Պոլիս
Կոստանդնուպոլիս[1] (յունարէն՝ Κωνσταντινούπολις Քոնսթանտինուփոլիս, ἡ Πόλις Փոլիս լատիներէն՝ Քոնսթանտինոփոլիս, պուլկարերէն՝ Цариград Ձարիկրատ), քաղաք, որ ժամանակին հանդիսացած է Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաք (330 – 395), Բիւզանդիոյ մայրաքաղաք (395 – 1204 եւ 1261 – 1453), կարճ ժամանակի մը համար, Լատինական կայսրութեան մայրաքաղաք (1204 – 1261) եւ Օսմանեան կայսրութեան (1453 – 1922) մայրաքաղաք։
Հիմնադրութեան օրէն մինչեւ ԺԳ․ դարը Կոստանտնու պոլիսը Եւրոպայի ամէնէն մեծ եւ հարուստ քաղաքը եղած է[2] եւ Կոստանտնու պոլսոյ Պատրիարքարանը կարեւոր դեր խաղցած է քրիստոնէութեան տարածման: ԺԵ․ դարասկիզբին իր մարզերուն մեծ մասը վերջնական կորսնցնելէ ետք Բիւզանդական կայսրութիւնը կը սահմանափակուի Կոստանդտնուպոլսոյ եւ անոր շրջակայքը՝ Մորէաս (Պեղոպոնեզ՝ Յունաստան):
1453-ին, երկարատեւ պաշարումէն ետք, քաղաքը կը գրաւեն օսման թուրքերը։ Կռիւներէն ետք քաղաքը՝ մեծ մասամբ, կ՛ աւերուի։
Հայերը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայեր բնակութիւն հաստատած են Բիւզանդական կայսրութեան կազմաւորումին սկիզբէն։ Անոնք ընդհանրապէս զինուորականներ, վաճառականներ, ճարտարապետներ կամ ուսումնառութեան եկած երիտասարդներ էին։ Հայերու թիւը ստուարացած էր, երբ Թ․ - ԺԱ․ դարերուն Բիւզանդիոյ գահին կը տիրեն հայ մակետոնական հարստութիւնը։
1453-ին Կոստանտնու պոլիսը գրաւելէն ետք Մեհմետ Բ. սուլթանը, որպէսզի հակակշռէ յոյն բնակչութիւնը, մեծ թուով հայ եւ հրեայ շինարար վարպետներ կը վերաբնակեցնէ քաղաքը։ 1461-ին կը հաստատուի Կոստանտնու պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը Յովակիմ Պրուսացի եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ: Անոր կը շնորհուի նոյն իրաւասութիւնները, որ ունի Յունաց Տիեզերական պատրիարքը։
Հայերը, ինչպէս յոյները, քաղաքը կը կոչեն՝ պոլիս եւ յաճախ կը գրեն՝ Կ. պոլիս:
1930-ին քաղաքը կը կոչուի Իսթանպուլ (թրքերէն՝ Istanbul)․ անուն որ մինչեւ այսօր կը պահէ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոստանտնու պոլիսը 324 թուականին հիմնադրած է Մեծն Կոստանտինոս Ա. (272-337) Հռոմի կայսրը, արդէն գոյութիւն ունեցող Բիւզանդիոն անկախ քաղաք-պետութիւն տեղը, որ հիմնած էին Մեղարայ քաղաք-պետութենէ եկած յոյն գաղթականները, մտաւորապէս Ք.Ա. 657-ին:
Ք.Ա. 512, Դարէհ Ա․ Բիւզանդիոնը կը գրաւէ։ Պարսիկներու տիրապետութիւնը կ՛ աւարտի Ք.Ա. 478-ին, երբ սպարտացի զօրավար Փաւսանիաս քաղաքը կը գրաւէ: Ք.Ա. 150-ին Բիւզանդիոնը կ՛ իյնայ Հռոմէական կայսրութեան կազմին մէջ:
