Jump to content

Նիեփի օրը

Լռութեան տօնին յաջորդող տօնակատարութիւնները

Նիեփի օրը կամ լռութեան օրը, Պալիի մէջ, ըստ լուսնային օրացոյցին, Նոր տարին տօնելու օրն է[1]:

Մարդիկ ամբողջ օրը կ'անցընեն ամբողջական լռութեան մէջ: Պալիի բնակիչներուն համար, աւանդականօրէն, այս օրը իւրաքանչիւրին համար առիթ է կեդրոնանալու իր անձին վրայ եւ մտածելու անցեալին մասին: Ամբողջ օրը ոստիկաններ կը շրջին փողոցներուն մէջ` ստուգելու համար, թէ ամէն մարդ տո՞ւնն է եւ կը մտածէ՞ իր կեանքին մասին` առանց խանգարուելու լոյսերէն, ձայնասփիւռներէն, պատկերասփիւռէն կամ խօսակցութիւններէն:

Զբօսաշրջիկներուն լուր կը տրուի, որպէսզի անոնք, առ ի յարգանք, մնան իրենց պանդոկին մէջ, ուր անոնք արտօնութիւն ունին պատկերասփիւռ դիտելու, պայմանաւ, որ անոր ձայնը ցած ըլլայ:

Տօնակատարութեան թուականներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ք.Ե. թուական Պալիի թուական Նիեփի օրը
2022 1944 3 Մարտ
2023 1945 22 Մարտ
2024 1946 11 Մարտ
2025 1947 29 Մարտ
2026 1948 19 Մարտ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]