաւագնաց կին մը, Ժան Պառէ 1740-1807», Henriette Dussourd. Voir Carole Christinat(անգլերէն) ]
- ↑ ΕΡΤ Յունական պետական հեռասփռման կայան, Ժան Պառէ (յունարէն)
- ↑ Le Monde օրաթերթ - «Ժան Պառէ անունը գտնուած․ առաջին կին շրջանաւարկող եւ բուսաբան» Hervé Morin 06 janvier 2012 (ֆր.)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լա Քոմել(անգլերէն)
- Լուի Անթուան տը Պուկենուիլ(ֆր.)
- Բժշկական բոյսերու Թագաւորական Պարտէզ (ֆր.)
- Լուի ԺԶ․(ֆր.)
- Աշխարհին շրջապտոյտը(ֆր.)
- Տիտեռօ(ֆր.)
- Պուկենուիլի ճամբորդութեան յաւելամաս(ֆր.)
- Քէյփ Թաուն(անգլերէն)