Կոստանտինոս Ա. կայսրը, 324-ին կը սկսի հիմնադրել Կոստատնու պոլիսը, որպէսզի միացնէ Հռոմէական կայսրութիւնը եւ տարածէ քրիստոնէութիւնը։ Քաղաքին հիմնադրումը ունի բացառիկ նշանակութիւն, որովհետեւ կը հանդիսանայ տեսակ մը բաժանարար գիծ հին եւ միջնադարեան ժամանակաշրջաններու միջեւ։ [3]
Քաղաքը, հիմնադրութեան առարին տարիներէն իսկ, կը սկսի արագօրէն ընդարձակուիլ եւ կէս դար ետք Թէոտոսիոս կայսրի օրով կը կառուցուի քաղաքին արեւմտեան կողմը պաշտպանող երկրորդ պարիսպը:
Յուստինիանոսի Ժամանակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատերազմներու մէջ յաջողութիւններ ձեռք բերած Յուստինիանոս Ա. (527-565) կայսրը յայտնի է իր բարեփոխումներով եւ կատարած աշխատանքներով: Հռոմի օրինակով ան կը կառուցէ ձիարշաւարան մը, որը ժամանակի ընթացքին կը ստանայ կարեւոր քաղաքական նշանակութիւն: Հոն ժողովուրդը կրնայ իր հաւանութիւնը արտայայտել կայսրին հանդէպ, բացայայտօրէն քննադատել իշխանութիւնները եւ նոյնիսկ պահանջել անցանկալի նախարարներու հրաժարականը: Յուստինիանոսի օրով քաղաքացիական կարգը քաղաքական հարցի կը վերածուի:
Յուստինիանոսի իշխանութեան տարիներուն Կոստանտնու պոլսոյ բնակչութեան թիւը 500 000 կը հասնի[4]: Սակայն, ընկերվարական կառոյցը կը խախտուի541-542 թուականներու միջեւ, երբ ժանտախտի համաճարակին պատճառով կ՛ ոչնչանայ քաղաքին բնակիչներու մօտաւորապէս 40%-ը:[5]
Փորձութիւններու Ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Է․ դարուն, աւարները եւ այնուհետեւ՝ պուլկարները կը գրաւեն Պալքաններու մեծ մասը, փորձեր ընելով գրոհել Կոստանտնու պոլիսը արեւմուտքէն: Նոյն ատեն պարթեւ Սասանեանները արեւելքէն կը թափանցեն Անատոլիա: 626-ին պաշարումը յաղթահարելէն ետք Հէրակլիոս (Իրաքլիոս) կայսրը Պարսկաստան կ՛ արշաւէ եւ կարճ ժամանակ ետք կը վերականգնուի նախկին կարգավիճակը: Սակայն, կը յաջորդեն նոր պաշարումներ՝ արաբներու արշաւանքներ․ առաջինը՝ 624-678 եւ երկրորդը 717-718 թուականներուն: Թէոտոսիոս կը կարողանայ պարսպապատ քաղաքը անառիկ պահել ցամաքին կողմէ, իսկ նոր ստեղծուած «յունական կրակ» անուանումով յայտնի վառուցիկ նիւթը թոյլ կու տույ, որ բիւզանդական տորմիղը չէզօքացնէ արաբներուն նաւերը եւ մայրաքաղաքը պահէ անառիկ: Երկրորդ պաշարման ընթացքին պուլկարներու Թերուել խանի վճռական օգնութեամբ քաղաքը կը փրկուի եւ ան կը ստանայ «Եւրոպայի փրկիչ» անունը:[6]
Մակետոնեաններու Եւ Կոմնենոսներու Ժամանակաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բիւզանդիոյ եւ անոր հետ միասին՝ Կոստանտնու պոլսոյ երկրորդ մեծագոյն բարգաւաճումը տեղի կ՛ ունենայ Մակետոնական (Հայկական) հարստութեան իշխանութեան ընթացքին: (856-1071) Բարսեղ Բ. կայսրը մեծ յաղթանակներ կը տանի արաբներուն եւ պուլկարներուն դէմ, որուն համար նոյնիսկ Պուլկարասպան անունը ստացած էր։ Այդ ժամանակաշրջանին կը զարգանան գիտութիւնը, նկարչութիւնը՝ որմնանկարչութիւն եւ սրբապատկերներ ու գրականութիւնը: Մտաւորապէս 425-ին Թէոտոսիոս Բ.-ի կողմէ կը հիմնադրուի Կոստանտնու պոլսոյ Բարձրագոյն Դպրոցը, որ իր տեսակին մէջ Եւրոպայի առաջին համալսարանը կը դառնայ:
Կը սկսի առաքելական գործունէութիւնը, առաւելապէս՝ սլավերուն շրջանը․ օրինակ Կիւրեղի եւ Մէթոտիոսի գործունէութիւնը: Հռոմի պապի եւ պոլսոյ պատրիարքի անհամաձայնութեան պատճառով, 1054-ին քրիստոնէական աշխարհը կը բաժնուի եւ Կոստանտնու պոլիսը կը դառնայ Ուղղափառութեան կեդրոն:
Կոստանտնու պոլիսը՝ Բիւզանդիոնի կեանքին բոլոր բնագաւառներէն ներս հիմնարար դեր կ՛ ունենայ: 1071-էն, երբ կը սկսին սելճուկ թուրքերու արշաւանքները, պոլիսը նորէն կ՛ ընկղմի խաւարի մէջ:
Կոմնենոսներու հարստութեան տիրապետութեան ժամանակները (1081-1185) Կոստանտնու պոլիսը կը վերապրի իր վերջին բարգաւաճման շրջանը, որ սակայն նոյնը չէ, ինչպէս էր Յուստինիանոսի եւ Մակետոնեաններու ժամանակ:
ԺԱ․ եւ ԺԲ․ դարերուն առեւտրական տիրապետութիւնը իրենց ձեռքը կ'առնեն ճէնովացիները եւ վենետիկցիները ու կը հաստատուին Ղալաթիոյ մէջ:
Անկում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]13 Ապրիլ 1204-ին Կոստանտնու պոլիսը կը գրաւեն Խաչակիրները՝ Խաչակիրներու Չորրորդ արշաւանք։ Անոնք մայրաքաղաքը կը հրդկիզոն եւ կ'աւերեն: Քաղաքը կը դառնայ Խաչակիրներու Լատինական կայսրութեան մայրաքաղաքը, որուն տնտեսական առաւելութիւնը կ'անցնի վենետիկցիներուն: 1261-ին ճենովացիներու օգնութեամբ բիւզանդացիները ետ կը գրաւեն քաղաքը եւ իշխանութիւնը կ'անցնի բիւզանդական Փալէոլողոներու հարստութեան ձեռքը:
Մինչեւ ԺԴ․ դարու կէսերը Կոստանտնու պոլիսը կը մնայ կարեւոր առեւտրական կեդրոն։ Այնուհետեւ աստիճանաբար կը սկսի տկարանալ: Քաղաքին տնտեսութիւնը կ՛ իյնայ վենետիկցիներուն եւ ճենովացիներուն ձեռքը:
Այդ ժամանակաշրջանին օսմանցի թուրքերը քանի մը փորձեր կ՛ ընեն Կոստանտնու պոլսոյ տիրանալ: Մեհմետ Նուաճողին կողմէ 1452-ին Ռումէլի ամրոցին կառուցումը կը նախատեսէր մայրաքաղաքին ճակատագիրը եւ 29 Մայիս 1453-ին երկարատեւ պաշարումէն ետք, Կոստանտնու պոլիսը կը յանձնուի: Ան կը դառանյ նոր ուժեղ պետութեան՝ Օսմանական կայսրութեան մայրաքաղաքը:
Օսմանական Կայսրութեան Ժամանակաշրջանը՝ 1453-1922
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քրիստոնէական Ուղղափառ Եկեղեցին այլեւս կը գտնուի օսմանցիներու վերահսկողութեան ներքեւ: Մեհմետ Բ.-ի երբ Կոստանդնու պոլիս կը մտնէ (ներկայիս յայտնի իբրեւ Թոփքափուի դարպաս), ան անմիջապէս իր ձին հեծած կ՛ ուղուի դէպի Ս. Սոֆիա, ուր իր զինուորներուն կը հրամայէ դադրեցնիլ մարմարները ջարդել եւ բաւարարուիլ աւարով եւ գերիներով. «ասիկա իրեն կը պատկանի:»[7] Ան կը հրամայէ, որ իմամ մը գայ հոն էզան երգէ եւ ուղղափառ տաճարը դարձնել իսլամներու մզկիթ՝[7][8] հաստատելով իսլամական կրօնի տիրապետութիւնը Կոստանտնու պոլսոյ մէջ:
Մեհմետի գլխաւոր գործը կ՛ ըլլայ մայրաքաղաքի պաշտպանական կառոյցներու վերակառուցումը եւ բնակչութեան վերափոխումը: Շինարարութիւնները կը սկսին քաղաքը գրաւելէն անմիջապէս ետք․ պարիսպներու նորոգում, միջնաբերդի եւ նոր պալատի կառուցում:[9] Մեհմետ կայսրութեան տարածքին հրաման կ՛ արձակէ, որով՝ իսլամները, քրիստոնեաները եւ հրեաները պիտի բնակեցնեն քաղաքը:[9] Ամբողջ օսմանական կայսրութեան տարածքին գերեվարածներ եւ տեղահանուածներ կ՛ ուղարկուին Կոստանտնու պոլիս: Այդ բնակիչները կոչուեցան "Sürgün" ([սիւրկիւն] յունարէն՝ σουργουνιδες).
Կարեւոր Իրադարձութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոստանտնու պոլիսը առաջին եւրոպական քաղաքը եղած է, որուն մէջ 321-էն սկսած Կոստանտինոս Ա. կայսրին հրահանգով՝ Կիրակի օրը կը հաստատուի իբրեւ հանգիստի օր:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 51։ ISBN 99941-56-03-9
- ↑ Pounds, Norman John Greville. An Historical Geography of Europe, 1500–1840, p. 124. CUP Archive, 1979. ISBN 0-521-22379-2.
- ↑ Նորման Տէյվիս, Եւրոպա.Պատմութիւն http://www.istorija.senamiescio-g.lt/Naudinga/Knygos/Norman.Davies.-.Europa.Istorija.2008.LT.pdf էջ 226 Կաղապար:Ref-lt Վերցուած է 2016 Յունիս 01-ին
- ↑ Early Medieval and Byzantine Civilization: Constantine to Crusades Archived 2015-08-26 at the Wayback Machine., Dr. Kenneth W. Harl.
- ↑ Past pandemics that ravaged Europe, BBC News, November 7, 2005.
- ↑ «Exposition, Dedicated to Khan Tervel»։ Programata։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-05-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-19
- ↑ 7,0 7,1 Mansel, Philip. Constantinople: City of the World's Desire. Penguin History Travel, ISBN 0-14-026246-6. Page 1.
- ↑ Lewis, Bernard. Istanbul and the Civilization if the Ottoman Empire. 1, University of Oklahoma Press, 1963. p. 6
- ↑ 9,0 9,1 Inalcik, Halil. “The Policy of Mehmed II toward the Greek Population of Istanbul and the Byzantine Buildings of the City.” Dumbarton Oaks Papers 23, (1969): 229–249. p. 236